Լրահոս

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԱԾ «ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅԻ ՅԱՐԱՏԵՒՄԱՆ» ՀԱՏՈՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

16 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան հովանաւորած 2025-ի գրական մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկը Գրողներու Միութեան մէջ։ Այդ առիթով ներկայացուեցաւ «Յանուն հայի յարատեւման» հաւաքածոն, որ կը պարուակէ այն գործերը, որոնք պարգեւատրուած էին 2024-ի մրցանակաբաշխութեան։ 322 էջնոց գիրքը լոյս տեսած է «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան հրատարակութեամբ եւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։

Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ՝ Էդուարդ Միլիտոնեանի ներածական խօսքերէն ետք, ներկայացուեցան հետեւեալ 13 հեղինակներուն գործերը՝ Ֆելիքս Բախչինեան (յետմահու հրատարակուած), Գուրգէն Խանջեան, Պերճուհի Աւետեան, Ալիսա Յովհաննիսեան (արձակ), Հերմինէ Աւագեան, Վահան Անդրէասեան, Հայկ Սիրունեան, Սուսաննա Յովհաննիսեան-Սայատեան, Ռոբերտ Եսայեան (բանաստեղծութիւն), Սամուէլ Կոսեան, Նարինէ Կռոյեան, Անդրանիկ Կարապետեան եւ Սաթենիկ Ղազարեան (մանկա-պատանեկան գրականութիւն)։

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button