Լրահոս

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Ցոյցը՝ Սահմանադրական Դատարանին Դիմաց

ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 5-ին՝ Սահմանադրութեան 30-ամեակի օրը, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները ցոյց մը կատարեցին Սահմանադրական Դատարանին դիմաց։

«Այսօր մեր Սահմանադրութիւնը շղթայուած է՝ նմանաբար մեր ժողովուրդին։ Օրէնքի զօրութիւնը տապալուած է, քաղաքացւոյ արժանապատուութիւնը՝ ոտնահարուած։ Օրէնքի գերակայութեան փոխարէն գործի վրայ է SMS-ային արդարադատութիւն եւ նիկոլահաճոյ քաղաքականութիւն՝ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ», — յայտարարեցին ցոյցին մասնակիցները։

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամ Տարոն Մանուկեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Մենք ունինք յստակ նպատակ՝ օր մը այս շղթաները պիտի արձակուին, եւ մենք պիտի ապրինք իսկապէս իրաւական ու արդար հայրենիքի մը մէջ»։

Աւարտին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները «Շղթայուած Սահմանադրութիւնը» զետեղեցին Սահմանադրական Դատարանին դիմաց։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button