ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ԶԱՊԷԼ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, համբաւաւոր սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան ելոյթ պիտի ունենայ «Քարնըկի Հոլ»-ի մէջ «Պապենական երգեր, աղօթքներ եւ օրորներ» խորագրուած համերգով։ Այս համերգը մաս կը կազմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի տօնակատարութիւններուն։
Ծրագիրը պիտի ներկայացնէ միջնադարեան շարականներ, մարեմական երգեր եւ հայ ժողովրդական գործեր։ Կոմիտաս Վարդապետի եւ իր աշակերտներուն՝ Բարսեղ Կանաչեանի եւ Միհրան Թումաճանի գործեր ալ մաս կը կազմեն յայտագրին։ Պայրագտարեանին պիտի ընկերանան Էլի Քուաթ (տաւիղ), Ճիլ Ֆելպըր (սրինգ) եւ Մհեր Մնացականեան (տուտուկ)։
Իզապէլ Պայրագտարեան միջազգային լայն ճանաչման արժանացած է թէ՛ օփերայի եւ թէ՛ ընդհանրապէս երգի բնագաւառներուն մէջ, դերեր ստանձնելով Մոցարթի, Ռեսփիկիի, Տըպիւսիի եւ Փուլենքի զանազան գործերուն մէջ։ Կատարած է բազմաթիւ ձայնագրութիւններ, որոնց կարգին՝ “The Lord of the Rings: The Two Towers” («Մատանիներու տիրակալը. Երկու աշտարակները») ժապաւէնին համար, որ Օսքարի արժանացած է։ Մեծարուած է նաեւ բազմաթիւ մրցանակներով եւ պարգեւատրումներով, որոնց շարքին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ (2004)։
Երգչուհին ներկայիս Սանթա Պարպըրա (Գալիֆորնիա) համալսարանի երգի դասախօս եւ օփերայի թատրոնի տնօրէնուհի է։

