ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՐԴԸ (ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Ծ․Խ․- Քառասուն օրեր առաջ, իր մահկանացուն կնքեց «Հայրենիք»-ի եւ ընդհանրապէս հայ մամուլի երկարամեայ աշխատակից Յարութ Չէքիճեանը, որ նաեւ վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մըն էր: Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք ի յիշատակ վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականին մասին, այս յօդուածը
Յարութ Չէքիճեան բազմաթիւ յօդուածներ գրած էր, որոնց կարգին յատկապէս մանրամասն ուսումնասիրութիւններ Սեւրի դաշնագիրի մասին: Ան նաեւ, հեղինակած էր «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 տարիներուն»: Անգամ մը եւս, «Հայրենիք» խոր ցաւակցութիւն կը յայտնէ Յարութ Չէքիճեանի հարազատներուն եւ համայն ազգականներուն:
Հաւատաւոր մըն ալ կորսնցուցինք։ «Ողն ու ծուծ»-ով Հ․Մ․Ը․Մ․-ական մը։ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եւ անոր ազգային-գաղափարական արժէքներուն բուռն պաշտպան մը, որուն միութենական գործունէութիւնը երկարեցաւ 67 տարիներու վրայ։
Յարութ Չէքիճեան հաւատաւորը, վաստակաւոր Հ․Մ․Ը․Մ․-ականը, միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամը եւ «Արժանեաց» շքանշանակիրը ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մէջ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ը ապրեցուց բոլորին մէջ։ Խօսեցաւ, գրեց եւ միշտ երախտապարտ մնաց այն միութեան, որ մեծ դեր ու տեղ ունեցաւ իր կազմաւորման եւ ինքնութեան կերտումին մէջ։
Երկար տարիներու սկաուտը, սկաուտական եւ վարչական բոլոր պատասխանատուութիւնները աստիճան առ աստիճան բարձրացած միութենականը, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի ՊԷյրութի վարչութեան անդամակցութենէն մինչեւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն ու ապա՝ Կեդրոնական վարչութիւն եղաւ ու մնաց լուռ եւ խոնարհ աշխատանքի մարդ։
Յարութ Չէքիճեան ո՛ւր որ գտնուեցաւ գործեց իրեն յատուկ ոճով, չափազանց սկզբունքային եւ խըս-տապահանջ մօտեցումով։ Թերութիւններ չհանդուրժեց բնաւ։ Անկատար լուծումներ չընդունեց երբեք։ Եղաւ յամառ ու բծախնդիր աշխատանքի մարդ։ Հեռու մնաց բեմերէ եւ լուսարձակներէ։ Մերժեց հաճոյակատարութիւնը։ Ատեց ցուցամոլութիւնը եւ համեստութիւնն ու աշխատասիրութիւնը դարձուց կեանքի նշանաբան։
Վերջին քառորդ դարուն շրջադարձ մը արձանագրուեցաւ Յարութ Չէքիճեանի կեանքին մէջ, երբ ան վարպետ արհեստաւորի գործիքները փոխարինեց բեղուն հրապարակագիրի գրիչով ու համակարգիչով։ Սկսաւ գրել։ Գրեց առատօրէն։ Գրեց համոզումով եւ հաւատքով։ Գրեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ը, հայրենիքն ու հայութիւնը յուզող նիւթերու մասին։ Պեղեց պատմութեան էջերը։ Ուսումնասիրեց անծանօթ էջեր եւ ընթերցողին հրամցուց դաստիարակչական երկար յօդ-ւածաշարքեր, որոնցմէ միայն մէկուն՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» գիրքի վերածման գոհունակութիւնը ապրեցաւ։
Յարութ Չէքիճեան Հայկազեանի ուսանողական տարիներու գրական փորձերէն ետք, իր առաջին գրութիւնները լոյս ընծայեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»-ին, իսկ ապա՝ «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ։ Վերջին տարիներուն ան ստեղծեց նաեւ իրեն յատուկ ցանցային հարթակը (haroutchekijian.wordpress.com), ուր մէկտեղեց գրութիւններուն մեծ մասը։ Պատկառելի ժառանգ մը գրասէրներուն համար։
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 100-ամեակին, Յարութ Չէքիճեան իբրեւ զեկուցաբեր Երեւանի մէջ հանդէս եկաւ միութեան պատմութեան նուիրուած գիտաժողովին եւ ներկայացուց «Հ․Մ․Ը․Մ․-ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. 1918-1927» նիւթը։ Հետագային ան վերամշակեց նիւթը եւ իբրեւ յօդուածաշարք լոյս ընծայեց «Մարզիկ»-ի մէջ։ Ծրագրուած էր յօդուածաշարքը առանձին հատորի մը վերածել, երբ վրայ հասաւ անակնկալ մահը։ Յօդուածաշարքը թարգմանուեցաւ նաեւ սպաներէնի եւ արդէն պատրաստ է հրատարակութեան։
Իսկ ո՞վ էր սակայն հաւատաւոր այս միութենականը։
Յարութ Չէքիճեան Հ․Մ․Ը․Մ․-ին անդամակցած է 1958-ին, իբրեւ Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտ եւ շարունակած է սկաուտական շարքերու մէջ գործել մինչեւ 1971։ Եղած է Աքելլա, ապա՝ խմբապետ։ 1964-ին, ան մասնակցած է արաբական 6-րդ ճէմպորիին, Ապուքիր, Եգիպտոս՝ հանդիսանալով Լիբանանի պատուիրակութեան լաւագոյն սկաուտը:
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մէջ Յարութ Չէքիճեան երկար տարիներ ստանձնած է վարչական պատասխանատուութիւններ։ 1973-1977, Յորդանան կեցութեան շրջանին, ան եղած է Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Ամմանի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ երիտասարդականի պատասխանատու։ 1982-1984 մաս կազմած է Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, իբրեւ ատենադպիր եւ սկաուտականի ներկայացուցիչ: 1988-1993 երկու շրջան եղած է Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ:
1985-1988 եւ 1993-1995, երեք անգամ ան մաս կազմած է Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան՝ իբրեւ ատենադպիր եւ սկաուտականի ներկայացուցիչ:
1999-ին, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եօթներորդ Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովին, ան ընտրուած է Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, վարելով ատենադըպրութեան եւ սկաուտական ներկայացուցչութեան պատասխանատուութիւնները։ Միաժամանակ մաս կազմած է Համահայկական Խաղերու համաշխարհային կոմիտէին մօտ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եռանդամ պատուիրակութեան՝ իր մեծ ներդրումը բերելով խաղերու կանոնագրութեան մշակման եւ այդ առիթով Հ․Մ․Ը․Մ․-ի տեսակէտներու ներկայացման ու որդեգրման։
Երկարամեայ իր վաստակին առ ի գնահատանք, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 100-ամեակին առիթով, 10 մարտ 2019-ին Յարութ Չէքիճեան պարգեւատրուած է միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։
Հ․Մ․Ը․Մ․-ական եւ հրապարակագրական մեծ վաստակով բեռնաւորուած՝ Յարութ Չէքիճեան իր հարազատներէն եւ սիրելի միութենէն անդարձ մեկնեցաւ քառասուն օրեր առաջ՝ անբասիր միութենականի օրինակը ձգած իր ետին։
Խոնարհում յիշատակին, յարգանք վաստակին։

