ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ՝ ԱՄԵՆԱՂԵԿԱՎԱՐԻ ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆԻՆ

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ
29 Օգոստոս 2025
Մարդիկ կան որոնք իրենց ներքին հրայրքով, գաղափարական անշեղելի հաւատքով, մտաւորական եւ հոգեւոր անապական խառնուածքով, հայրենիքի հանդէպ անսպառ խանդով եւ ժողովուրդին անսակարկ ծառայութեան նուիրումով, կը դառնան ղեկավար ու կը մնան հասնող սերունդներուն համար անշիջելի եւ անժամանցելի տիպարը՝ առաջնորդին, ներշնչելով զանոնք քալելու, միեւնոյն ճանապարհէն եւ ուղղուելու միեւնոյն հաւատքով ու գաղափարաբանութեամբ, հրդեհելով զանոնք
հայրենիքի անմար կրակով ու սիրով ։
Ահա այդպիսի դէմքի մը մասին է որ Կարօ Յովհաննէսեան, անցնող քանի մը տարիներուն ինքզինք նուիրած է երկար եւ մանրամասն, բծախնդիր ու խմղճամիտ մտաւորականի պարկեշտութեամբ, պրպտել, կարդալ, հաւաքել, մէկտեղել, ուսումնասիրելու համար Սարգիս Զէյթլեանի կեանքն ու գործը ։ Հաւաքած է անոր գրած բոլոր գրութիւներն ու նամակները, յօդուածները, խմբագրականները, բանախօսութիւնները, Կեդրոնական. Կոմիտէի տեղակագրեր- ընդարձակ մատենագիտական տեղեկութիւններու ցանկ մը, ուր արտայայտուած են անոր մտքերն ու գաղափարները եւ քար առ քար քանդակած անոր յուշարձանը։
Կարօ Յովհաննէսեան, առանց յոգնելու անձանձրոյթ ու համբերութեամբ աշխատած ու լոյսին բերած է, այլապէս թերթերու էջերուն մէջ ցրուած եւ անկասկած մոռացութեան ճակատագրուած Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարական խոհերն ու միտքերը, որոնք կը հասնին ստուար էջերու, եւ որոնք կրնային արխիւներու թանձր ՚փոշիներուն տակ, ժամանակ մը ետք կորսուիլ, անհետանալով հաւատաւոր եւ նուիրեալ դաշնակցականին կերպարը եւս։ Այս ստուար հատորով, 800 էջ, Կարօ Յովհաննէսեան, նախ իր պարտքն է որ կը հատուցէ իր հոգեւոր մեծ եղբօր, ուսուցիչին, տնօրէնին, խմբագիրին եւ կուսակցական հաւատաւոր ընկերոջ եւ կը կանգնեցնէ անոր յուշարձանը անմահութեան պատուանդանին զետեղելով զայն։ Եւ ապա, Սարգիս Զէյթլեանի կեանքին եւ գաղափարական ընբռնումներուն, հաւատամքին եւ սկզբունքներուն ընդմէջէն ընթերցողին կը ներկայացնէ հայ կեանքի վերջին, աւելի քան յիսնամեակի մը պատմութիւնը, իր ներքին՝ կրօնական, քաղաքական եւ ազգային տագնապներով, հասարակական յոյզերով, պառակտուածութեամբ, անսպառ ու ատելավառ գրականութեամբ, հերձուածութեան անհաւատալի տարողութեամբ։ Պատմութիւն, որ լեցուն է մարտահրաւէրներով, կորուստներով եւ ցաւերով։
Կարօ Յովհաննէսեան, Սարգիս Զէյթլեանի ընդմէջէն, կը ներկայացնէ Սփիւռքահութեան երկպառակութեան տխուր դէպքերն ու անոնց անհեթեթ պատճառները, վերլուծութիւններ, որոնք կուգան հաստատելու ղեկավարներու քաղաքական տհասութիւնն ու անգիտութիւնը, քաղաքական մտածողութեան պակասը, դէպքերն ու պատմութիւնը չիմանալու, չըմբռնելու, չհասկնալու, եւ չկարենալ մեկնաբանելու ցաւալի իրողութիւնը։ Այս բոլոր կը պատմէ Սարգիս Զէյթլեանի բառերով, ամենայն մանրամասնութեամբ, դէպքերու, եւ տեղեկատուական աղբիւրներու վաւերականութիւնը յիշատակելով, թուականներու եւ աղբիւրներու նշումներով, պատմութեան յանձնելով ոչ պարսաւանքի, մեղադրանքներու, յերյիւրածոյ, սուտ ու շինծու առասպելներու վրայ հիմնուած զրոյցներ ու վիպակներ, այլ հիմնաւրուած դէպքերու վերլուծութիւններով եւ մէջբերումներով։
Թեմաներ որոնց կ՚անդրանադառնայ Կարօ Յովհաննէսեան, ունեցան հայ ժողովուրդի եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու համար աղետալի հետեւանքներ, ջլատելով ամբողջ ներուժը սփիւռքին եւ տասնամեակներով օտարուելով իրարմէ։ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ եւ յատկապէս դաշնակցութեան դէմ եւ անոր հանդէպ Հայաստանի պետական այրերուն ցուցաբերած դիրքորոշումը, նպատակադրուած՝ հակադրութիւնը վերջին յիսանամեակին, հայ մարդը հայրենիքէն օտարելու էնթերնասիոնալիզմի գաղափարաբանութեամբ ժողովուրդը հերձելու փլանաւորուած քաղաքականութիւնը, թելադրուած նոյնինքն խորհրդային կարգերու ղեկավարութեան կողմէ։ Այս բոլորը կը միտէին, ուղղակի կամ անուղակի, հայութիւնը ազգային բովանդակութիւնէ պարպելու քաղաքականութեան հեռակայ նպատակներուն։ Պայքարը՝ հայու հոգիէն արմատախիլ ընել , «հայ դատ» եւ հայկական հողերու գաղափարը. Անճիտել՝ զանգուածներու մտքէն, հոգիէն, գրականութիւնէն, ազգայինն ու ազգայնականը։
Հայկական հողերու ռազմական քաղաքականութիւնը, ցարական եւ ապա խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, եղաւ՝ շարունակող աղէտը՝ հայ ժողովուրդը ցրուելու խորհրդային սփիւռքի մէջ առաւելաբար եւ նաեւ արտերկրի մէջ, Հայաստանը պարպելու քաղաքականութեան։ Աւեր մըն է որ գործեց Հայ կեանքէն ներս էնթերնասիոնալիզմի վարդապետութիւնը, որ մինչեւ օրս կը ջլատէ մեր ուժերը ։
Մենք չունեցանք ընդարձակ համապարփակ եւ մանրամասն վերլուծութիւնը հայ կեանքի, յատկապէս, սփիւռքի վերջին յիսնամեակին, ազգային, հասարակական, կուսակացական եւ մշակութային պատմութիւնը, որ պիտի վերլուծէր անկուսակցական եւ չթելադրուած այս կամ այն հատուածին կողմէ, առարկայականօրէն տխուր դէպքերուն տուն տուող պատճառներուն մասին։ Բայց Կարօ Յովհաննէսեան, խղճամիտ եւ պարկեշտ, ինչպէս նաեւ արդարակորով եւ ուղղամիտ, յաջողած է Սարգիս Զէյթլեանի գաղափ՚արաբանութեան ընդմէջէն, տալ պատկերն ու բնութագրումը եղելութիւններուն։ Որովհետեւ ամբողջ Պայքարը կը միտէր դաշնակցութիւնը նսեմացնելու եւ չեզոքացնելու, որովհետեւ ան՝ դաշնակցութիւնը, կը հետապնդէր հայկական հողերուն վերատիրանալու նպատակները, բանաձեւուած՝ «հայ դատ» եզրոյթով։ Կը դաստիարակէր, ազգայնականութիւնն ու հայ մշակոյթի պատմութիւնը, հասնող սերունդներու մէջ, կը պահէր Արարատն ու Քրիստոսը հայ մարդուն մէջ, անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ջատագովն էր։ Ահա թէ ինչի՞ դէմ էր խորհրդայնացած Հայաստանը եւ ինչի՞ կը միտէր Հայաստան -Սփիւռք տասնամեկաներու պայքարը, որովհետեւ Էթերնանասիոնալիզմը՝ «Բոլշեւիզմը քաջ գիտէր որ անկախութիւնը հիմնաքարն է Հայ դատին, խարիսխը հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային եւ կենարար աւիշը միացեալ Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան»[1]։ Բոլշեւիզմը կը գիտակցէր Դաշնակցութեան վարքագիծին եւ քաղաքական ուժին, կազմակերպչական դերակատարութեանը հայ կեանքէն ներս, եւ կը ձգտէր ազդել քաղաքական իրադարձութիւններու վրայ։
Ինչպէս Անթիլիաս-Էջմիածին դիտաւորեալ երկփեղկումը, ուրիշ նպատակ չէր հետապնդէր եթէ ոչ, արդէն իսկ բռնադատուած Էջմիածինով, կրօնքէն ու եկեղեցիէն, հաւատքէն ու քրիստոնէութիւնէն պարպուած հայ ժողովուրդի միտքն ու հոգին, շարունակել պարպել, հասնելով Անթիլիասի դերակատարութեան չեզոքացման, սփիւռքի գաղութներուն մէջ։ Երբ Սփիւռքի մէջ Անթիլիասի եւ հայ եկեղեցւոյ ընդմէջէն կը շարուանկուէր հայ մարդը հայ պահել՝ Քրիստոսի Հաւատքով, Սիրոյ եւ ու Յոյսի դաւանանքով, արմատաւորելով հայը իր քրիստոնէական հաւատքին ու հաւատամքին մէջ։ Պահել հայը, իր մշակոյթին, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն մէջ, սփիւռքի կառոյցներուն գերագոյն նպատակն էր։ Հայերէն լեզուի եւ կրօնքի ճամբով, ազատ անկախ Հայաստանի երազով եւ կորուսեալ հայրենիքին վերատիրանլու սերունդներու դաստիարակութեան ճիգերը, իրենց արդիւնքը կուտային հասնող սերունդներուն մէջ։ Ահա՛ թէ ինչի համար էր պայքարը։
«Բոլշեւիզմի համար, Հայաստանեաց եկեղեցին միջոց էր տարածելու էնթերնասիոնալիզմը, օգտագործելով անոր հմայքը արտախորհրդային երկիրներու մէջ ապրող հայութեան վրայ, եւ ատոր համար կ՚ուզէ որ Հայաստանեայց եկեղեցին ունենայ մէկ կաթողիկոսութիւն, եկեղեցին դարձնելու համար կեդրոնացեալ կազմակերպութիւն մը որուն կեդրոնը Մոսկուան է եւ հոնկէ ղեկավարէ համայնավար սկզբումնքներով։ Ահաւասիկ հակակրօն եւ ապազգային Բոլշեւիզմի հետապնդած նպատակները։»[2]
Կարօ Յովհաննէսեան, Սարգիս Զէյթլեանի վերլուծութիւններով կը մատնանշէ թէ ինչպէս Հայաստան, Էնթերնասիոնալիզմի կշռոյթուվ կ՚ուղղուէր դէպի օտարում։ փաստը,՞ Հայոց ոսկեղնիկի աղաւաղումն ու ռուսաբանութեամբ
հայ գրակութեան ապականումն էր։ Փաստը՞ Աբեղեանական.-Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ հայութիւնը իրար անհաղորդ դարձնելն էր։ Փաստը՞, աւելի քան երեք միլիոն հայութիւն տարածուած էր խորհրդային սփիւռքի մէջ, երբ Հայաստանի մէջ բնակչութեան թիւը հազիւ երկու միլիոնի կը հասնէր։ Փաստը՞, Հայաստանի իննուսուն տոկոսին եկեղեցիներուն քանդումն ու պարպումն էր, շատերն անոնցմէ արդէն քանդուեր եւ տեղը շուկաներ կամ սինեմայի սրահներ շինուէր էին, աղօթքն ու Քրիստոսը արգիլուած էին, ինչի՞ պայքար կը մղուէր, Էջմիածնական – Անթիլիասական հակամարտութեամբ, երբ երկուքն ալ յստակօրէն կը ճանչնային զիրար որ հոգեւոր ոչ մէկ տարբերութիւն գոյութիւն ունէին երկուքին միջեւ, իսկ վարչական գործունէութիւնը երկուքին առանձնայատկութիւններն էին, երկուքին համատեղ համաձայնութեամբ։ Երբ երկուքն ալ դարերէ ի վեր, 1440 թուականէն, գոյութիւն ունէին, եւ հայ ժողովուրդը գիտակից էր որ հայ եկեղեցւոյ երկփեղկումը չէ՛ր պատճառը այդ երկուութեան, այլ քաղաքական շրջափակումները արգելք էին հայ եկեղեցիին հասնելու իր հաւատացեալներուն հոգեւոր կարիքներուն հայրինքի հեռաւոր ու անհասանելի վայրերուն մէջ։ Էնթերնասիոնալիզմը, միջազգային համայնավարութիւնը, բաժնելով հայը՝ հայաստանահայու եւ սփիւռքահայու, Անկախ Հայաստանի գաղափարաբանութիւնը փոխարինելով Էնթերնասիոնալիզմով, եկեղեցին գլխատելով պիտի սերմանէր համայնավարութեան սերմերը, կտրելու համար հայը իր կրօնքէն, լեզուէն, մշակոյթէն, կտրելու համար իր հայրենիքէն ու հողէն. որովհետեւ սփիւռքը, իր կեանքը եւ իր գոյութիւնը կ՚իմաստաւորէր՝ հայրենիքով, հայրենիքին համար եւ այս բոլորը շնորհիւ Հայ եկեղեցւոյ եւ Ա. Հանրապետութիւնը կերտած հերոսներու եւ մտաւորականներու Շանթի, Աղբալեանի, Վրացեանի հիմնադրած Ճեմարանով եւ անոր բջիջներով՝ ազգային վարժարաններու մէջ ։
Չէր գրուած հայ կեանքի վերջին յիսնամեակի պատմութիւնը, հնչակ-դաշնակ հակամարտութիւններու արմատական պատճառներու վերլուծական մեկնաբանութիւնը ։ Կարօ Յովհաննէսեանին կը պարտինք, այս երախտաշատ գործը որ, Սարգիս Զէյթլեան ամենաղեկավարին, քաղաքական հայ կեանքի գաղափարական վերլուծութիւններու ընդմէջէն, լոյսին բերած է ներազգային կեանքը փոթորկող հարցերն ու անոնց տուն տուող պատճառները, համատեղելով Սարգիս Զէյթլեանի ճառերը, յօդուածները, մէկ առ մէկ կարդալով, պրպտելով օրուան իրադարձութիւններն ու անոնց մասին լոյս տեսած յօդուածները, տեղեկութիւնները, մանրամասները՝ ժողովներու տեղեկագրերը եւ անոնց ընդմէջէն կը պարզէ օրուան շունչն ու մտայնութիւնը։ Անցեալի կենդանի փորձառութիւնները, անձնական փաստաթուղթերը, ինչպիսիք են նամակներ, օրագրեր, բանախօսութիւններ, արձանագրութիւններ, որոնք մանրամասնօրէն կը նկարագրեն առօրեայ կեանքը, եւ մօտեցումները, կ՚օգտագործէ՝ ստեղծելու պատմողական հիմնւորուած խորը հասկացողութիւն այն մասին, թէ ինչպէ՞ս անհատներն ու խումբերը կը մեկնաբանեն իրենց անմիջական աշխարհը եւ ինչպէ՞ս են իրենց կեանքը ձեւաւորած, իրենց ընկերային եւ պատմական համակառոյցին մէջ ։
Այս բոլորը լոյս կը սփռեն օրուան հայ կեանքը հերձող ատելավառ քարոզչութիւններուն, իրարմէ կտրուելու անհեթեթ պատճառներուն վրայ։ Ամբողջ տասնամեակներ, յումպետս վատնուած ու ջլատուած ճիգերը, որոնք պարպած են հայ մարդը հոգեւոր եւ մտաւոր ներուժէ, փոխանակ զանոնք պատրաստելու եւ պատրաստուելու մշակութապէս եւ քաղաքական իմաստութեամբ։
Տխուր ու ցաւալի էջերը բանալով ի հարկէ կրկին կ՚արիւնի վէրքը ։ Սակայն պէտք է որ արիւնի, որպէսի դուրս պարպուի թարախը, որպէսզի վէրքը առողջանայ։ Մինչեւ չ՚արիւնի ու չպարպուի պալարը, վէրքը կարելի չէ առողջացնել։ Ահա՛ թէ ինչի կը ծառայեն այս բոլորը։
Սարգիս Զէյթլեան, ամենաղեկավարի կերպարի ներկայացման ընդմէջէն, Կարօ Յովհաննէսեան կը յաջողի օրուան դէպքերու վերլուծութիւններով հրապարակել, անոր յախուռն, յստակ ու քաջ յայտարարութիւնները՝ Քրիստոնական հաւատքի պահպանման անհրաժեշտութեան եւ միջազգային կոմունիզմի գործած աւերին մասին։ Անոր անվերապահ եւ աներեր կեցուածքը միշտ եղած է անշեղ եւ հատու, մնալով հաւատարիմ հայ եկեղեցւոյ հաւատամքին եւ դաշնակցական ազգային գաղափարաբանութեան։ Իսկ եւ մանաւանդ ազգային խորհրդանիշերուն՝ Արարատին եւ հայ Եկեղեցւոյ կառչելու եւ իր ուժը պատմութիւնէն առնելու ազգային պատկանելիութեան նուիրականութիւնը, եղած է, անարարկելի անփոխարինելի գոյութեան խորհուրդը մեծարեալին եւ հայ մարդուն համար, որ այսպէս կը բանաձեւէ՝ «Արարա՛տն է, թէ մեկնակետը եւ թէ՛ վախճանակետը բոլոր ուղեւորներուն»[3]
«ժողովուրդներու պատմութիւնը անոնց մեծ ու հերոսական զաւակներուն պատմութիւնն է։ Բոլոր այն ժողովուրդները որոնք իրենց մեռելները ուրացան, պարպուեցան իրենց կենսունակութենէն ու կորսնցուցին ապրելու իրենց դատը։ Բոլոր այն ժողովուրդները եւ անհատները որոնք իրենց հերոսները ուրացան, անընդունակ եղան հերոսական ու վսեմ պայքարներու եւ նուաճումներու։ Բոլոր այն ժողովուրդները որոնք անտեսեցին իրենց ստեղծագործ հանճարները, հրաշքները խուսափեցան անոնց հասողութենէն»։[4] Այսպէս կը մտածէր ու կը հաւատար Սարգիս Զէյթլեան երբ տակաւին աշակերտ էր ճեմարանի մէջ։
Սարգիս Զէյթլեան կը պայքարի կրթութեան գաղափարական հենքին վրայ։ Բոլոր ղեկավարելու կոչուած առաջնորդները, պարտքին տակն են արդարին ու ճշմարիտին, պարկեշտին ու ազգայինին վրայ հենուելու։ Եւ իրեն տրուած բնորոշումը Կարօ Յովհաննէսեանի կողէ «ամենաղեկավար», արդարօրէն եւ իրաւացիօրէն Սարգիս Զէյթլեան կը յայտնաբերէ իւրաքանչիւր պաշտօն որ կ՚ստանձնէ։ Դպրոցի տնօրէնութիւնէն, “Յուսաբեր”-ի, “Ազդակ” թերթի, եւ “Դրօշակ” շաբթօրեակի խմբագրութիւնէն, մինչեւ գիւղ մը ամբողջ կրթական, արդիւնաբերական, կազմակերպչական ծրագրաւորումով, կը յաջողի վերածել՝ գիւղացիին տունին եւ հոն բնակելի միջավայրի մը, հոն յարատեւելու, չլքելու հնարւորութիւններ ստեղծելու ճիգերուն, գոհացնելով գիւղին կրթական, արդիւնաբերական եւ մշակութային, կրօնական կարիքները։ Եւ տակաւին երիտասարդական շարժում եւ միաւորներ ստեղծելու, վաղուան մարդուժը պատրաստելու՝ ուսուցիչներ, տնօրէններ, խմբագիրներ, հրապարակագիրներ, ընկերային եւ քաղաքական հարցերու մեկնաբաններ, կ՚՚ըլլան Սարգիս Զէյթելեանի նուիրաբերումը անոնց իրագործման համար, եւ կը լծուի այդ աշխատանքին «անխորտակելի հաւատքով, անընկճելի եռանդով, անզիջող ու անտեղիտալի կեցուածքով»։
Սարգիս Զէյթլեան-ի սրտին մէջ հայրենիքէն, քրիտստոնէական դաւանանքի ամուր հէնքէն, ազգայինէն, հայութիւնէն եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականէն դուրս ոչինչ կը տրոփէ ։ Իր վարած բոլոր պաշտօններուն մէջ, թերթի խմբագրութիւն, դպրոցի տնօրէնութիւն, թէ կուսակացական ղեկավարի, գործիչի պաշտօնները, բոլորին մէջ մէկ յայտարար գոյութիւն ունի՝ որ սուրբ երրորդութիւն էին իրեն համար, անքակտելի եւ անբաժանելի՝ Հաւատքը, Սէրը եւ Յոյսը՝ Քրիստսի, Հայրենիքին ու ամբողջական Հայաստանին։ Ահա խտացուած ամենաղեկավարին կեանքի նպատակը եւ գոյութեան խորհուրդը ։ Այդ Երրորդութիւնէն մեկնած կը պայմանաւորէ ինքզինք եւ իր գործը, բոլոր նպատակները ուղղելով անոնց բարելաւման, եւ հասնելիութեան։
«Առանց յարութեան խորհուրդին ունայնութիւն է ամէն ինչ, ունայնութիւն՝ դուրսը , այլեւ մանաւանդ ներսը։ Յարութիւնը, Յոյսն է Կեաքին , Յաւերժութեան, որ ոտքի կը պահէ մարդկային Հոգին, հոգեկան հաւասարակշռութիւնը։ Որովհետեւ եթէ չկայ յարութիւն , չկայ նաեւ Հաւատք , չկայ նաեւ Սէր. ուստի, ունայն եւ անիմաստ է կեանքը ինք։ Յարութեան խորհուրդն է որ կը լեցնէ ունայնութեան մահասփիւռ անջրպետը»։[5]
Մարդ, որ ապրեցաւ անշեղօրն իր գաղափարական սկզբունքներուն վրայ, հաւատաց անոնց իր արեան ամէն մէկ բջիջովը եւ պայքարեցաւ անդուլ, անոնց համար։ 800 էջանի գրքին մէջ, Սարգիս Զէյթլեանի աշխատանքային հենքը կը կազմէ այդ երրորդութիւնը։
Սփիւռքը պառակտող Անթիլիաս -Էջմիածին, Հնչակ-Դաշնակ-Ռակ պայքարին մէջ եւ Հայաաստան-Սփիւռք հակադրութիւններուն թէ հայաստանասէր կամ դաւաճան, Էջմիածնասէր թէ անթիլիասական, Սարգիս Զէյթլեանի գրութիւններուն թէ արտայայտութիւններուն մէջ, չհանդիպեցայ գէթ մէկ արտայայտութեան, ուր հայրենական եւ ազգային գաղափարականէն դուրս նպատակ հետապնդէր, բոլորին մէջ գաղափարականն ու ազգայինն է իր տեսլականը։ Չկայ, արտայատութիւն, պարագայ կամ դրսեւորում ուր կը տեսնենք մարդկային տկարութիւնը թելադրող երեւոյթ մը, ըսելու համար՝ ահա՛ Սարգիս Զէյթլեանի աքիլլեսի կռունկը։ Իր մէջ տիրականը, իտեալներն ու գաղա՚փարականն են։ Ան երբեք չէ թելադրած այսպէս կամ այնպէս ըլլալ, այլ եղած է տիպարը՝ այսպէսին եւ այնպէսին եւ իր օրինակով կը մնայ մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ ամենաղեկավարը որ ցարդ կը մնայ անփոխարինելի իր կերպարով, տիպարով եւ կենցաղով։ Ահա կարմիր թելը, Կարօ Յովհաննէսեանին հիւսած ներբողին մէջ, որ կ՚անցի հայ կեանքի բոլոր երելէջներէն, տաք ու պաղ դէպքերու ընդմէջէն, կերպարելով խիզախ ու վսեմ հայը ։
՝Սարգիս Զէյթլեան ամենաղեկավարի կերպարի կազմաւորման մէջ իրենց անարարկելի բարերար դերակատարութիւնը ունեցան ուսուցիչներու անկրկնելի հոյլը որ պատգամեցին ու դարբնեցին այս պատանի տղուն հոգիին վրայ Արարատն ու Հայ ժողովուրդի փառքը, ո՛չ միայն ներկայ եւ «իրական» Հայաստանին, այլ Ա. Հանրապետութեան ազատ անկախ Հայասատնի տեսիլքով հրազինուած, ետեւ թողած Թուրքին աւար դարձած Հայաստանին, որ կ՚երկարէր՝ մինչեւ, Մուշ, Սասուն, Վան ու Կիկլիկիայ եւ Արցախ։ Այդ մարդիկը հայ ժողովուրդի փառքը հանդիսացող Հայոց Պատմութեան եւ հայ գրականութեան հսկաներն էին՝ Յ. Օշականն ու Լ. Շանթը, Կոստան Զարեանն ու Սիմոն Վրացեանը, Գառնիկ Գիւզէլեանն ու Մ. Իշխանը, Գ. Բանեանը, որ ժառանգաւորաց Վարժարանէն՝ Ն.Փ. Ճեմարան, հիւսեցին հայ ժողովուրդի փառքը, եւ կրանեցին հասնող սերունդներուն մէջ ՀԱՅ-ը եւ ձախողութեան մատնեցին, էնթենանսիոնալիզի ազգ ու ազգութիւն հողմացրիւ ընող ապազգային գաղափարաբանութիւնը։
Սարգիս Զէյթլեան-ի համար կարեւոր էր քաղաքական մտածողութիւնը, որ կը նշանակէ «ազգայնացում, սեփական դիմագիծի կերտում» քաղաքական մտածողութիւնը պէտք է տեւաբար բիւրեղացուի զարգացուի եւ մշակուի համաձայն կեանքի պահանջներուն հրամայականներուն ազգին գերագոյն շահերը նպատակները եւ իտեալները գործի եւ իրականութեան վերածելու համար»[6]։ Քաղաքականացումը ոչ միայն սփիւռքի քաղաքական կուսակցութիւններուն համար , այլ մասնաւորաբար Հայաաստանի եւ այնտեղ տիրող վարչաձեւին, որ չունէր եւ չունի քաղաքական մտածողութիւն, տեղ չունէր տակաւին միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, հայ քաղաքական այրերը չունէին քաղաքական աշխարհահայացք եւ միջազգային քաղաքական աշխարհը պատրաստ չէր մեզ ընդունելու։ Քաղաքականցումը ոչ թէ «անհատաբար պիտի զարգացնել, այլ հաւաքաբար պէտքէ քաղաքականալ», Սփիւռքով եւ Հայաստանով։ Ափսոս որ այսօր առաւել եւս, կը վկայենք քաղաքական տհասութեան հետեւանքները Հայաաստանէն՝ Սփիւռք, մեր ներկայ քաղաքական հայեցակարգի ողորմելիութեան ։
Եւ տակաւին «հայ դատ»ի յարուցած հալածախտը թուրքին մէջ որ իր գործած ոճիրին յուշարարն է, որմէ կը սարսափի եւ ամէն կերպ կը քանդէ հայ դատի քաղաքական եւ իրաւական հիմքերը։ Որովհետեւ ուրանալով եղեռնը եւ քանդելով պատմամշակութային հետքերը արեւմտահայաստանի, կը յաւակնի ժխտել պատմական Հայաստանի գոյութիւնը իբրեւ հայուն հայրենիքը։ Ահա ճիշդ ասոր համար Սարգիս Զէյթլեան «Պէտքէ զօրաշարժի ենթարկել եւ համախմբել հայութեան բոլոր առողջ տարրերը, մէկդի դնելով անհատական, խմբակցական, հատուածական բոլոր նախասիրութիւնները եւ թիկունք կանգնինք իրարու հայ դատ-ի յաջողութեան համար, եւ այս նպատակին համար պէտք չէ տարակարծութիւն գոյութիւն ունենայ հայ դատի շուրջ եւ իրար միջեւ», կըսէ ան։
Եւ ճիշդ ասոր համար է որ Դաշնակցութիւնը կը մնայ թշնամի՝ թուրքին եւ նաեւ էնթերնասիոնալիզմին։
Եզրակացնելով հայ ազգային տխուր ու ցաւալի երեւոյթները՝ անմիաբանութեան, հերձուածութեան, ազգայնականութիւնէն հոգեւոր օտարումին, եւ մասամբ նորին, Սարգիս Զէյթլեանի համար համապարփակ մօտեցումը հայ ազգային կեանքի վերելքին միասնականութեան, պետականութեան, անկախութեան, տնտեսական բարգաւաճման բոլոր բնագաւառներուն մասին կուտայ իր տեսակետը՝ ուր բոլորին մէջ, մեր ժողովուրդի յաջողութիւնը կը պայմանաւորուի անկախ պետականութեամբ, ազգային միասնականութեամբ, եւ բոլորին հայացքները Արարատին ուղղուած եւ Արարարտը իրենց սրտերուն մէջ պահած՝
«Դարմանը հայու բոլոր այս վերիվայրումներուն կը գտնուի «Հայաստանի անկախութեան մէջ, միայն այն ատեն է որ իրենց լրումին կրնան հասնիլ հայ ժողովուրդի մտաւորական, մշակութային, ազգագրական, այլեւ մանաւանդ քաղաքական մտքի եւ տնտեսական կեանքի ամբողջական կեդրոնացումները։ Տնտեսական կեդրրոնացման հայ դրամագլոուխի հայրենացման շնորհիւ միայն կարելի է ազգայնացնել, եւ հայացնել աշխարհաքաղաքացիաման ճամբան բռնած հայ զանգուածները ։ Այս կը նշանակէ , որ տնտեսական կեդրոնացումը նաեւ հայապահպանման ազդակ է։ Սակայն հայկական ազգային, համազգային էութիւնն ու նկարագիրը ունեցող հայ պետութիւնը (անկախ) միայն կրնայ մտածել այդ մասին։ Պետութիւն մը որուն սեւեռակետը Արարատն է եւ հայութեան արարատացումը ըլլայ։ Մինչ միջազգային համայնավարութիւնը ուրիշ Աստուած կը պաշտէ, ահա տագնապ- ին աղբիւրը»[7]
Բոլշեւիզմի եւ Թուրքին շարունակուող ազգակործան վերջին հարուածմներն են որ ճակատագրական պիտի ըլլան մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի լինելութեան։
Ի հարկէ պիտի ըլլան ըսողներ որ հեղինակն ու հերոսը, որ կերպարուած է գրքին մէջ կը վերլուծեն մեր կեանքին տխուր էջերը, երկուքն ալ դաշնակցականներ են եւ բնականաբար նաեւ պիտի արդարացնեն իրենց պատկանած կուսակցութեան գաղափարական տեսլականն ու քաղաքական տեսակետները, ճիշդ են։ Ճիշդ կ՚ըլլայ նա՛եւ երբ ունենանք հակառակը փաստող նոյնքան խղճամիտ եւ արդարակորով եւ պարկեշտ վերլուծութիւնը այս հաստատումները ջրող վկայութեանց կամ վկայութիւններու յայտնաբերման, որ պիտի ծառայէ մեր պատմութեան մութ ու մռայլ էջերը լուսաւորելու, հարթելով տարակարծութիւններն ու փարատելով նախապաշարումները, միանգամընդմիշտ փակելով տխուր էջերը այս ժամանակահատուածին, իւրաքնաչիւրին տալով իր արդար տեղը պատմութեան մէջ, որ խաղացին ու անցան եւ լծուինք ի վերջոյ հայութեան համախմբումին ու միաւորման ի խնդիր մեր նոր հայրենիքի կառուցուման համար, որ արդէն մեր ձեռքէն կ՚երթայ, երբ տակաւին անմտաբար կը շարունակենք ներքին պառակտուածութեան եւ անհամերաշխութեան անխոհեմութիւնը։
Կարօ Յովհաննէսեանի «Ամենաղեկավարը» գիրքին ամէն մէկ գլուխին մասին կարելի ժամեր խօսիլ եւ էջերով գրել, որովհետեւ բազմաթիւ են, գրեթէ ամէն մէկ էջի վրայ, կա՛յ միտք մը, խօսք մը, որ արժանի է խորդածութիւններու եւ յիշատակութեան, բայց այդ կը թողունք ընթերցողին, յայտնաբերելու եւ իր եզրայանգումները կատարելու։
Կոթողական այս գործը, ժամանակակից մեր պատմութեան մասին լոյս կը սփռէ թեկուզ եւ անհատի մը կեանքին ընդմէջէն, պատուհանները լայն բացուած ընդրգկուն եւ համայնական պատկերը սփիւռքի ներքին կեանքին վրայ, հայ քաղաքական մտածողութեան, հայ դատին, միջազգային քաղաքականութեան եւ Հայաստանի քաղաքական ուղիին մասին, որ պիտի ծառայէ որպէս հիմք ապագային հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ Անթիլիաս-Էջմիածին յարաբերութիւններն ու հակամարտութիւնները, Հայաստան-Սփիւռք՝ հատուածական յարաբերութիւններն ու կուսակցական հակամարտութիւններու պատճառները ուսումնասիրող պատմաբաններուն։ Հայ ազգային քաղաքական միտքի ու հայ դատի մասին իր ըմբռնումները եւ տակաւին գրական, երիտասարդական, պատանեկան, եւ ազգային միասանկանութեան մասին իր կոչերն ու յորդորները , առաջարկ լուծումները, պիտի ծառայեն որպէս առ այսօր իրենց այժմեականութեամբ, միակ ճիշդ եւ կենսական լուծումները գալիքին համար եւս, որ կը բխին գաղափարական հայուն հոգիէն եւ իր նշած բոլոր ուղիները կ՚առաջանորդեն միայն եւ միայն հայ ժողովուրդի լինելութեան եւ հայրենիքիը վերականգնումին նպատակներուն։
Անկասկած եւ առանց չափազանցութեան, անվերապահօրէն կրնանք ըսել թէ Կարօ Յովհաննէսեան «Ամենաղեկավար»ի պատուանդին կանգնեցուցած է Սարգիս Զէյթլեանը, որ կ՚արտացոլացնէ յոյսը, քաջութիւնը եւ մարդկային ոգիին հրաշագործ բնոյթը՝ թէ անցյալի ուսումնասիրութիւնը կարող է իրազեկել ներկային։
Եւ արդարօրէն, Կարօ Յովհաննէսեան եւս, արժանի է ոչ միայն գնահատականի, այլ Պատուաւոր Դոկտորի կոչումին, որովհետեւ տոքթորայի թէզ մըն է որ ներկայացուցած է այս գիրքով, եթէ նկատի ունենանք որ աւելի քան հինգ տարի անդուլ անդադար պրպտուքներ կատարած, բազմաթիւ այցելութիւններ տուած է, հաւաստի եւ ճիշդ աղբիւրէն քաղելու տեղեկութիւնները, մատենագիտական ընդադձակ եւ այլազան աղբիւրներ օգտագործած է, վաւերական եւ ստոյգ ծանօթութիւններ ունենալու համար, ճիշդ պիտի ըլլար, հետեւաբար, գնահատելու արժանաւորը՝ արժանաւորապէս որ ի հարկէ կը պատշաճի ՀՀ Գիտութիւններու Ակադեմիային որուն կը յուսանք, կը հասնի մեր ձայնը։
Մեր ժամանակներու պատմութեան վրայ լոյս սփռող այս ներբողը, էապէս գիտական, վաւերական աղբիւր է՝ սթափելու, ցնցում մըն է՝ ի վերջոյ, դադրեցնելու օտարին սպասարկելու ստորակայութեան բարդոյթը եւ մեր ջրաղացին ջուր լեցնելու, մեր ածուն ջրելու, մեր ներուժը ծառայեցնելու մեր ժողովուրդին՝ եւ տէր կանգնելու հայրենիքին ու մեր պատմութեան։
[1] Էջ 303
[2] Էջ 303- 304
[3] Էջ 619
[4] Էջ 46
[5] Էջ 303
[6] Էջ 509
[7] Էջ 675

