Գլխաւոր

ՍԼԱՔ.- ՕՊԱՄԱ – ՔԼԻՆԹԸՆ ԶՈՒԳԵՐԳ ԼԻՊԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Եթէ նախագահ Օպամա Երկուշաբթի, Մարտ 28-ի յետմիջօրէին չյայտարարէր, որ Լիպիոյ նախագահին դէմ ամերիկեան եւ ՆԱԹՕ-ական միջամտութիւնը լիպիացիներու կեանքը փրկելու, զանոնք ջարդերէ զերծ պահելու համար է, աշխարհը մոլորութեան մէջ պիտի իյնար եւ սկսէր հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն ընել Լիպիոյ մէջ (եւ այլուր) արեւմուտքի զինակիցներուն շահադիտական հաշիւներուն մասին:

          Սպիտակ Տան պետը ճակատաբաց եւ խղճի ամենայն հանդարտութեամբ յայտարարեց (եւ իր արտաքին գործոց նախարարը` Հիլըրի Քլինթըն Երեքշաբթի օր միացաւ զուգերգին), որ ամերիկեան միջամտութիւնը լիպիացիները ջարդերէ փրկելու համար է, թէ` կարելի չէ սպասել, որ զանգուածային գերեզմաններ գոյանային, որպէսզի միջամտութիւն կատարուէր: Միջամտութիւնը, ուրեմն, կանխարգելիչ էր: Լիպիացիք նախ պէտք է փառք տան Օպամայի, Քլինթընի եւ զինակիցներուն, յետոյ, եթէ ուզեն` քիչ մըն ալ Աստուծոյ, որ նման փրկարարներ ղրկած է աշխարհ:

          Ուաշինկթընի ու զինակիցներուն փրկարար միջամտութիւնները արդէն նոր աշխարհի պատմութիւնը կը կերտեն վառ գոյներով (մի մոռնաք, որ արիւնի կարմիրը գոյներուն ամէնէն վառն է…): Աշխարհը եւ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը պէտք է երախտապարտ ըլլան այս պատմութեան կերտումին համար: Չէ՞ որ նոյն փրկարար գործը կը տեսնուի Իրաքի՛ մէջ, Աֆղանիստանի՛ մէջ, Փաքիստանի՛ մէջ: Աշխարհը տեսաւ, որ Սուտանի մէջ ու այլուր ինչպիսի՜ վիճակներ ստեղծուեցան միջամտութեան պակասի հետեւանքով…: Իսկ երբ անմեղներ կը սպաննուին ՆԱԹՕ-ի յարձակումներուն հետեւանքով, կամ` ամերիկացի զինուորներ սպանեալներու դիակներուն ու մնացորդներուն կողքին կանգնած` հերոսաբար կը լուսանկարուին, զինուորական պատասխանատուներ կը փութան ներողութիւն խնդրել ու քանի մը տոլարի »արեան գին« վճարել… փրկարար նպատակներով:

          Եւ որպէսզի մարդիկ անդրադառնան, որ Ուաշինկթըն ինքնագլուխ չի գործեր, կամ` առանձին չէ փրկարար գործին մէջ, Օպամա յայտարարեց, թէ արաբական աշխարհն ու եւրոպացի դաշնակիցները բաժնեկից են այս պատասխանատուութեան:

          Հայկական առածը կ՛ըսէ. »Աղուէսէն փաստ ուզեր են, պոչը զոյց տուեր է…«

…Ի վերջոյ, փրկութեան ամէնէն զուլալ իմաստը` կեանքի դառնութիւններէ վերջնական ձերբազատումն է` դէպի լաւագոյն աշխարհ ուղեւորութեամբ: Ահա թէ ինչպէ՛ս պէտք է հասկնալ օպամայական ու քլինթընեան զուգերգը, որուն բաղաձայնօրէն կը մասնակցին զինակիցները:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button