Գլխաւոր

ՄԵՐ ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ ԿԱՆԳՆԵՆՔ

Իւ­րա­քան­չիւր տար­ուան Ապ­րի­լը ինք­նա­բե­րա­բար դար­ձած է մեր ար­դար պա­հանջ­նե­րուն վե­րա­հաս­տատ­ման, նա­եւ այդ նպա­տա­կով մեր տա­րած աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քի գնա­հատ­ման հանգր­ուան. կը կշռենք ներ­կան ու անց­եա­լը, կը նա­յինք ապա­գա­յին:

Մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կի­զա­կէ­տը, բնա­կա­նա­բար, Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ու մեր պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի մեծ մա­սին բռնագ­րա­ւումն են. մեր առա­ջադ­րանք­նե­րուն ալ գլխա­ւոր խո­րա­գիր­նե­րը, նոյն բնա­կա­նու­թեամբ, կը կազ­մեն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, ար­դար փոխ հա­տու­ցում` իր հո­ղա­յին, նիւ­թա­կան ու առն­չա­կից բո­լոր երես­նե­րով ու ոլորտ­նե­րով:

Այս առա­ջադ­րանք­նե­րուն կող­քին, յի­շա­տա­կում կը կա­տա­րենք նա­եւ մեր ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան արարք­նե­րուն, ֆե­տա­յա­կան ու կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րու սխրանք­նե­րուն, շարք մը քա­ղաք­նե­րու մէջ եւ բար­ձունք­նե­րու վրայ մղուած ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան հե­րո­սա­պա­տում­նե­րուն, որոնց­մէ մաս մը պսակ­ուած է յաղ­թա­նա­կով (Վան, Մու­սա Լեռ…), ու­րիշ­ներ` հայ մարտն­չող­նե­րուն գրե­թէ ամ­բող­ջա­կան զո­հա­բե­րու­թեամբ, նա­հա­տա­կու­թեամբ (Շա­պին Գա­րա­հի­սար…):

Այդ բո­լո­րը պսա­կադ­րող գե­րա­գոյն հե­րո­սա­մար­տը` Սար­դա­րա­պա­տը, հա­յու­թեան ու Հա­յաս­տա­նի վե­րապ­րու­մը երաշ­խա­ւո­րո­ղը, մեր հա­մազ­գա­յին տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց մէջ ու­նի իր ար­դար տե­ղը` Հա­յաս­տա­նի անդ­րա­նիկ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խօր­եա­կին, Սար­դա­րա­պա­տի ու զու­գա­հեռ ճա­կա­տա­մարտ­նե­րուն յի­շա­տա­կու­մով: Հա­յաս­տա­նի մէջ, անոր նուի­րած ենք փա­ռա­ւոր յու­շա­հա­մա­լիր-կո­թող, այ­ցե­լու­ներ կ՛ապ­րինք սխրան­քին ու յաղ­թա­նա­կին հպար­տան­քը: Մու­սա Լե­րան հե­րո­սա­մար­տի կեր­տիչ­ներն ու ժա­ռան­գորդ­նե­րը, նոյ­նինքն Մու­սա Լե­րան վրայ ու Այն­ճա­րի մէջ, կանգ­նած են յի­շա­տա­կի կո­թող, հայ­րե­նակ­ցա­կան այլ միու­թիւն­ներ եւս կանգ­նած են յու­շա­կո­թող­ներ կամ յու­շա­պա­տեր` տու­եալ հե­րո­սա­մար­տի նա­հա­տակ­նե­րուն ու հե­րոս­նե­րուն յա­ւեր­ժաց­ման հա­մար:

Մե­զի ծա­նօթ չէ որե­ւէ յու­շար­ձան, որ խորհր­դան­շէ մեր բո­լոր հե­րո­սա­մար­տե­րը, թէ­եւ յա­ճախ կ՛ըսենք, որ Սար­դա­րա­պա­տի յու­շար­ձա­նը կա­րե­լի է նկա­տել մարմ­նա­ւո­րու­մը նման կամ­քի մը: Հե­տե­ւա­բար, ազ­գո­վին պէտք է մտա­ծենք, ծրագ­րենք ու իրա­կա­նաց­նենք մեր բո­լոր հե­րո­սա­մար­տե­րը խորհր­դան­շող յու­շար­ձան մը, կամ ին­չո՞ւ չէ` յու­շար­ձան­ներ, Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ Ար­տերկ­րի օճախ­նե­րուն:

Կը հա­ւա­տանք որ անհ­րա­ժեշտ չէ բա­ցատ­րել թէ ին­չու:

Նոյն­քան ու աւե­լի կա­րե­ւոր է ու­նե­նալ հա­յու­թեան ար­դա­րա­հա­տոյց­նե­րուն նուիր­ուած յու­շար­ձան­ներ` Հա­յաս­տա­նի մէջ ու այ­լուր: Յու­շար­ձան, որ մե­զի ու աշ­խար­հին յի­շեց­նէ, որ ցե­ղաս­պան վար­չա­մե­քե­նա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ո՛չ միայն ար­դար դա­տա­վա­րու­թեան են­թարկ­ուած են ու մա­հավ­ճիռ ստա­ցած` 1919ին, այլ նա­եւ լու­սանց­քի վրայ թող­ուած այդ վճի­ռը գոր­ծադր­ուած է հայ ար­դա­րա­հա­տոյց­նե­րու ձեռ­քով, Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան որո­շու­մով ու անոր Գոր­ծին ուխտ­եալ­նե­րու ձեռ­քե­րով, մեր ու ար­դա­րա­տենչ մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րե­լով Սո­ղո­մոն Թեհ­լիր­եա­նի, Ստե­փան Ծա­ղիկ­եա­նի, Մի­սաք Թոռ­լաք­եա­նի, Ար­շա­ւիր Շի­րակ­եա­նի պէս անուն­ներ:

Թա­լէ­աթ­նե­րու, Էն­վէր­նե­րու, Սա­յիտ Հա­լիմ­նե­րու եւ Ճե­մալ­նե­րու պէս ոճ­րա­գործ­նե­րու ահա­բեկ­ման որո­շու­մը, ճիշդ է, ար­ձակ­ուե­ցաւ Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ ու գոր­ծադր­ուե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան ար­դա­րա­հա­տոյց­նե­րու ձե­ռամբ, սա­կայն այդ որո­շու­մը

տրուե­ցաւ ու գոր­ծադր­ուե­ցաւ յա­նուն հա­յու­թեան, իբ­րեւ առա­ջին պատ­ժա­մի­ջոց` ար­դար հա­տուց­ման առա­ջին քայլ` ողջ հա­յու­թեան ու մեր հայ­րե­նի­քին դէմ գոր­ծադր­ուած ոճիր­նե­րուն դի­մաց: Ատի­կա առա­ջին մաս­նավ­ճարն էր: Պար­տա­մուր­հա­կին մէջ դեռ շատ բան կայ ան­հա­տոյց: Ֆրեզ­նո­յի մէջ, Սո­ղո­մոն Թեհ­լիր­եա­նի շի­րի­մին վրայ բարձ­րա­ցած յու­շար­ձա­նը պէտք է նկա­տել միայն նա­խա­քայլ մը այս իմաս­տով, սա­կայն անի­կա պէտք չէ թո­ղուլ իբ­րեւ մի­ակ ար­տա­յայ­տու­թիւն:

Պատ­կե­րաց­նենք. ի՛նչ դեր, քա­ղա­քա­կան-քա­րոզ­չա­կան ինչ­պի­սի՛ ազ­դե­ցու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րի մուտ­քին կամ մեր­ձա­կա­յու­թեան մէջ մեր ար­դա­րա­հա­տոյց­նե­րուն նուիր­ուած յու­շա­կո­թող մը: Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ այ­ցե­լող հայ թէ օտար ուխ­տա­ւոր­ներ, որոնք կ՛եր­թան խո­նար­հե­լու մեր բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին, ինչ­պի­սի՛ լու­սա­բա­նու­թիւն պի­տի գտնեն նման յու­շա­կո­թո­ղի մը ճամ­բով: Բնա­կա­նա­բար նման քայլ պէտք չէ մնայ լոկ քա­րե­ղէն կամ նիւ­թա­կան կա­ռոյց, այլ անոր պէտք է ըն­կե­րա­նայ հա­մա­պա­տաս­խան բա­ցատ­րա­կան, պատ­մու­թեան լու­սանց­քայ­նաց­ուած էջե­րէն քաղ­ուած ազ­դու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով: Նոյ­նի­մաստ կո­թող­ներ կամ յու­շա­տախ­տակ­ներ կա­րե­լի է ու­նե­նալ նա­եւ աշ­խա­րա­հաս­փիւռ մեր բո­լոր յու­շար­ձան­նե­րուն կող­քին, որ­պէս­զի նախ եւ առաջ մե՛նք յի­շենք ու նոր սե­րունդ­նե­րուն սոր­վեց­նենք, որ մեր ան­սա­կար­կե­լի իրա­ւունք­նե­րուն կեն­սա­գործ­ման առա­ջին պա­տաս­խա­նա­տուն մենք ենք, թէ` իրենց օրե­րուն, երի­տա­սարդ ուխտ­եալ­ներ մեր առա­ջին ար­դա­րա­հա­տոյց­ներն էին, նա­հա­տակ­նե­րուն առըն­թեր` անո՛նք ալ ան­ժա­ման­ցե­լի պատ­գամ­ներ ու­նին բո­լո­րիս, նո՛յն­քան կա­րե­ւոր ու նո՛յն­քան հնչեղ, հա­մա­հունչ` այն զան­գե­րուն, որոնք կը ղօ­ղան­ջեն Սար­դա­րա­պա­տէն ու կ՛ըսեն. »Սե­րունդ­ներ, դուք ձեզ ճա­նա­չէք Սար­դա­րա­պա­տից«…

Նման յու­շար­ձան­ներ պի­տի չըլ­լան լոկ Դաշ­նակ­ցու­թեան որո­շու­մին ու գոր­ծին պան­ծա­ցու­մը, անոնց թե­լադ­րա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը, այլ նա­եւ պի­տի պատ­կա­նին ողջ հա­յու­թեան, Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ ար­տերկ­րի գա­ղութ­նե­րուն, ար­դա­րա­տեն­չութկ­եան լու­սանց­քայ­նաց­ուած մէկ ար­տա­յայ­տու­թեան յու­շա­րա­րը: Ի վեր­ջոյ, կայ ան­մո­ռա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն մը. Դաշ­նակ­ցու­թեան մարմ­նա­ւո­րումն ու անոր Գոր­ծը եղած են ու կը մնան վասն հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քին:

…Թուր­քե­րը յու­շա­կո­թող կանգ­նած են փաստ­ուած ոճ­րա­գոր­ծին` դահ­ճա­պետ Թա­լէ­ա­թի յի­շա­տա­կին: Մեր ար­դա­րա­հա­տոյց­նե­րը աւե­լի՛ իրա­ւունք ու­նին, եւ ար­դա՛­րօ­րէն, սպա­սե­լու բո­լո­րէս` պե­տա­կան, հո­գե­ւոր, կու­սակ­ցա­կան թէ ազ­գա­յին բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն ու իւ­րա­քան­չիւր հա­յէ, որ մի­աց­եալ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ մը իրա­կա­նաց­նենք զի­րենք ամէ­նօր­եայ ներ­կա­յու­թիւն դարձ­նող յու­շար­ձա­նի մը գա­ղա­փա­րը: Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դին ու Սար­դա­րա­պա­տին կող­քին, նա­եւ սփիւռք­եան օճախ­նե­րուն մէջ, ու­նե­նանք նա­եւ մեր Ար­դա­րա­հա­տոյց­նե­րուն նուիր­ուած Յու­շար­ձան:

Նման նպա­տակ կ՛իրա­կա­նաց­ուի այս սիւ­նա­կին մէջ չմնա­լով: Չմոռ­նանք, որ այս տա­րի կը նշենք Թա­լէ­ա­թի ու միւս ոճ­րա­գործ­նե­րուն ահա­բեկ­ման 90րդ տա­րե­դար­ձը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 10, 2011

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button