ԳլխաւորԼրահոս

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ 12-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

HAKOB BERBERYAN

Երեք օրուան մրցումներէ ետք, Շաբաթ, 26 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանի եւ Արտաւազդ Վրդ. Շառոյեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եՅակոբ Խաչերեանի եւ անդամներու, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան ատենապետ Արթիւր Մկրտչեանի եւ անդամներու, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ Իշխան Սաղաթելեանի եւ Արա Պուլուզեանի, Համազգայինի եւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւններու անդամներու, Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, հիւրերու, մարզախաղերու մասնակից 15 շրջաններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան մը։

ՋԱՀԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 5.30-ին, երեք վայրէ ջահավառութեամբ։ Առաջին ջահը վառեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակէն, ի յարգանք Ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ հայրենազուրկ դարձած մեր նախնիներու յիշատակին։ Ջահը վառեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի կրտսերագոյն գայլիկ եւ արծուիկ Խաչիկ Տէր Ներսէսեան եւ Հուրի Ջաղացպանեան։ Ջահավառութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետը։

Երկրորդ ջահը վառեցաւ Սուրբ bԷջմիածինի մայր տաճարի կանթեղէն, իբրեւ աստուածային օրհնութեան, մշտանորոգ հաւատքի եւ քրիստոնէական ինքնութեան հոգեւոր անմար լոյսի խորհրդանիշ։ Մինչ երրորդ ջահը բոցավառեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնի Սրբոց Վարդանանց մատրան կանթեղէն, օրհնութեամբ Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեանի։ Ջահը վառեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի Արցախեան պատերազմներու նահատակներու ծնողները, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետին։

Այնուհետեւ, երեք ջահերը միանալով դարձան մէկ բոց, ուժեղ կրակ, մեծ ջահ՝ բոցավառելու համար համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերու մասնակիցներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ բազմահազար համակիրներուն սիրտերը։ Ջահը, փոխանցքավազքով, 17 մարզիկներու ձեռամբ երեկոյեան 7.30-ին հասաւ «Հանրապետութեան» հրապարակ։

ՏՈՂԱՆՑՔԸ

Մարզախաղերու ջահին փոխանցքավազքէն կարճ ժամանակ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ընթացք առաւ մարզախաղերու մասնակից 15 շրջաններու պատուիրակութիւններուն տողանցքը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն մինչեւ «Հանրապետութեան» հրապարակ։ Աւելի քան 700 մարզիկ-մարզիկուհիներու եւ մարզախաղերու կազմակերպման մասնակից կամաւորներու հետ տողանցքին վերջին մասին միացան 200 «Հրաշք»-ներ՝ յատուկ կարիքներու կարօտ պատանիներ Երեւանէն եւ Սպիտակէն։

ԲԱՑՈՒՄԸ

Տողանցքի մասնակիցներուն «Հանրապետութեան» հրապարակ մուտքով սկսաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ մարզախաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի շեփորախումբին եւ դրօշակակիրներու առաջնորդութեամբ, խանդավառ ու խիտ շարքերով, հրապարակին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին մարզական պատուիրակութիւնները.- Աւստրալիա, Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, Արցախ, Պաղտատ, Երուսաղէմ, Լիբանան, Գահիրէ, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա (Արժանթին եւ Ուրուկուէյ), Սթոքհոլմ, Քուէյթ, Մարսէյ, Փարիզ, Հայաստան։

Հնչեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգները։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԽՕՍՔԸ

Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան։ Ան ըսաւ, որ «Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերը շատոնց արդէն կայացած իրողութիւն են, սպասուած ձեռնարկ՝ աշխարհասփիւռ հայութեան համար, այնպէս ինչպէս կայացած փաստ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը այն եզակի կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ ունի համահայկական տարողութիւն»։

Մկրտչեան ներկայացուց մարզախաղերու նպատակը եւ հաստատեց. «Այսօր եւս, ինչպէս միշտ, Հ.Մ.Ը.Մ. իր կամաւոր բանակով, բնական եւ արհեստական բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելով, իրականութիւն կը դարձնէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ մարզախաղերը։ Փաստելով իր աննկուն կամքը յառաջ ընթանալու, իրարու սատարելու, յաղթանակներով տոգորուելու եւ նախկինէն աւելի ուժեղ դուրս գալու։ Մենք կը գիտակցինք մեր առաքելութեան, գիտենք մեր նպատակին ու զրկանքներուն արժէքը, մեր երկրին ու ազգին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, մեր համերաշխութեան եւ ի հարկէ Հայրենիք-Սփիւռք ամուր կապերու գինն ու արժէքը», նշեց ան։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետը յիշեց մարզախաղերու հիւրընկալ շրջանին ամիսներու տքնաջան աշխատանքը եւ խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Լիայոյս ենք որ մենք կը յաջողինք եւ դուք ձեր շրջանները կը վերադառնաք ձեզի հետ տանելով նոր լիցքեր, նոր եռանդ եւ նոր աւիւն՝ իրականացնելու այն մեծ առաքելութիւնը, որուն համար կ’աշխատի Հ.Մ.Ը.Մ.ը 107 տարիէ ի վեր: Ա՛յս է մեր յաղթանակը, եւ անկախ այս օրերու մարզական տարբեր մրցումներու արդիւնքներէն` մենք բոլորս յաղթանակով կ’աւարտենք այս մարզախաղերը»։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԽՕՍՔԸ

Յանուն Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի խօսք առաւ Արսէն Համբարձումեան։ Ան ըսաւ, որ հայրենիքի մէջ մէկ դրօշի ներքեւ տարբեր ցամաքամասերէ այսքան հայ երիտասարդներու հաւաքման փաստը ինքնին ոգեւորիչ է։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերը լաւ առիթ են ո՛չ միայն մարզական ասպարէզներու մէջ ինքզինք դրսեւորելու, այլեւ՝ ճանաչողութեան մակարդակը բարձրացնելու, կամքը կոփելու եւ մարզական ոգին ամրացնելու համար, դիտել տուաւ ան։

«Հայրենիքի մէջ համահայկական երիտասարդական հաւաքները մեր միասնութեան, մեր հաւատքի, մեր ուժի վկայութիւնն են։ Միասնութիւն յանուն մեր ազգային արժէքներու, մեր ինքնութեան, հաւատք՝ յանուն մեր իրաւունքներու հաստատման եւ ուժ ՝ դիմագրաւելու մեր ներքին ու արտաքին սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները», շեշտեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամը։

Շարունակելով, Արսէն Համբարձումեան ըսաւ. «Հակառակ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու խաթարման բոլոր փորձերուն եւ մեր ազգային արժէքներուն եւ ինքնութեան դէմ շարունակուող ոտնձգութիւններուն, Հայաստանը, մեր պետականութիւնը կայ եւ պէտք է մնայ աշխարհասփիւռ հայութեան հարազատ տունը, սրբութիւն սրբոցը։ Ճիշդ այս գիտակցութեամբ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերը կը կատարուին հայրենիքի մէջ։

Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին խօսելով, Արսէն Համբարձումեան նկատել տուաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը սոսկ կազմակերպութիւն չէ, այլ՝ իւրօրինակ դպրոց, մնայուն արժէքներու, սիրոյ, եղբայրութեան, հայրենասիրութեան դպրոց եւ այդ դպրոցէն անցած իւրաքանչիւր անձ իր կեանքին մէջ կը կրէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհընկալման ու կենսակերպին դրոշմը»։ Համբարձումեան նաեւ շեշտեց, որ հայրենասէր, կարգապահ, ոգեղէն, պայքարող սերունդներ կերտելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարերար սերմերը անցնող աւելի քան հարիւր տարիներուն արդիւնաւորուած են եւ հարիւր հազարաւոր հայ երիտասարդներ անցած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դպրոցէն, դաստիարակուած, կրթուած, բարձրացած ու բարձրացուցած են, եւ այսօր կարգը նորերունն է՝ ազգանուէր գործերով հաւատարմօրէն ծառայելու հայութեան, Հայաստանին եւ Հայ Դատի պայքարին»։

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Արցախի թեմի Առաջնորդ Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան։ Ան ըսաւ, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր հայրական օրհնութիւնն ու ուղերձը մարզախաղերու մասնակիցներուն անձամբ կը փոխանցէ, երբ անոնք 29 Յուլիսին Ս. Էջմիածին այցելեն։

Աբրահամեան Եպս. իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերու կազմակերպիչներուն, հովանաւորներուն եւ բոլոր աջակիցներուն։ Ան ըսաւ, որ նման նախաձեռնութիւնները կը նպատակադրեն աշխարհասփիւռ հայութեան սիրտերուն մէջ վառ պահել հայկականութեան եւ նախնիներու հետ հոգեւոր կապի ճրագը։ «Մեր բոլորին սրբազան պարտքն է, ուր որ գտնուինք, երբեք չմոռնանք, թէ ո՞վ ենք, ուրկէ՞ կու գանք եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ ո՞ւր կ’երթանք», ըսաւ ան։

Ապա, Աբրահամեան Եպս. կարեւոր նկատեց մարզախաղերու ջահին բոցավառումը նուիրական երեք վայրէ։ Ան ըսաւ, որ Եռաբլուրի ջահը կը խորհրդանշէ մեր բոլորին սէրն ու նուիրումը մեր պետականութեան։ Թող միշտ վառ մնայ Հայաստանի պետականութեան հանդէպ մեր սէրն ու նուիրումը՝ ամէն հանգամանքէ ու պարագայէ վեր։

Շարունակելով, ան հաստատեց, որ եթէ պետութիւնը ազգի մարմինն է, եկեղեցին անոր հոգին է։ Մեր ինքնութեան, մեր դարաւոր աւանդութիւններու եւ մշակոյթի լուռ վկան է Էջմիածինը։ Իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր ծննդավայրն է մայր տաճարին 1700-ամեայ սուրբ աւազանը։ Հաւատարիմ ըլլանք եւ սիրենք մեր եկեղեցին, որպէսզի աշխարհի մէջ որեւէ բաժանարար միջոց չկարողանայ հեռացնել մեզ իրարմէ ու մեր հայրենիքէն։

Խօսելով Ծիծեռնակաբերդէն բերուած ջահին մասին, Աբրահամեան Եպս. յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհասփիւռ դարձած հայերուն Ծիծեռնակաբերդը կը յիշեցնէ իրենց բնօրրանին, իրենց պապերուն, իրենց ընտանիքներուն սրբութիւնը։ Ծիծեռնակաբերդը մեզի կը մղէ յաւիտենացնելու մեր նախնիներու յիշատակը։ Ցեղասպանութիւնը սոսկ հայու կեանքին հանդէպ ոտնձգութիւն չէ, այլ՝ հայու ինքնութեան եւ ընտանիքի հանդէպ գերագոյն ոճիր է։ Հետեւաբար, Աբրահամեան Եպս. թելադրեց ամուր ըլլալ սիրտով ու հոգիով եւ զօրանալ հաւատքի ու հայրենիքի ոգիով։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայրապետական օրհնութեան գիրը ընթերցեց կաթողիկոսութեան միաբաններէն Արտաւազդ Վրդ. Շառոյեան։ Արամ Վեհափառ իր օրհնութեան գիրին մէջ նկատել կու տար, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհացրիւ միաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք յիշեալ մարզախաղերը առաջին հերթին շօշափելի արտայայտութիւնն են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին ներքին կազմակերպչական ոգիին ու ուժականութեան։ Այլ խօսքով՝ ուր որ ալ գտնուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ականները, ինչ միջավայրերու մէջ ալ ապրին ու գործեն, անոնք կը պատկանին նոյն ու մէկ ընտանիքին, որ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս միշտ եղած է հաւատարիմ մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն»։

Ապա, 107-ամեայ միութեան բնորոշումը կատարելով, Արամ Վեհափառ կը հաստատէր, որ «Դպրոց եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եւ է՛, որուն մաս կազմող անդամները մարդակերտումի ու հայակերտումի հաւատքով ու նուիրումով կը կազմաւորուին։

«Մեր ազգի իտէալներուն ջատագովը եղած է եւ է՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որուն անդամները գործնապէս մասնակից եղած են միշտ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։

«Վերջապէս, տասնամեակներ շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայրենիք դարձած է հայրենիքէն դուրս ապրող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն համար, եւ այսօր ազատ ու անկախ Հայաստանի հզօրացման ու անոր անկախութեան, գեիշխանութեան ու ամբողջականութեան նախանձախնդիր է ու հաւատարիմ»։

Իր օրհնութեան գիրին աւարտին, Արամ Վեհափառ կը թելադրէր. «Այսպէս պէտք է մնայ միշտ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, հաւատարիմ իր դաւանած սկզբունքներուն, արժէքներուն ու իտէալներուն։ Մեր սպասումն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ մարզախաղերուն մասնակիցները այս գիտակցութեամբ վերանորոգեն իրենց պատկանելիութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Թող Աստուած միշտ զօրեղ ու կազմակերպ պահէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը»։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը արտասանեց ատենապետ Յակոբ Խաչերեան։ Եղբայրը խօսքին սկիզբը նշեց, որ բացման հանդիսութիւնը իր թուականով ամէն բանէ առաջ կը պարտաւորեցնէ մեր սրտի ու հոգիի պարտքը կատարելու` յիշելու եւ վեր առնելու հայոց պատմութեան դարձակէտերէն երկուքը՝ Խանասորի արշաւանքը եւ Լիզպոնի հինգին հերոսական գործողութիւնը։ Ան յայտնեց, որ այսօր մենք բացակայ չենք արձանագրեր Վարդան Բախշեանին, Վիգէն Զաքարեանին, Վաչէ Ռոստոմեանին, Մոսիկ Սեքլեմեանին, Գէորգ Հաճեանին, Հայկ Դերիկլեանին, Յարութ Բանոյեանին, Յակոբ Ասթարճեանին, Գրիգոր Ղազարեանին, Էրիք Գալստեանին, Արտակ Մարտիրոսեանին, Արտակ Իշխանեանին եւ Արմէն Առուստամեանին, որոնք հայրենի հողը համբուրեցին եւ մտան քուն։

Խաչերեան ներկայացուց մարզախաղերու երեք ջահերու բոցավառման վայրերու ընտրութեան պատճառները եւ նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համահայկական ընտանիքի մարզիկներու կամաւոր բանակին այս հաւաքը, որ կ’երկարի 24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս, կ’ամբողջացնէ վերջին մէկ տարուան օղակներու շարքը միութեան համահայկական նախաձեռնութիւններու երկար շղթային՝ խմբապետական համագումար, միջ-դիւանական խորհրդաժողով, ամերիկեան եւ Միջին Արեւելեան ցամաքամասերու բանակում եւ այլն։

«Կը հաւաքուինք եւ կը միանանք մշակելու ուղեգիծներ եւ զանոնք իրականացնելու ծրագիրներ հայը հա՛յ պահելու, հայու ինքնութիւնը հաստատելու, ձուլումի վտանգին ենթակայ հայորդիները փրկելու, ազնիւ ու ծառայասէր պատանին ու վաղուան երիտասարդը պատրաստելու համար։ Այս բոլորը կը կատարենք նուիրումով, անշահախնդիր ու ինքնաբուխ։

«Աննման այս միութեան հաւատոյ հանգանակը մէկ ու միակ է՝ ծառայել հայ ազգին ու հայրենիքին։ 107 տարեկան ամենակազմակերպ, ամենաբազմանդամ, ամենաբազմաճիւղ երիտասարդ այս միութիւնը պիտի մնայ ապահով փարոս բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան որ մասնիկն են ՀԱՅ զարմին, պահապանը հայ հոգեւոր ժառանգին, պահակը հայ եկեղեցւոյ ու կամաւոր զինուորը ամբողջական, ազատ ու անկախ Հայաստանը իրականացնող բանակին», եզրափակեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը:

ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՋԱՀԻՆ ԲՈՑԱՎԱՌՈՒՄԸ

Խօսքերէն ետք հասաւ մարզախաղերու գլխաւոր ջահին բոցավառման պահը։ Ս. Էջմիածինի, Ծիծեռնակաբերդի եւ Եռաբլուրի երեք բոցերէն մէկ բոցի վերածուած ջահը, 17 մարզիկներու փոխանցավազքով «Հանրապետութեան» հրապարակ հասնելէ ետք, «Հրաշք»-ի մարզիկներէն Անիթա Եղոյեանի ձեռամբ փոխանցուեցաւ մարզախաղերու գլխաւոր ջահակիր, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բազմավաստակ մարզիկ, վարչական, բարերար, Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ նախկին անդամ եւ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր Հրաչ Սիսեռեանին, որ յամրաքայլ քայլերով մօտեցաւ ջահի պատուանդանին եւ ջերմ ծափողջոյններու ներքեւ վառեց զայն՝ ազդարարելով մարզախաղերուն պաշտօնական բացումը։

Յաջորդեց մարզախաղերու մարզիկներու եւ իրաւարարներու ներկայացուցիչներուն երդման արարողութիւնը։ Իրաւարար Դրօ Մուրատեան եւ աթլէթ Զուլալ Պեզճեան կատարեցին երդումը՝ յանուն 12-րդ մարզախաղերու մասնակիցներուն։

Երեկոյեան ժամը 9-ին հանդիսութիւնը փակուեցաւ խանդավառ համերգով՝ կատարողութեամբ «Արցախի ձայներ», «Երեւան փրոճէքթ» խումբերուն եւ Արաբօ Իսպիրեանին։ Համերգը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր։

ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ

Մարզախաղերը յաջողութեամբ շարունակուեցան Արտաշատի եւ Երեւանի մէջ, Հայաստան: Արտաշատի մէջ կատարուեցան աթլեթի մրցումները, ուր Հ․Մ․Ը․Մ․ Լիբանան անգամ մը եւս արձանագրեց փայլուն արդիւնքներ` արժանանալով 18 մետալի (6 ոսկի, 7 արծաթ եւ 5 պրոնզ): Հ․Մ․Ը․Մ․ Աւստրալիա տիրացաւ 8 մետալի (4 ոսկի, 2 արծաթ, 2 պրոնզ), իսկ Հ․Մ․Ը․Մ․ Քանատա (արծաթ), Հ․Ա․Ս․Կ․ (պրոնզ) եւ Պաղտատ (պրոնզ) մէկական մետալի:

Աթլեթի մրցումներուն փայլեցան Զուլալ Պեզճեան Լիբանանէն (2 ոսկի, 1 արծաթ) եւ Քրիս Զիլիֆեան Աւստրալիայէն (3 ոսկի): Զուլալ Պեզճեան նաեւ ունեցաւ մարզական գեղեցիկ կեցուածք, երբ 100 մեթր վազքի իր ոսկի մետալը նուիրեց չորրորդ հանդիսացած Հ․Մ․Ը․Մ․-ական արցախցի իր մրցակիցին` առ ի զօրակցութիւն բռնագրաւեալ հայրենիքին ու անոր տեղահան դարձած ժողովուրդին:

Աթլեթի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

100 Մ ՎԱԶՔ – ՏՂԱՔ
1.- Քրիս Զիլիֆեան (Աւստրալիա)
2.- Շահէն Վարժապետեան (Աւստրալիա)
3.- Ռոպերթ Կէօքճեան (Աւստրալիա)

100 Մ ՎԱԶՔ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Զուլալ Պեզճեան (Լիբանան)
2.- Լորեն Ակողլանեան (Լիբանան)
3.- Օրօր Թիքիճեան (Լիբանան)

800 Մ ՎԱԶՔ – ՏՂԱՔ
1.- Քրիս Զիլիֆեան (Աւստրալիա)
2.- Ռուբէն Թնկըրեան (Լիբանան)
3.- Կարէն Զէյթունեան (Աւստրալիա)

800 Մ ՎԱԶՔ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Քլէա Արաբաղեան (Լիբանան)
2.- Ալիք Քէշիշեան (Լիբանան)
3.- Օրօր Թիքիճեան (Լիբանան)

3000 Մ ՎԱԶՔ – ՏՂԱՔ
1.- Քրիս Զիլիֆեան (Աւստրալիա)
2.- Կարէն Զէյթունեան (Աւստրալիա)
3.- Ռուբէն Թնկրեան (Լիբանան)

3000 Մ ՎԱԶՔ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Քլէա Արաբաղեան (Լիբանան)
2.- Քրիստինա Օպարեան (Լիբանան)

ՄԷԿ ՔԱՅԼ ՈՍՏՈՒՄ – ՏՂԱՔ
1.- Շահէն Վարժապետեան (Աւստրալիա)
2.-  Լէօ Պետիրեան (Քանատա)
3.- Խաչիկ Թադէոսեան (Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․)

ՄԷԿ ՔԱՅԼ ՈՍՏՈՒՄ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Զուլալ Պեզճեան (Լիբանան)
2.- Լորեն Ակօղլանեան (Լիբանան)
3.- Ալիք Քէշիշեան (Լիբանան)
4.- Քրիստինա Օպարեան (Լիբանան)

ԳՈՒՆՏ ԱՐՁԱԿԵԼ – ՏՂԱՔ
1.- Ճորճ Չիֆճեան (Լիբանան)
2.- Նարեկ Քէշիշեան (Լիբանան)
3.- Սեւակ Գէորգ (Պաղտատ)

ԳՈՒՆՏ ԱՐՁԱԿԵԼ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Արինա Աբրահամեան (Լիբանան)
2.- Զուլալ Պեզճեան (Լիբանան)
3.- Գարէն Յովակիմեան (Լիբանան)

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին կատարուեցան հետեւեալ մրցումները.

ՖՈՒԹՊՈԼ – ԿՐՏՍԵՐ ՏՂԱՔ
Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ – Քանատա 0-3

ՖՈՒԹՊՈԼ – ՏՂԱՔ
Երուսաղէմ – Արեւմտեան ՄՆ 3-3
Ֆրանս – Մարսէյ 0-2

ՖՈՒԹՍԱԼ – ՏՂԱՔ
Լիբանան – Սթոքհոլմ 4-7ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ – ՏՂԱՔ
Արեւելեան Մ․Ն․ (2) – Արեւմտեան Մ․Ն․ (1) 103-48
Աւստրալիա (1) – Արցախ 86-46
Քանատա (2) – Արեւմտեան Մ․Ն․ (2) 51-97
Արեւելեան Մ․Ն․ (1) – Գահիրէ 83-50
Քանատա (1) – Աւստրալիա (2) 84-70
Քանատա (2) – Գահիրէ 53-82

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Արցախ – Արեւելեան Մ․Ն․ 56-40
Լիբանան – Աւստրալիա (1) 42-34
Գահիրէ – Արեւմտեան Մ․Ն․ 44-80

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ
Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ – Արցախ 54-48
Արեւմտեան Մ․Ն․ (2) – Արեւմտեան Մ․Ն․ (1) 72-86

 

 

 

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button