Գլխաւոր

ԱԶՆԱՒՈՒՐ ՊԻՏԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Հա­յոց Օգ­նու­թեան Հիմ­նար­կը (FAR.- Fund for Armenian Relief) յա­տուկ հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը տե­ղե­կաց­նէ թէ, յա­ռա­ջի­կայ Մա­յիս 20-ին, պի­տի պատ­ուէ հան­րահռ­չակ եր­գիչ` Շարլ Ազ­նա­ւու­րը, որ միշտ ալ հպար­տու­թեամբ յայտ­նած է թէ հայ է եւ նոյ­նիսկ ցայ­սօր կը վա­րէ զա­նա­զան պաշ­տօն­ներ, որոնց կար­գին, Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան Ժը­նե­ւի գրա­սեն­եա­կի Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ Զուի­ցեր­իոյ մօտ Հ.Հ.-ի դես­պան:

Ան, նոյ­նիսկ քա­նի մը շա­բաթ առաջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ կա­տար­ուած մէկ ցոյ­ցին, կազ­մա­կերպ­ուած տեղ­ւոյն Հայ­կա­կան Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը Հա­մախմ­բող Խոր­հուր­դին կող­մէ, որ­ուն ըն­թաց­քին տեղ­ւոյն գա­ղու­թը կը պա­հան­ջէր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը քրէ­օ­րէն դա­տա­պար­տե­լու մա­սին օրի­նա­գի­ծի հաս­տա­տու­մը` Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին կող­մէ, որ 2006էն ի վեր սա­ռեց­ուած է եւ շա­րու­նակ կը ձգձգուէր: Խօսք առ­նե­լով, ան ըսած էր թէ անըն­դու­նե­լի է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը քրէ­օ­րէն դա­տա­պար­տե­լու օրի­նագ­ծին մո­ռա­ցումն ու հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով յե­տաձ­գու­մը:

Ազնաւուր` Վանաձորի մէջ…

Ան նշած էր.- ’’ Մենք որ­քա՜ն ծա­ռա­յած ենք Ֆրան­սա­յին: Հա­մաշ­խար­հա­յին եր­կու պա­տե­րազ­մնե­րուն ալ Հա­յե­րը հոգ­ւով սրտով պայ­քա­րե­ցան այս երկ­րին հա­մար, արիւն թա­փե­ցին ու զոհ­ուե­ցան: Ին­ծի ցոյց տուէք Թուրք մը, որ կրած է ֆրան­սա­կան զի­­նուո­րա­կան հա­մազ­գեստ’’: Ազ­նա­ւու­րի հա­մար յստակ է թէ Քոնկ­րէ­սը շա­տոնց պէտք է ճանչ­նար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը:  

’’Ամե­րի­կա­յի նա­հանգ­նե­րուն ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թիւնը, մօտ 40 նա­հանգ, ար­դէն ճանչ­ցած է Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Ես բա­ւա­կան մը զայ­րա­ցած եմ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Հի­լը­րի Քլին­թը­նէն, զոր ան­ձամբ կը ճանչ­նամ, քա­նի որ ան, վախ­նա­լով Ան­գա­րա­յի ար­ձա­գան­գէն, փոր­ձած է հա­մո­զել յանձ­նա­խում­բին ան­դամ­նե­րը, որ չըն­դու­նին այդ բա­նա­ձե­ւը: Ինչ կը վե­րա­բե­րի հե­ռան­կար­նե­րուն, ապա շատ կը փա­փա­քէի յոյս յայտ­նել, որ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան կող­մէ այդ փաս­տա­թուղ­թին ըն­դու­նու­մը ձիւ­նագն­դա­կի ազ­դե­ցու­թիւն կ՛ու­նե­նայ’’,կը շեշ­տէ Ազ­նա­ւուր աւելց­նե­լով թէ, թուր­քե­րը ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ստո­րագ­րե­ցին, բայց ետ­քը սկսան նա­հան­ջել:

 

Հայ Օգնութեան հիմնարկի Երեւանի գրասենեակէն ներս 2003-ին

’’

Նման գոր­ծե­լա­կեր­պը նոր չէ: Իսկ ո՞ւր մնաց Թուրք­իոյ` Եւ­րո­միու­թեան մի­ա­նա­լու ձգտման ան­կեղ­ծու­թիւնը: Ես շատ մեծ յոյ­սեր ու­նիմ, որ հայթրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն կար­գա­ւո­րու­մը չի նմա­նիր թան­կո­յի` մէկ քայլ առ­ջեւ, եր­կու քայլ` ետ: Ես ոչ միայն հա­յե­րուն մա­սին կը մտա­ծեմ, այ­լեւ` թուրք նոր սե­րուն­դին: Թուրք երի­տա­սարդ­նե­րը իրա­ւունք ու­նին իրենց ու­սե­րէն թօ­թա­փե­լու երիտ­թուր­քե­րու յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն բե­ռը: Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան պահ­ուած­քը շատ եսա­կեդ­րոն է: Չեմ հասկ­նար, թէ ին­չո՛ւ այդ­քան կը վախ­նան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­դու­նու­մէն: Չէ՞ որ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թիւնը իրենք չեն գոր­ծած: Թուրք­ի­ան այ­սօր կը ղե­կա­վա­րեն զի­նուո­րա­կան­նե­րը, եւ անոնք չեն ու­զեր ճանչ­նալ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Եկէք` հասկ­նանք, թէ ին­չո՞ւ: Կը կրկնեմ` թուրք այ­սօր­ուան սե­րուն­դը պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն չի կրեր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար, ան պէտք է գիտ­նայ ճշմար­տու­թիւնը եւ կա­րե­նայ ձեր­բա­զա­տիլ իր չգոր­ծած յան­ցա­գոր­ծու­թե­նէն’ կը շեշ­տէ ան:

Ազ­նա­ւու­րին հա­մար Սփիւռ­քը շատ բան կու տայ իր երկ­րորդ հայ­րե­նի­քին:

Դժուար է զինք տեսնել իբրեւ հան¬դիսատես…

Սպի­տա­կի երկ­րա­շար­ժի ժա­մա­նակ Գա­լի­ֆորն­իոյ Ֆրէզ­նօ քա­ղա­քի հրէ­ա­կան հա­մայն­քի րաբ­բին Ամե­րի­կա­յի առա­ջին հո­գե­ւոր առաջ­նորդն էր, որ հան­դէս եկաւ Հա­յաս­տա­նին օգ­նե­լու կո­չով: Ես վստահ եմ, որ Իս­րա­յէլ, ուշ կամ կա­նուխ, պի­տի ճանչ­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, հա­կա­ռակ անոր որ Թուրք­իոյ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կերն է:

Տա­րի­նե­րէ ի վեր Շարլ Ազ­նա­ւուր յայ­տա­րա­րեց թէ հա­մեր­գա­յին վեր­ջին շրջա­գա­յու­թիւն մը կը կա­տա­րէ… շրջա­գա­յու­թիւն մը, որ դեռ կը շա­րու­նակ­ուի: Հա­ւա­նա­բար այդ անա­ւարտ եւ միշտ շա­րու­նա­կուող ելոյթ­նե­րէն մէկն է որ, պի­տի կա­տար­ուի յա­ռա­ջի­կայ Մա­յիս 20-ին, իր 87-րդ տա­րե­դար­ձի օրե­րուն…Ան ծնած է Մա­յիս 22, 1924-ին: 1975-ին, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առ­թիւ, անոր .- ‘‘Անոնք Ին­կանը (Ils sont tomb՛s) գոր­ծը եղաւ տար­ուան ամէ­նէն աւե­լի կա­րե­ւոր գոր­ծը:

Հա­յոց Օգ­նու­թեան Հիմ­նար­կի կազ­մա­կեր­պած այս հան­դի­սու­թիւնը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Նիւ Եոր­քի Cipriani Wall Street venue-ի ) 55 Wall Street) մէջ: Օր­ուան խօս­նակն է հան­րա­ծա­նօթ դե­րա­սան Էրիք Պօ­ղոս­եան: Իսկ, Ազ­նա­ւու­րի բեմ հրա­ւի­րե­լու պաշ­տօ­նը տրուած է Լայ­զա Մի­նելի­ին: Նա­եւ ներ­կայ պի­տի ըլ­լան հռչա­կա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, որոնց կար­գին` Էլ­թըն Ճոն, Սե­լին Տի­ոն եւ գա­նա­տա­հայ բե­մադ­րիչ Աթոմ Էկոյ­եան:

Ազ­նա­ւու­րի գրե­թէ բո­լոր գիր­քերն ալ ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան են եւ ան եր­բեք չի յոգ­նիր ըն­թեր­ցող­նե­րուն պատ­մել իր հե­տաքրք­րա­կան ու ան­սո­վոր կեան­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը: Աւե­լի քան հա­զար եր­գի տէր, հա­րիւր միլի­ոն ձայ­նապ­նակ – խտա­սա­լիկ վա­ճա­ռած եւ վաթ­սուն ժապ­ւէն­նե­րու մէջ դեր ստանձ­նած է Շահ­նուր Վա­ղի­նակ Ազ­նա­ւուր­եա­նը, որուն ըն­տա­նեն­կան ծա­ռը ծնունդ առած է Ախալ­քա­լա­քէն:

Այս ձեռ­նար­կին մա­սին յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու հա­մար.-

Կայ­քէջ`  www.farusa.org

Հե­ռա­ձայն`  212-889-5150

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button