Գլխաւոր

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ՏՐՈՒԵՑԱՒ

Լուսանկարներ` Ռոբերտ Կարապետեանի

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման քսա­նամ­եա­կի ազ­դան­շա­նը տրուե­ցաւ Մարտ 10-ի շա­բա­թա­վեր­ջին: Ար­դա­րեւ Շա­բաթ Մարտ 11-ին, Նիւ ԵորքՆիւ Ճըրզիի մէջ, յի­շա­տա­կե­լի հան­դի­սու­թիւ­նով մը, տրուե­ցաւ ազ­դան­շա­նը այս ձեռ­նարկ­նե­րու շարքին: Մինչ այդ Լոս Ան­ճե­լը­սէն ժա­մա­նած »Էլե­մընթ«ը, որ այս առ­թիւ հրա­ւիր­ուած էր Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջան, ելոյթ ու­նե­ցաւ Նիւ ԵորքՆիւ Ճըր­զի կող­քին, նա­եւ Պոս­թը­նի եւ Ուա­շինկ­թը­նի մէջ:

 Շա­բաթ Մարտ 12, 2011ին,  հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Մ.Ա.Կ.ի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մնա­յուն դես­պան Տի­ար Կա­րէն Նա­զար­եա­նի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ`  Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի, Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան, մաս­նակ­ցու­թեամբ` Նիւ Եոր­քի եւ Նիւ Ճըրզիի Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն եւ աջակ­ցու­թեամբ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Կո­մի­տէ­նե­րու, Հայ Երի­տա­սար­դաց Դաշ­նակ­ցու­թեան մար­մին­նե­րու եւ Հայ Օգ­նու­թեան Վար­չու­թիւն­նե­րու,  մեծ շու­քով եւ հայ­րե­նա­շունչ մթնո­լոր­տում տօ­նա­կա­տար­ուեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ան­կա­խու­թեան 20ամ­եա­կը:

Հան­դի­սու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նիւ Ճըրզիի, Տուայթ Ինկլ­ւուտ դպրո­ցի մեծ հան­դի­սաս­րա­հում, աւե­լի քան 500 ներ­կա­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Գե­րաշ­նորհ Ման­ուէլ Եպս. Պա­թագ­եան, (Առաջ­նորդ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Կա­թո­ղի­կէ հա­յոց հա­մայն­քի), ար­ժա­նա­պա­տիւ հո­գե­ւոր հայ­րեր, Հ.Օ.Միու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի` ընկհ. Սիլ­վա Գո­ւյումճ­եան: Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` ընկ. Հրայր Պա­րոն­եան, Թէ­քէ­եան Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան ատե­նա­պետ` տի­ար Յա­կոբ Վար­դե­վառեան, Նիւ Ճըրզիի Հայ­կա­կան ռատի­ո­ժա­մի տնօ­րէն` տի­ար Վար­դան Ապտօ, »Հայ­րե­նիք« Շա­բա­թա­թեր­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ միու­թիւն­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Յայ­տագ­րին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնն էին բե­րել Քա­լի­ֆորն­իա­յից` »Էլեմընթ« հան­րա­ծա­նօթ նուա­գա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ` Արա Տա­պանճ­եա­նի, Նիւ Ճըրզիի Հա­մազ­գա­յի­նի »Արե­գակ« պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ` երա­ժիշտ, մե­ներ­գիչ Վա­ղար­շակ Օհան­եա­նի, »Աղ­թա­մար« պա­րա­խում­բը, պա­րու­սոյց` Սիլ­վա Ասա­տուր­եա­նի: »Երազ« պա­րա­խում­բը, պա­րու­սոյցներ` Գառ­նիկ Ներ­սէս­եա­նի եւ Լե­նա Օրանճ­եա­նի:

Յայ­տա­գի­րը սկսուեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նիւ Ճըրզիի Սկաուտ­նե­րի դրօ­շակ­նե­րի շքեր­թով, որից յե­տոյ պաս­տա­ռի վրայ ցու­ցադր­ուեց, Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մից տրա­մադր­ուած, հա­յոց բա­նա­կի տո­ղանց­քի տե­սա­ե­րի­զը:

Հա­յոց Բա­նա­կի մար­տիկ­նե­րի խրոխտ ու մար­տա­կան տո­ղանց­քը արդ­ի­ա­կան թնդա­նօթ­նե­րի եւ հրա­սայ­լե­րի եր­թը եւ ռազ­մա­կան կոր­ծա­նիչ օդա­նա­ւե­րի ճախ­րան­քը հայ­րե­նի երկն­քում` յուզ­մուն­քի, ոգե­ւո­րու­թեան եւ ազ­գա­յին հպար­տան­քի մթնո­լորտ ստեղծ­եցին:

Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին օրհ­ներգ­նե­րը կա­տա­րե­ցին »Էլեմընթ« նուա­գախմ­բի մե­ներ­գիչ­ներ` Հայ­բերդ Սար­եա­նը եւ Գառ­նի Հա­տիտ­եա­նը:

Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան անու­նից, բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց ընկ. Դոկտ. Հրանդ Մար­գար­եա­նը:

Ստո­րեւ որոշ հատ­ուած­ներ ընկ. Մար­գար­եա­նի խօս­քից.- »Ող­ջու­նում են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 20ամ­եա­կի առա­ջին տօ­նախմ­բու­թիւնը: Հպար­տու­թեան տա­րի է այս տա­րի, պարտ­քի եւ գի­տակ­ցու­թեան տա­րի է այս տա­րի:

Եր­ջա­նիկ­նե­րից ենք մենք, որ մեր նախ­կին սե­րունդ­նե­րի նման ջար­դի ճամ­բով չան­ցանք:

Երա­զե­ցին անոնք եւ այդ երա­զը մեզ մօտ իրա­կա­նա­ցաւ: Անց­եալ դա­րու ան­կա­խու­թեան պսա­կը հան­դի­սա­ցաւ Մա­յիս 28ը, կար­ճա­տեւ` բայց հիմ­քը դրեց մեր 6րդ ան­կա­խու­թեա­նը: Սխա­լը չհասկ­նա­լու  հա­մար, կ՛ու­զէի նշել, որ ոչ ոք կ՛ու­զէ ան­տե­սել Սո­վե­տա­կան Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թիւնը, 70 տա­րի­ներ շա­րու­նա­կա­բար անվ­տան­գու­թիւն պար­գե­ւող իրա­ւա­կար­գը եւ այդ տա­րի­նե­րու նուա­ճում­նե­րը պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւն է այ­լեւս, սա­կայն պէտք է ըն­դու­նենք, որ Հա­յաս­տա­նը ան­կախ պե­տու­թիւն չէր, ու­րիշ պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թեան տակ էր, փառք Արա­րա­տին, ահա­ւա­սիկ այ­սօր մեր եր­կի­րը ան­կա­խա­ցած է եւ մի­ջազ­գա­յին ատ­եան­նե­րում, հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան խօս­նակն է ու պաշտ­պա­նը: Իսկ մենք զա­ւակ­նե­րը այդ դա­րա­ւոր ան­կախ հայ­րե­նի­քի նկատ­մամբ, պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նինք, զօ­րաց­նել Հա­յաս­տա­նը բո­լոր մար­զե­րու մէջ, բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ, տնտե­սա­յին, ըն­կե­րա­յին, մշա­կու­թա­յին, զօ­րաց­նել Հա­յաս­տա­նը պայ­ծառ ապա­գա­յի հե­ռան­կա­րով: Ատոր հա­մար է, որ Հա­մազ­գա­յի­նը ան­կա­խու­թե­նէն ետք, բազ­մա­թիւ եւ բազ­մա­տե­սակ ներդ­րում­ներ ու­նե­ցաւ ազատ եւ ան­կախ Հա­յաս­տա­նում«:

Ըն­կեր Հրան­դը իր խօս­քը շա­րու­նա­կե­լով նշեց »Փառք հայ ժո­ղովր­դին, մենք ան­բա­ժան ենք իրա­րից, մեր տեն­չե­րով, յոյ­սե­րով ու յոյ­զե­րով, ապա­գա­յի սլաց­քով:

Սի­րե­լի­ներ` այս 20ամ­եա­կը ուխ­տի ամ­եակ ընենք, ուխ­տենք որ ամէն գնով զօ­րաց­նենք մեր հայ­րե­նի­քը, բար­գա­ւա­ճի, ուռ­ճա­նայ եւ օր մըն ալ թե­ւե­րը եր­կա­րէ գրկէ Արա­րա­տը եւ որ­բա­ցած Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նը: Փառք յա­ւեր­ժա­կան Հա­յաս­տա­նին«:

Ընկ. Հրան­դի խօս­քը ըն­կալ­ուեց բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով:

Ապա բեմ հրա­ւիր­ուեց, Մ.Ա.Կ.ի մօտ Հ.Հ. մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տի­ար Կա­րէն Նա­զար­եա­նը, որ իր պատ­գա­մը փո­խան­ցէ:

Ստո­րեւ փո­խան­ցում եմ, որոշ հատ­ուած­ներ իր պատ­գա­մից.և

»Ու­րախ եմ, որ երե­կոն տե­ղի է ու­նե­նում Նիւ Եոր­քի եւ Նիւ Ճըրզիի հա­յու­թեան շրջա­նում, առիթ հան­դի­սա­նա­լով ոգե­կո­չե­լու հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան 20ամ­եա­կը: Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը առա­ջին եր­կիր­նե­րից էր, որ ճա­նա­չեց Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնը: Մեր եր­կու եր­կիր­նե­րի մի­ջեւ 1991 թուա­կա­նից ի վեր հաս­տատ­ուե­ցին բա­րե­կա­մա­կան, օգ­տա­կար, փո­խա­դարձ վստա­հե­լի եւ բա­րի դրի­աց­ի­ա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ:

Ամե­րի­կա­հայու­թիւնը իր առանձ­նա­յա­տուկ ներդ­րումն ու դե­րա­կա­տա­րումն ու­նի, ինչ­պէս Երե­ւա­նի եւ Ուա­շինկ­թը­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի ձե­ւա­ւոր­ման, այդ­պէս էլ մի­ա­ւոր­ուած ազ­գե­րի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րում մեր դիւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հիմ­նադր­ման եւ նրա կազ­մա­ւոր­ման ըն­թաց­քին:

Ես ու­րախ եմ փաս­տե­լու որ հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րի եւ պար­զա­պէս ան­հատ­նե­րի ու յատ­կա­պէս ամե­րի­կա­հայ երի­տա­սարդ­նե­րի շրջա­նում հե­տաքրք­րու­թիւն է նկատ­ւում, մեր աշ­խա­տան­քի եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան նկատ­մամբ: Այդ հե­տաքրք­րու­թիւնը մեզ հա­մար շատ կա­րե­ւոր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն է: Մեր եր­կի­րը այ­սօր կանգ­նած է աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րի առ­ջեւ: Հա­յաս­տա­նում ու Ար­ցա­խում շա­րու­նակ­ւում են կա­րե­ւոր գոր­ծըն­թացք­ներ, բա­ւա­կա­նին արագ փո­փոխ­ւում է մի­ջա­վայ­րը եւ տե­ղի են ու­նե­նում շրջա­դար­ձա­յին զար­գա­ցում­ներ: Իր 20ամ­եայ ան­կա­խու­թեան շրջա­նում, Հա­յաս­տա­նը ան­ցել է ճգնա­ժա­մե­րի մի­ջով, այո եր­բեմն սխալ­նե­րով, բայց յաղ­թա­հա­րել է այդ փոր­ձու­թիւն­նե­րը:

Այ­սօր մեր եր­կի­րը բռնել է վե­րել­քի եւ զար­գաց­ման ճա­նա­պար­հը, դուրս գա­լով հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մից: Յաղ­թե­լով, յաղ­թա­հա­րել է իր հա­րե­ւան­նե­րի կող­մից անօ­րի­նա­կան շրջա­փա­կու­մը, ինչ­պէս նա­եւ կան­խե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի շփման գծի վրայ զի­նա­դա­դա­րի յա­ճա­խա­կի խախ­տում­ներն ու ահա­բեկ­չա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւ­ննե­րը:

Չնա­յած այս ամէ­նին, Հա­յաս­տա­նը այ­սօր շա­րու­նա­կում է իր զար­գաց­ման դժուա­րին, բայց մի­ակ ճիշդ ճա­նա­պար­հը:

Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան եւ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան, մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նում, յա­րա­տեւ անվ­տան­գու­թեան ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մի­ջա­վայ­րի ձե­ւա­ւոր­ման ճա­նա­պար­հով:

Այս ճա­նա­պար­հին հաս­նե­լու հա­մար պէտք ու­նենք բազ­մա­պատկ­ուած զո­հո­ղու­թիւն­ներ, ներ­քին հաշ­ուետ­ուու­թիւն, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ օրէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան կա­տա­րե­լա­գոր­ծում եւ այդ ճա­նա­պար­հը կ՛անց­նենք մի­աս­նա­բար Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի ու Սփիւռ­քի եռամ­ի­աս­նու­թիւնը ամ­րապն­դե­լու մի­ջո­ցով:

Մշտա­պէս յի­շե­լով, որ գո­յու­թիւն ու­նի մէկ հայ ժո­ղո­վուրդ, մեր մայր հայրենիք, նոյն ար­մա­տից ծնուող մէկ մշա­կոյթ եւ այս հա­ւա­քա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան անունն է Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն:

Այս հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թեան առ­թիւ ցան­կա­նում եմ շնոր­հա­ւո­րանք­ներս ուղ­ղել Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 20րդ տա­րե­դար­ձի կա­պակ­ցու­թեամբ, բո­լո­րիդ ու մաղ­թել արեւ­շա­տու­թիւն, ստեղ­ծա­րար աշ­խա­տանք ի բա­րօրու­թիւն Հա­յաս­տա­նի եւ Հայ ժո­ղովր­դի«:

Պատ­գա­մը դի­մա­ւոր­ուեց ծա­փող­ջոյն­նե­րով:

Ինչ­պէս վե­րե­ւում նշե­ցինք, յայ­տագ­րին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնն էին բե­րել, Քա­լի­ֆորն­իա­յից »Էլեմընթ« նուա­գա­խում­բը, Նիւ Ճըրզիի Հա­մազ­գա­յի­նի »Արե­գակ« ման­կաևպա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բը, »Երազ« եւ »Աղ­թա­մար« պա­րա­խում­բե­րը:

Վե­րո­յիշ­եալ խմբե­րը իրենց մշակ­ուած եւ գե­ղե­ցիկ ելոյթ­նե­րով մեծ ոգե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­ցին:

Ու­շագ­րաւ էր, »Արե­գակ« ման­կաևպա­տա­նե­կան երգ­չախմ­բի մա­նուկ­նե­րի, կար­գա­պա­հու­թիւնը եւ հա­մար­ձակ եւ ներ­դաշ­նակ եր­գե­ցո­ղու­թիւնը:

Հան­դի­սու­թեան աւար­տին, պա­րախմ­բե­րի ան­դամ­նե­րի կող­մից մեծ թիւով, եռա­գոյն դրօ­շակ­ներ բաժն­ուեց ներ­կա­նե­րի մէջ, որը ստեղ­ծեց օր­ուան պատ­շած տօ­նա­կան մթնո­լորտ: 

ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա. ԳՐԻ­ԳՈՐ­ԵԱՆ

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button