Ֆրանս-Թրքական Լարուածութիւն

Կարէն Շահէ Ճինպաշեան
Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի Գործավար
«Դրօշակ» – Օգոսռոս 2025
Սուրիայէն Արևմտեան Ափրիկէ, Լիպիայէն Իսրայէլ, թրքական ու ֆրանսական կառավարութիւնները ահռելի կրաւորական-յարձակողական հակամարտութեան մէջ են։ Այնքան որ հարուածները կը հասնին Անգարա ու Փարիզ…
Թուրք–Ֆրանսական դիւանագիտական յարաբերու թիւնները, որոնք սկիզբ առած են ԺԶ (16) դարուն, կը սկսին վատթարանալ այս անցած հինգ տարիներուն ընթացքին։ 2020 թուականին ֆրանսական կրթական համակարգը վերատեսութեան կ՚ենթարկուի։ Վերլուծումիս առանցքին համար յատկապէս կարեւոր է այն նիւթը որ այսօր կ՚անուանուի «Օտար Լեզուի» դասաւանդում՝ զեղչելով անոր վաղուց մաս կազմող «մշա կութային» մասը։ Այս մէկը պաշտօնապէս վերջ կը դնէ օտար մշակութային դասաւանդութեան ֆրանսական վարժարաններէն ներս, եւ անուղղակի ճնշում կը բանեցնէ թուրք իմամներուն դէմ, որոնք ֆրանսական դպրոցներու մէջ կը դասաւանդէին թրքա կան մշակոյթ։ Կարծես այսքանը բաւարար չէր, այսուհանդերձ իւրաքանչիւր օտար ուսուցիչ որ պիտի դասաւանդէ ֆրանսական վարժարանի յարկին տակ, պարտադիր պիտի ցուցաբերէ ֆրանսերէն լեզուի բարձր տիրապետում (B2 մակարդակ)։ Ան որ չափահաս տարիքին փորձած է սորվիլ ֆրանսերէն լեզուն լաւ կը հասկնայ թէ այս որքան կը նօսրացնէ թուրքիայէն ժամանող ուսուցչութեան թիւը ֆրանսական դպրոցական հաստատութիւններէն ներս։
Անգարա այս կը համարէ որպէս թրքական ազդեցութեան դէմ աշխատանք՝ որուն նպատակն է տկարացնել թուրք սփիւռքը Ֆրանսայի հողին վրայ, դժուարացնելով թրքական մշակույթին դասաւանդումը, ան կ՚օժտէ ու կ՚արագացնէ անոնց ձուլումի հեռանկարը։ Առ այդ՝ թրքական կառավարութիւնը կը դիմէ փոխադարձութեան ռազմավարութեան։ 2021 թուականին, այն ինչ կը պարտադրուի իր իմամներուն Ֆրանսայի մէջ, ան փոխադարձաբար կը պարտադրէ իր երկրի ֆրանսական վարժարաններուն ուսուցչական կազմին։
Որպէսզի ֆրանսացի դաստիարակները կարողանան նորոգել իրենց կեցութեան արտօնագրերը, պէտք է բարձր մակարդակի տիրապետում ցուցաբերեն թրքական լեզուին։
Ան, պատրուակ բռնելով թէ ֆրանսական կառավարութիւնը չ՚արտօնէր թրքական վարժարաններու բացումը Ֆրանսայի մէջ, կը սառեցնէ Անգարայի «Շարլ տը Կոլ» եւ Պոլսոյ «Փիեռ Լոթի» վարժարաններու աշա կերտներու արձանագրումները։
Ահաւասիկ թէ ինչպէս թրքական կառավարութիւնը առանց վախի՝ նոյնիսկ արհամարհանքով կը նախաձեռնէ դիւանագիտական համարձակ քայլեր, գտնուելով դէմ յանդիման մարտահրաւէրներու, ուր զանազան պետութիւններ պիտի գլուխ ծռէին, ու հնազանդէին եւրոպական իշխանութեան։
Կրթութիւնը Որպէս Դիւանագիտական Զինամթերք
Վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, թրքական դիւանագիտական զինամթերքը դարձած է բազմազան ու տարբերուող՝ կերտելու համար աւելի լայնածաւալ դիւանագիտական ազդեցութիւն։ Վերջինս ի գործ կը դնէ զանազան ռազմավարութիւններ՝ մշակութային, տնտեսական, կրօնական, լրատուական հարթակներուն, մարդասիրական, եւ կրթական մարտադաշտերուն վրայ, կառուցելու համար այսպէս կոչուած «մեղմ ոյժ» (soft power)։ Անգարան նաև կը դիմէ թրքական սփիւռքեան համաշխարհային կառոյցներու. օրինակի համար TIKA (Agence Turque de Cooperation & de la Coordination), YTB (Presidence des turcs a l՚etranger & des communautes apparentées), Agence Anadolou (Agence de presse turque officielle), կրօնական «Տիյանէթ» կազմակերպութեան ցանցը, թուրք մշակութային կազմակերպութեան (Institut Yunus Emre) եւ «Մաարիֆ» հիմնարկը։ Յաճախ ներքնապէս շաղկապուած, այս կազմակերպութիւնները կը ծառայեն որպէս լծակ թրքական կառավարութեան ազդեցութեան զարգացման համաշխարհային գետնի վրայ։ Իսկ իրենց գործելաոճն ու նպատակները յարափոփոխ են՝ ըստ երկրի յարմարութեան եւ կարելիութիւններուն։
Բազմաճակատ ռազմավարութեան գծով, Անգարան հսկայական կարեւորութիւն կու տայ կրթական հզօրացման, անցած 10 տարիներուն ընթացքին, ըլլայ այդ թրքական հողին վրայ, թէ օտար երկրներու մէջ՝ հիմնելով թրքական կրթական կեդրոններ։ Եւ այս գծով, ան կը հետապնդէ երկու հիմնական նպատակ։
Սկսելու համար, ան կը ջանայ թրքական կրթական համակարգն ու հաստատութիւնները դարձնել համաշխարհային մակարդակի լաւագոյններէն։ Որուն ի հետեւանք պիտի կարողանար աւելի մեծ թիւով օտար երիտասարդ ուսանողներ ներգրաւել իր ծրագիրներով, եւ վերջապէս հիւրընկալելով զանոնք իր հողերուն վրայ, տալու համար իրենց թրքամէտ բարձրագոյն ուսումը։ Գործնական գետնի վրայ արդեն կը տեսնենք նախաձեռնութիւններ (Study in Türkiye), ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութիւններ եւ հիմնադրամներու յատկացում, առաւել եւս համալսարանական նիւթերու յատուկ ձեւաւորում, որպէսզի աւելի հրապուրիչ դառնայ օտար աշակերտութեան։ Կը նկատենք նաեւ թէ այս ռազմավարութիւնը ունի որպէս թիրախ միջին արեւելքի, ենդ-սահարեան ափրիկեան ու Ասիական երկիրները, որոնց ժողովուրդներու կենցաղն ու մշակոյթը բաւականին ներդաշնակ է թրքականին հետ։ Ապա այս վկայալները երբ վերադառնան իրեն երկիրները, աւելի հաւանականութիւն կ՚ունենան արժանանալու կառավարական կամ ազդեցիկ պաշտօններու։
Ասոր լաւագոյն փաստը կրնանք ներկայացնել Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Ասատ Ալ-Շահպանին, որ Պոլսոյ Սապահըտին Զայմ համալսարանի շրջանաւարտ ու դոկտորական թեկնածու է…։
Հարկ է նշել նաեւ որ թրքական YÖK կազմակերպութիւնը կ՚արձանագրէ օտար հպատակութեամբ աշակերտներու թիւի եօթն անգամ բազմապատկում նախորդ տասը տարիներու ընթացքին՝ ըստ իրենց հանրային էջին*։ Ռազմավարութիւնը բաւականին արդիւնաբեր է…
Իսկ երկրորդ գծով, ան ի գործ կը դնէ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու ընկերական ցանցերը։ Նպատակը՝ պատրաստել ու մարզել թրքական սփիւռքի ընտիր խաւ մը։ Այս աշխատանքի մեծամասնութիւնը իրագործելի կը դառնայ երբ թրքական կառավարութիւնը 2016-ին կը լուծէ կիւլենիստական շարժումը, եւ կ՚իւրացնէ անոր բոլոր կառոյցներն ու հաստատութիւնները։ Կազմակերպութիւնը կենթարկուի անուանափոխութեան, ու կը գործէ «Մաարիֆ» անուան տակ։ Երբ թրքական կառավարութիւնը ձեռք կը ձգէ այս գանձին, կազմակերպութիւնը արդեն տարածուած էր 120 երկիրներու մէջ, 1990-ականներէն սկսեալ։ Նոյնպէս յատուկ կեդրոնացում նշմարելով Ափրիկէի եւ Ասիոյ վրայ**։
Ֆրանսայի Մաարիֆ Կազմակերպութիւնը՝ Թրքական Ազդեցութեան Լծակ Ֆրանսայի Մէջ
2020-էն սկսեալ երկու տարիներ շարունակ անոր նստավայր՝ Սդրասպուրկ, ապա մասնաճիւղ մը բանալով Լիոնի մէջ, Մաարիֆ կազմակերպութիւնը շրջանցելու համար ֆրանսական վերոնշեալ դժուարութիւնները, կը գործէ որպէս անձնական/անհատական կազմակերպութիւն։ Ան կը ձգտի ծառայել ազգութեամբ թուրք աշակերտութեան՝ օժանդակելով անոնց ակադեմիական յաջողութեան. անհատական դասընթացներով, ինչպէս նաեւ ներկայանալով որպէս սփիւռքեան երիտասարդութեան հանդիպման վայր մը, մաքառելու եւ դէմ գնալու ձուլումի եւ օտարամոլութեան։ Այս նպատակի հետապնդման ուղիով՝ կը կազմակերպուին զանազան մշակութային ձեռնարկներ՝ օրինակի համար գեղարուեստական երեկոներ, իսլամական ծոմապահութեան ժամանակի խրախ ճանքներ, լուսաբանական կլոր սեղաններ, դաստիարակչական սեմինարներ, եւ այլն։ Օրինակի համար՝ Լիոնի մասնաճիւղը կազմակերպած էր դասախօսական շարան մը վերնագրուած «Իրար հետ ապրելու մշակոյթը՝ Օսմանական Կայսրութենէն Թուրքիոյ Հանրապետութիւն»։ Թուրքիոյ դեսպանատան միջնորդութեամբ, այս ձեռնարկին կը ներկայանան զանազան թուրք մտաւորականներ, որոնք քաջածանօթ են իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներ։
Միջոցառման ներկայ գտնուեցան ոչ միայն աշակերտական խաւը, այլեւ բարձրաստիճան անձնակազմ, ինչպէս նաեւ թուրք դեսպանը, եւ ուրեմն Մաարիֆ կազմակերպութիւնը կ՚իրագործէ երկու զուգահեռ ու իրար ամբողջացնող գործունէութիւն. մէկ կողմէ՝ առիթ ու միջավայր մը կը ստեղծէ ազգութեամբ թուրք երիտասարդութեան սփիւռքի մէջ շաղուելու եւ կապեր հաստատելու իրար միջեւ (դիմադրելով ձուլումի մարտահրաւէրին), եւ միւս կողմէն անոնց մտքերուն մէջ ուղղակի ձեւով դրոշմելու թրքական կառավարութեան օգուտին եկած մտածելակերպ՝ ժխտողական ու ենթակայական գաղափարաբանութիւն։
Այս բոլորով հանդերձ, Անգարա չբաւարարուի, ու մշտական ու կանոնաւոր կերպով կը ջանայ բազմապատկել Ֆրանսայի մէջ թրքական վարժարաններու թիւը։ Ոչ միայն թրքական, այլ կառավարուած թրքական կրթական նախարարութեան կողմէ։ Այսպէս ան կը ցանկայ աւելի եւս հզօրացնել թրքական ազդեցութիւնը Եւրոպայի եւ յատկապէս Ֆրանսայի մէջ***։
Այժմ Ֆրանսան ու Թուրքիան դէմ յանդիման կը գտնուին չափազանց նուրբ ու անկիւնադարձային իրավիճակի մը մէջ։ Ֆրանսան եթէ կարիքը զգայ ներկայութիւն ըլլալու ՆԱԹՕ-ի կարեւորագոյն ճակատին, պէտք է կատարէ զիջումներ, իսկ Թուրքիան եթէ կը ցանկայ յառաջ տանիլ իր եւրամիութեան մուտքի օրակարգը, պէտք է զիջի իր ակն-ընդ-ակն քաղաքականութենէն։
Վերոնշեալ ռազմավարութիւնները վաղուց է որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իրագործած է սփիւռքի մէջ, հիմնելով զանազան հայ ազգային վարժարաններ, հայ երիտասարդութեան եւ մանուկներուն դասաւանդելով ու ուսուցելով ազգասիրութիւն, քաղաքական աշխուժութիւն եւ Հայ Դատ։ Այսօր, մեր թշնամին ուշքի եկած է թէ սփիւռքի կառավարման բանալին կը գտնուի իր գերագոյն թշնամուն մօտ, կ՚օժտուի անոր տարիներու փորձառութենէն։ Ան, որպէսզի կարողանայ ներթափանցել Ֆրանսայի պէս պետութեան մը մէջ, իբրեւ կազմակերպուած ու միակամ սփիւռք, կը հիմնուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախագիծին, որպէսզի միջազգային հարթակի վրայ այդ հուժկու պետութիւնը դադրի ըլլալէ Հայոց արդարութեան ամենաբարձր ձայներէն մէկը։
* Istatistik.yok.gov.tr
** Shs.cairn.info/revue-politique-africaine-2015-3-page-23?lang=fr
*** https://www.sciencespo-grenoble.fr/blogs/la-strategie-dinfluence-dela-turquie-en-europe-travers-sa-diaspora

