ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ.- Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան Ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ համաժողովէն ընտրուած կեդրոնական վարչութիւնը իր երկրորդ լիակատար նիստերը գումարեց 18-24 Յունիսին, Ճոհաննեսպըրկի (Հարաւային Ափրիկէ) մէջ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ժողովին մասնակցեցաւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
Հայր Սուրբը նիստերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ զանազան մակարդակներու վրայ, մազ կազմելով քաղաքականութեան յանձնարարութեան (Policy Reference) յանձնախումբին եւ վարելով ուսման եւ միջ-եկեղեցական կազմաւորման յանձնաժողովի համա-ատենապետութիւնը։
Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան նոյնպէս հայկական իրականութիւնը ներկայացուց, անդրադառնալով հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացած ցեղասպանութեան խնդիրներուն։
Ճոհաննեսպըրկի մէջ գումարուած նիստերուն ընթացքին քննարկուեցան ռազմավարութեան եւ կառավարման հարցեր եւ 2030 թուականին կայանալիք ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն սկիզբ տրուեցաւ: ԿեդրոնականՎարչութիւնը նաեւ շարունակեց «Արդարութեան, հաշտեցման եւ միասնութեան ուխտագնացութիւն» թեմային առնչուած իր գործունէութիւնը, յատկապէս Հարաւային Ափրիկէի եկեղեցիներու հետ:
Նիստերուն ընթացքին Կեդրոնական Վարչութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի անդամակցութեան դիմում ստացաւ չորս եկեղեցիներէ, որոնցմէ մէկը հաստատեց առժամեայ դրութեամբ, իսկ միւս երեքը կը մնան քննարկման ընթացքի մէջ:
Յատկանշական էր, ի շարս այլոց, խտրականութեան (apartheid) թանգարանին այցելութիւնը, որ կը ներկայացնէ Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդի պատմութիւնն ու ազատագրական պայքարը: Այս նիւթով դասախօսեց Հայր Մայքըլ Լափսլի «Ուխտագնացութեան հանդիպում. Հարաւային Ափրիկէ» խորագիրով նիստի ընթացքին։ Ան թիրախ դարձած էր 1990 թուականին իր քաղաքական գործունէութեան համար եւ ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով կորսնցուցած էր ձեռքերն ու մէկ աչքը: Իր ունեցած փորձութիւններէն ետք, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տառապողներու պաշտպան դարձաւ: