ԳլխաւորԼրահոս

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ԾՈՒԽԻՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

 


Կիրակի, 21 Սեպտեմբերին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) հայ համայնքը վերամուտի յատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպեց։ Արդարեւ, աշակերտները, ընտանիքները եւ ուսուցչական կազմերը քով-քովի եկան աղօթքի, համադամ ճաշերու եւ ընկերակցութեան օր մը վայելելու համար։

Խաչվերացի տօնի Անդաստանի աւանդական թափօրը եզրափակուեցաւ յատուկ աղօթքով եւ օրհնութեամբ Սուրբ Ստեփանոս ամէնօրեայ, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն համար, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք՝ Հայաստանի անկախութեան 34-ամեակին առիթով։

Դպրոցական խնամակալ մարմինն ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը այնուհետեւ կազմակերպեցին ճաշկերոյթ մը եւ զանազան ձեռնարկներ Արցախ փողոցի եւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, որոնք տօնական մթնոլորտ ստեղծեցին։

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button