Միջազգային Խորհրդաժողով.- «Արցախ. Չկարգաւորուած Հակամարտութիւն, Վերադարձի Իրաւունք»

ԵՐԵՒԱՆ․- Սեպտեմբեր 2-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնած «Արցախ. չկարգաւորուած հակամարտութիւն, վերադարձի իրաւունք» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողով: Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն, ինչպէս նաեւ շարք մը երկիրներէ քաղաքական, գիտական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
Խորհրդաժողովը նուիրուած էր Արցախի հարցի չլուծուած մնալուն, արցախահայութեան հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին, խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն եւ գերիներու ու մարդասիրական հարցերու հրատապ լուծման անհրաժեշտութեան: Մասնակիցները կարեւոր նկատեցին միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը եւ ընդգծեցին մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Խորհրդաժողովին նպատակն էր ձեւաւորել միջազգային համախմբում` արդար եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար:

