Հայ Մամուլը – Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ
( Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Մամուլը մշակոյթի մը գլխաւոր գործօններէն մէկն է: Ան ազգի մը կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ: Անշուշտ ան կոչուած է ըլլալու հաղորդակցութեան միջոց մը, ժողովուրդի մը զանազան մասնիկներուն միջեւ կապ պահելու՝ կարծիքներու, գաղափարներու եւ ընթացիկ հարցերու փուլերուն հետ:
Ինչ կը վերաբերի հայ մամուլին, հարկ է ըսել, որ ան մեր ազգային գործունէութեանց հիմնաքարերէն մէկն է: Անտարակոյս, հայ մամուլը՝ մեր ազգային գոյութեան եւ գործունէութիւններու գլխաւոր կառոյց հանդիսացող հայ ընտանիքին, եկեղեցիին, դպրոցին եւ կազմակեր-պութիւններուն կողքին, հզօր ազդակ մըն է հայ մշակոյթի վերելքին:
Տարակոյս չկայ, թէ մամուլը ոյժ է, յատկապէս ազատ երկիրներու մէջ, քանի որ ան կը վայելէ ժողովրդային զանգուածներուն ամուր յենարանը: Ամբողջատիրական երկիրներու մէջ՝ մամուլը բռնատէր ղեկավարներու անպարտելի գործակատարն է, իսկ ազատ մամուլը՝ այդ բռնակալները զիրենք հալածող գլխաւոր մղձաւանջը: Այդ պատճառով է որ ամբողջատիրական երկիրներ կը սարսափին ազատ մամուլէն եւ կը հաստատեն գրաքննութիւն՝ կաշկանդելով ազատ արտայայտութեան տարրական իրաւունքները:
Իր կոչումին եւ առաքելութեան գիտակից մամուլը օրհնութեան մշտահոս աղբիւր մըն է ազգի մը կեանքին մէջ: Ան կը յատկանշուի մշակութային արժէքներու եւ կառոյցներու զարգացման, նուիրական աւանդութեանց անկորուստ պահպանման, ժողովուրդի մը ազգային գիտակցութեան եւ իրաւունքներու հրամայականներով:
Այսպէս է նաեւ կոչումն ու առաքելութիւնը հայ մամուլին: Ան կը շնչէ ու կ’ապրի հայ ազգի ընդհանրական շահերուն եւ իրաւունք-ներուն, երջանկութեան կամ տառապանքի, համաժողովրդային յոյսերուն եւ անձկութեանց, անիրաւուած իրաւունքներուն եւ ազգային դատի հետապնդման հրամայականներով:
Այո՛, հայ մամուլը իր կոչումն ու առաքելութիւնը ունի, եւ երբ հաւատարիմ է անոնց՝ ան կը սատարէ հայ ազգի վերելքին, իսկ երբ անհաւատարիմ է՝ կը նսեմացնէ իր ազգին պատիւն ու արժանա-պատուութիւնը:
Հայ մամուլը կոչուած է ըլլալու ճշմարտութեան պատգամախօս: Երբ այս կոչումով եւ առաքելութեամբ կ’առաջնորդուի եւ իրերն ու անձերը, պատահարներն ու եղելութիւնները կը ներկայացնէ առարկայական ճշգրտութեամբ, այն ատեն կը սատարէ ազգին վերելքին: Իսկ եթէ չափազանցութիւններու եւ խեղաթիւրումներու ճահիճին մէջ իյնայ, եւ գաղափարի տարբերութիւններն ու պարզ տարակարծութիւնները վերածէ անվայել կռիւներու եւ մամուլի ասպարէզը դարձնէ անզուսպ պայքարի կրկէս, յայնժամ իր կոչումի բարձունքէն վար կ’իյնայ եւ կը նսեմացնէ հասարակութիւնն ու ազգը:
Հայ մամուլին կոչումն ու առաքելութիւնն է մեր ազգային շահերը գերադաս նկատել: Իսկ երբ մամուլը անհատական, հատուածական, կուսակցական եւ յարանուանական շահերը կը գերադասէ հայ ժողովուրդի ընդհանրական եւ հաւաքական շահերէն, այն ատեն կը նսեմացնէ ազգն ու հայրենիքը:
Հայ մամուլին ազդեցութիւնը հզօր է եւ անոր ներդրումը հսկայ՝ երբ ան իր առաքելութեան լրիւ գիտակցութեամբ կը գործէ եւ կ’առաջնորդուի լրագրական արժանաւորութենէ եւ ո՛չ տնտեսական ու շահադիտական նկատումներէ:
Հայ մամուլը կոչուած է բարին, գեղեցիկն ու ճշմարիտը ի յայտ բերելու եւ անոնցմով ներշնչելու իր ընթերցողները: Երբ ան գաղափարի ազատութեան անունով ջատագով կը դառնայ անբա-րոյական եւ վատառողջ գաղափարներու, կը դառնայ հանրութիւնը նսեմացնող եւ վատթարացնող միջոց:
Հայ մամուլը կոչուած է ըլլալու հանրութեան առաջնորդ, շինիչ գաղափարներու կազմաւորման հնոց եւ հանրութիւնը ուղղող յառաջատար ոյժ: Բայց ան իր նուիրականութիւնը կը կորսնցնէ երբ կը դառնայ հասարակութիւնը հաճեցնող միջոց, անհատական եւ հատուածական շահերէ ու շարժառիթներէ տարուբերուող խամաճիկ:
Հայ մամուլը կոչում ունի խթան դառնալու, նոր գաղափարներ, նոր գործելակերպեր, այժմէական, գիտական եւ ընկերային հարցեր վերլուծելու: Բայց երբ ան առատ թուղթ կը մրոտէ անպէտ, ճղճիմ, պատահական եւ ոչ շահեկան նիւթերով, անկասկած կ’ապականէ եւ կը նուաստացնէ իր կոչումն ու առաքելութիւնը:
Հայ մամուլը կոչուած է դաստիարակ ըլլալու: Դաստիարակը երբեմն կը դրուատէ եւ երբեմն կը քննադատէ: Քննադատութիւնը մեղք չէ, երբ քննադատին դիտաւորութիւնը սրբագրել եւ շտկել է: Տեսնել մարդոց գործերուն մէջ թերիներ, սխալներ, զանցառութիւններ ու մեղքեր, եւ աշխատիլ զանոնք սրբագրել՝ յառաջդիմութեան էական պայմաններէն մին է: Կարեւոր է նաեւ գիտնալ, թէ ի՛նչ է քննա-դատութեան շարժառիթը – շինե՞լ թէ քանդել:
Հայ մամուլի մէջ ալ մերթ ընդ մերթ կը հանդիպինք քննադատներու, որոնք տիւ եւ գիշեր կ’աշխատին մարդոց մէջ սխալներ եւ մեղքեր գտնել: Այսպիսիներ դրական եւ շինիչ ներդրում չունին: Այս տեսակ մարդիկ կը մոռնան թէ քննադատել եւ քանդել դիւրին բան է, բայց շինել, դարմանել, նորոգել՝ դժուար բան: Այս տեսակ քննադատներ կը նմանին անպատասխանատու, անգութ եւ անխիղճ վիրաբոյժի մը, որ կը տեսնէ թարախոտ վէրք մը, բայց ոչինչ կ’ընէ զայն դարմանելու…:
Ընտիր նկարագրի տէր, խղճամիտ եւ իմաստուն մամուլի երախտաւորները իրազեկ են մամուլի կոչումին եւ առաքելութեան, ու կ’աշխատին իրենց լաւագոյնը ընել՝ դրական իրագործումներով սատարելու հայ մամուլի վերելքին:

