Գլխաւոր

Ցուցարարներ Պահանջեցին Ազատ Արձակել Սամուէլ Կարապետեանը

 

ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, Յուլիս 4-ին, բազմահազար ցուցարարներ աջակցութիւն յայտնեցին ռուսահայ ձերբակալուած գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանին:

Մինչ այդ, Մաշտոցի պողոտայի Տիանա Աբգարի անուան այգիէն Կարապետեանի հազարաւոր աջակիցները սկսան երթ դէպի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնք, ուր կը գտնուի «Երեւան-Կենտրոն» քրէակատարողական հիմնարկը:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ հոգեւորականներ, անոնք պահանջեցին ազատ արձակել Սամուէլ Կարապետեանը, նաեւ անդրադարձան բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ իշխանութիւններու արդէն մէկ ամիս շարունակուող արշաւին` այս ամէնը որակելով հակասահմանադրական:

Ցոյցի ընթացքին Կարապետեանի փաստաբաններէն Արամ Վարդեւանեան կարդաց Սամուէլ Կարապետեանի ուղերձը, որուն մէջ գործարարը մասնաւորապէս կը նշէ. «Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը ընելիք չունին Հայաստանի մէջ եւ պէտք է կապ չունենան հայ ժողովուրդի ապագային հետ»:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button