96-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ` ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ
Երկուշաբթի Ապրիլ 25-ին, Պոսթընի Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակի նշումը, ներկայութեամբ աւելի քան երկու հարիւր հայորդիներու: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մեծն Պոսթընի շրջանի յատուկ յանձնախումբին կողմէ:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմի տողանցքով սկսաւ հանդիսութիւնը, որմէ ետք կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, քայլերգներու ունկնդրութիւն եւ Սուրբ Պատարագ մասնակցութեամբ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն` Հայր Անդրանիկ Պալճեան (Ուաթըրթաունի Մասաչուսէցի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի), Հայր Առաքել Ալճալեան ( Ուաթըրթաունի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի), Հայր Գարեգին Պետուրեան (Նորթ Էնտովըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի) եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ` Պատուելի Աւետիս Պէօյնէրեան (Ուաթըրթաուն) եւ Պատուելի Կրեկըրի Յառութիւնեան (Պելմոնթ):
Գաղութը անգամ մը եւս յարգանք ընծայեց նահատակներու անմեռ յիշատակին` ուխտելով անոնց տակաւին անթաղ մնացած աճիւններուն դիմաց, հաւատարիմ մնալ անոնց սուրբ կտակին:
Ներկայ էր նաեւ Միտըլսէքս շրջանի պատասխանատու կառավարիչ` Փիթըր Գութուճեան:
Օրուան հանդիսավար Ստեփան Քէշիշեան կատարեց հանդիսութեան պաշտօնական բացումը, ապա բեմ հրաւիրեց եՊենթլի, համալսարանի դասախօս եւ ’’Արմինիըն Րիվիու’’ի խմբագիր` փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանը, որ շեշտեց թէ անցնող 96-ամեակը կը յատկանշուի թէ’ անիրաւութեամբ, անարդարութեամբ եւ թէ’ պահանջատիրութեամբ եւ յաւելեալ պայքարով:
Ան շեշտեց թէ Ապրիլ 24-ը սուգի եւ լացի օր չէ, այլ յաղթանակի եւ զարթօնքի օր: Ան աւելցուց թէ, որքան ալ ժամանակը հեռացնէ հայորդին Ցեղասպանութեան թուականէն, ան չի կրնար հեռացնել անմեղ նահատակներու նուիրական կտակէն: եԱյլ խօսքով` արդարութի՛ւն պահանջել, որովհետեւ արդարութիւնը մարդկային իրաւունքներու ամէնէն հիմնական սկզբունքներէն մէկն է: Ազգերու փոխյարաբերութեան հիմնաքարն է…, կարեւորեց Գոչիկեան, որ մէջբերելով սլովաք հանրածանօթ գրագէտ Միլան Քունտերայի մէկ խօսք-գաղափարը, եզրակացուց թէ մարդ էակը շարունակ պայքար կը մղէ մոռացման դէմ:
Շրջանի Հ.Ե.Դ.-ի եԳարեգին Նժդեհ, մասնաճիւղի անունով, խօսք առաւ Սօսէ Պէօճէքեանը, որ ներկայացուց հետաքրքրական եՀովանաւորէ ապագան, ծրագիրը, որ կը միտի ամէն տարեշրջանի Ապրիլ 24-էն Մայիս 24,.նիւթապէս օժանդակել քսան ծննդաբերութիւններ, որոնց ամէն մէկը կ’արժէ 150 տոլար: Այս ծրագիրը, որ մեծ խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծեց, պիտի կատարուի, գործակցաբար Հայ Օգնութեան Միութեան ‘’’;Մօր եւ Մանկանց, ծրագրին եւ Ախուրեանի մէջ գոյութիւն ունեցող կեդրոնին հետ:
Օրուան բանախօսն էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ, դեսպան Կարէն Նազարեան, որ այս առթիւ ժամանած էր Նիւ Եորքէն: Ան անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով ներկայացուց իր խօսքը: Նազարեանի համար պարզումէկին յստակ էր թէ Թուրքիոյ կողմէն դրուած պայմանները անընդունելի են, այնքան ատեն որ, նուազագոյն պատշաճ ճանաչումը չէ կատարուած Թուրքիոյ կողմէ: ”Թուրքիան իր բարձրաստիճան պատասխանատուներու ճամբով յաճախ կը կրկնէ, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին որոշ բաներ պատահած են, եւ սա բնական է. հետեւաբար, ինչո՞ւ այս աղմուկը, հակառակ անոր որ ան լաւապէս գիտէ իրականութիւնը…” ըսաւ ան աւելցնելով թէ կարելի չէ ընդունիլ ուրացումի ու նենգափոխութեան պատմաքաղաքական վարքագիծ:
’’Կը մերժենք յանուն պատմական ճշմարտութեան, 1915-ին օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը պատմաբաններու կողմէ քննարկումի նիւթ դարձնելու որեւէ՛ փորձ, ոեւէ՛ մէկուն կողմէ: Այս մէկը պարզապէս արհամարհանք է ուղղուած հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան ու մեր նահատակներու նուիրական կտակին’’, նշեց Նազարեան եւ իր խօսքը եզրակացուց, յայտնելով թէ պէտք է հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին, պարտականութիւն մը որ կը նշանակէ գիտակից ու ամբողջանուէր յանձնառութեամբ շարունակել պահանջատիրական պայքարը:
Հանդիսութեան ընթացքին, նաեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին, դաշնակի վրայ նուագեց Սերենա Հաճճար:
