Լրահոս
Հրայր Սարկաւագ Յակոբեան Ազատ Արձակուեցաւ
ԵՐԵՒԱՆ․- Վերաքննիչ քրէական դատարանի որոշումով ահաբեկչութեան եւ իշխանութեան իւրացման նախապատրաստութեան համար մեղադրուող Հրայր սարկաւագ Յակոբեան ազատ արձակուեցաւ քրէակատարողական հիմնարկէն: Դատարանը բաւարարած է խափանման միջոցը փոխելու միջնորդութիւնը, փոխանցեց անոր փաստաբան Յովսէփ Սարգսեան:
Սարկաւագը ձերբակալուած էր «Սրբազան պայքար» շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեանի հետ միասին անոր տունէն: Անոնք կը մեղադրուին ահաբեկչութեան եւ իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւն կատարելու յօդուածներով: Ձերբակալուած էր շարժման 14 աջակից:
«Խափանման միջոցը փոխուած է բացակայելու արգելքով եւ վարչական հսկողութեամբ», նշեց փաստաբանը:

