Արտերկիր

Գալուստ Կիւլպէնկեանի Մահուան 70-րդ Տարելից

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Խաժակ արք. Պարսամեան, հրաւիրուած էր Լիզպոն, մասնակցելու հայազգի նշանաւոր գործարար եւ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի մահուան 70-ամեակի յիշատակին նուիրուած աւանդական ձեռնարկներուն։ Այդ առթիւ՝ Յուլիս 18-ի առաւօտեան, Սրբազան հայրը այցելած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւն, ուր հանդիպում ունեցած է Հիմնարկութեան նախագահ Անթոնիօ Ֆեյժոյի եւ Հիմնարկութեան Հայկական բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։

Նոյն օրը՝ São Sebastião da Pedreira եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն՝ Գալուստ Սարգիսի Կիւլպէնկեանի հոգիի խաղաղութեան համար, որու ընթացքին Խաժակ Սրբազան «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթք կատարեց եւ իր ուղերձը յղեց։

Խաժակ Սրբազան գովեստով խօսեցաւ Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին՝ նշելով, որ ան նախագահ Ֆեյժոյի առաջնորդութեամբ կրցած է նորարարութիւն ներմուծել Հիմնարկութեան արժէքներուն հաւատարիմ մնալով հանդերձ։

Ելոյթի կարեւոր պահերէն էր ապագայ սերունդներու նկատմամբ պատասխանատւութեան շեշտադրումը․ «Ձեր ծրագրերէն օգտուող երիտասարդները պէտք է կարենան այդ միջոցառումներուն զգալ Կիւլպէնկեանի արժէքներու կենդանի շունչը։ Այդ կերպ հիմնադիրի պատգամը եւ ձգած ժառանգութիւնը պէտք է գոյատեւեն ժամանակին ընդառաջ»։

Երեկոյեան Սրբազանը մասնակցեցաւ Հիմնարկութեան նուագախումբի տօնական համերգին։

Կիրակի, Յուլիս 20-ին, քաղաքի եւ շրջակայ վայրերու հայ հաւատացեալները մեծ գոհունակութեամբ մասնակցեցան São Sebastião da Pedreira եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան հօր ձեռամբ մատուցուած պատարագին՝ նուիրուած Պայծառակերպութեան (Վարդավառի) տօնին, որ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցով կը նշուի Յուլիս 27-ին։ Սրբազան հօր սպասարկեց Սպանիոյ եւ Փորթուկալի հոգեւոր հովիւ Թորոս քահանայ Եսայեան։ Պատարագէն ետք, համայնքի անդամները, Սրբազանի սեղանապետութեան ներքոյ համախմբուեցան եկեղեցւոյ բակը կազմակերպուած տօնական սեղանին շուրջ, մտերմիկ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button