Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ «ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Կիրակի, 13 Յուլիսին, «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի 39-րդ տարեշրջանը իր աւարտին հասաւ Սուրբ Պատարագով, զոր մատուցանեց լսարանի դասատուներէն Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ ի յիշատակ լսարանի հանգուցեալ աշակերտներուն եւ բարերարներուն։ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էին յատուկ ճաշկերոյթ մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն պատրաստութիւնը ստանձնած էր Տիկնանց Միութիւնը, իսկ հովանաւորութիւնը՝ Հայ Օգնութեան Միութեան «Ակնունի», «Արմենուհի» եւ «Շաքէ» մասնաճիւղերը։
Այս տարուան լսարանը տեղի ունեցաւ «Շիլոհ» (Հիւիթ, Նիւ Ճըրզի) ճամբարին մէջ, 58 աշակերտներու մասնակցութեամբ, 19 դասատուներէ եւ օգնականներէ բաղկացած անձնակազմով։ Մէկ շաբթուան երկայնքին 20 ժամուան դասաւանդութիւնր չորս տարեշրջաններու ընթացքին կ՚ընդգրկէ քրիստոնէական հաւատքի հիմնական նիւթեր, ինչպէս Սուրբ Գիրքը, տօներն ու խորհուրդները, Նիկիոյ հանգանակները, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու սուրբերը, աղօթքներ, պաշտամունք եւ մերօրեայ երիտասարդութեան դիմագրաւած բարոյական հարցեր։ Լսարանի քառամեայ ծրագրի ամբողջացումէն ետք, կարգ մը աշակերտներ կը նախընտրեն վերադառնալ յետ-աւարտական ուսման հետեւելու համար։ Դասարանային փորձառութեան կողքին, ամէն օր մարզական խաղեր եւ զբօսանքի պահեր կան, ինչպէս եւ առաւօտեան եւ երեկոյեան եկեղեցական արարողութիւններ։

Այս տարի Ա. մակարդակը 23 աշակերտ ունեցաւ, Բ. մակարդակը՝ 15, Գ. մակարդակը՝ 6, Դ. մակարդակը՝ 10, իսկ չորս հոգի արձանագրուեցան յետ-աւարտական դասերու։ Տասներկու տարբեր համայնքներ հայթայթած էին 58 մասնակիցները։

