ԳրականՅօդուածներ

ԱՔՍՈՐ․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Աքսորեալ ենք օրերուն մէջ մեր անցեալի,
Աքսորեալ ենք յուշերուն մէջ մեր հէգ կեանքի,
Աքսորեալ ենք երազներուն մեր աշխարհի,
Աքսորեալ ենք մեր տենչերուն մէջ քարացած
Եւ երգերուն, որ երգեցինք հասցէներու անէացած…

Աքսորեալ ենք թէ՛ կատարուած, թէ՛ անկատար
մէջն օրերուն շղթայ կազմած․․․

Աքսորեալի աչքով հիմա
Ետ կը նայինք կիրք ու սիրով, խենթ տենչերով
արահետին մեր անցեալի,
Մեղմ կը ժպտինք կատարուածին
եւ… կ՛ափսոսանք անկատարին․․․
Անօգնական․․․
Անօգնական․․․
Աքսորեալ ենք երէկներուն մէջ դալկացած․․․

Ներկան մռայլ,
Իսկ ապագան պարոյկներու ալիքներով
մշուշածածկ մթութիւն է․
Ովկիանոս է հորիզոնուած,
ո՛չ փարոս կայ,
ո՛չ ալ՝ դարձի յստակ ճամբայ․․․։
Աքսորեալ ենք անորոշի յորձանքներուն փրփրապսակ ․․․

Ժամանակը շղթայակապ
մեզ կը տանի անորոշի մութ ծալքերուն,
հոն կը ստեղծենք նոր աշխարհներ
եւ.
կ՛աքսորենք մեր հէգ հոգին մութն ու լուսուն․․․
Աքսորեալ ենք կաղապարին մեր անձնութեան․․․

Եւ ծիրին մէջ անվերջ դարձող,
Մենք կամաւոր ճամբորդներ ենք,
Աքսորեալ ենք մեր իսկ գոյին․․․

Օգօստոս 1, 2025

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button