Ուաշինկթըն Կը Քաջալերէ Արցախահայութեան Վերադարձը Եւ Մօտէն Կը Հետեւի Գերիներու Դատավարութիւններուն
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ շնորհիւ վերջին ամիսներու ընթացքին Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի շարունակական ջանքերուն՝ ամերիկեան վարչակազմը աննախընթաց քայլով մը տեղեկացուց, որ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով, աշխուժօրէն կը քաջալերէ թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Պաքուի կառավարութիւնները՝ արցախահայութեան վերադարձը ապահովելու նպատակով քայլերու դիմեն։
Նշեալ արշաւին նախաձեռնած էին Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փըլոն, Կաս Պիլիրաքիս, Պրէտ Շըրմըն եւ Տէյվիտ Վալատաօ։
Այս գծով 25 Սեպտեմբերին հրապարակուած նամակի մը մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան օրէնսդրական հարցերու բաժանմունքէն Փօլ Կոլիանօ տեղեկացուց, թէ Ուաշինկթըն նաեւ մօտէն կը հետեւի Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող հայ գերիներու դատավարութիւններուն՝ բացայայտելով, որ երբ կարելի ըլլայ, Պաքուի մօտ ամերիկեան դեսպանատան պաշտօնատարներ ներկայ կ՛ըլլան այդ դատավարութիւններուն։
Նամակին մէջ նաեւ կոչ կայ Ատրպէյճանին՝ պաշտպանելու Արցախի հայկական մշակութային վայրերը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Թրամփ-Վենս վարչակազմին ստանձնած այս յանձնառութիւնները՝ աւելցնելով, որ անիկա արդիւնք էր Քոնկրէսի Հայկական համախմբումին նախաձեռնած այն դիմումին, որուն տակ ստորագրած էին 87 քոնկրէսականներ։

