Լրահոս

Մահազդ – Սիրան Սալիպեան (1934-2025)

Ոչ Եւս է տիկին Սիրան Սալիպեանը, որ գրեթէ քառասուն տարի ծառայած էր Պոսթընի Հայկական ծերանոցին։ Տիկին Սալիպեան մահացաւ Յունիս 28-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, իր սիրելի զաւակներուն՝ Կարոյին եւ Ռիթային կողքին։ Ան 90 տարեկան էր։

Ծնած Նոյեմբեր 17, 1934-ին՝ Դամասկոս (Սուրիա), Արմենակ եւ Վերա Մահտէսեաններու չորս զաւակներէն մէկն էր, էլմաստի, Աւետիսի եւ Ղեւոնդի կողքին, եւ մէկ մեծ քոյրով՝ Էլմաստ։

Փոքր տարիքէն Պէյրութ փոխադրուած, ան գործեց Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի մանուկներու բաժնէն ներս, իբեր հիւանդապահուհի։

Ապրիլ 1958-ին, Սիրան ամուսնացաւ Նշան Սալիպեանի հետ։ Ամոլը բախտաւորուեցաւ երկու զաւակներով՝ Կարօ եւ Ռիթա։ Դժբախտաբար 1973-ին, յանկարծամահ եղաւ  Սիրանին կողակիցը։ Ան չընկրկեցաւ եւ անվհատ շարունակեց աշխատիլ եւ թիկունք կանգնիլ իր զաւակներուն։

Երկար ժամեր գործեց ան, գիշեր-ցերեկ հոգալով անօգնական հիւանդներուն, մինչեւ որ մէջքի վնասուածք մը ստիպեց զինք փոխադրման գրասեղանի պաշտօն կատարել։

1975-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բռնկումին ժամանակ, Սիրան շաբաթներ շարունակ հեռու մնաց իր զաւակներէն։ 1976-ին, ան որոշեց գաղթել Միացեալ Նահանգներ։ Որպէս այրի եւ երկու զաւակներու մայր, այս ճամբորդութիւնը ծանր եւ վտանգաւոր էր, բայց Սիրան չգիտցաւ նահանջ։ Սիրելի բարեկամներ՝ Հերի եւ Հրիփ Փարսեղեաններու օգնութեամբ, ան իր զաւակներուն հետ հաստատուեցաւ Ուաթըրթաուն (Մասաչուսէց)։ Սիրան շուտով լծուեցաւ աշխատանքի, երբեմն նոյնիսկ գիշերային ժամեր գործելով։

Սիրան Սալիպեանի ժառանգութեան ամենանշանաւոր յատկանիշը պիտի մնայ իր տասնամեակներու ծառայութիւնը Ճամեյքա Փլէյնի (Մասաչուսէց) հայկական ծերանոցը։ Ան ստանձնեց, այդ կառոյցին ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը, որ կատարեց ամէնայն բծախնդրութեամբ եւ նուիրումով։ Ան կ՛ապրէր, կը զրուցէր․ կ՛երգէր եւ կը պարէր ծերանոցի այդ հարիւրաւոր «բնակիչներ»-ուն հետ, որոնք որքա՜ն երախտապարտ էին ։

Ամէն տարի՝ Ապրիլեան Ցեղասպանութեան նշումին, ան կը փոխադրէր բնակիչները, որոնց մէկ մասը ցեղասպանութենէն ճողոպրած էին, Մասաչուսէցի օրէնսդարանի շէնք՝ որպէսզի մասնակցին ոգեկոչման։ Սիրան սիրով անոնց կը կոչէր «մամա» եւ «հայրիկ»։ Երբեմն կը խորհէր եւ կ՛ըսէր. «Իմ ընտանիքս, աշխատանքս եւ բնակիչներս իմ օրհնութիւնս են»։

Վստահաբար, պիտի չըլլայ այլ «Տիկին Սիրան» մը։

Սգակիրներն են․-

Զաւակները՝

Կարօ Սալիպեան եւ իր կինը՝ Սալբի (Իրվայն, Քալիֆորնիա)

Ռիթա Երէցեան եւ իր ամուսինը՝ Գէորգ (Մարլպoրօ, Մասաչուսէց)

Թոռները՝ Լիզա Առաքէլեան, Կարէն Սալիպեան, Շանթ Երէցեան եւ Արէք Սալիպեան

Ծոռները՝ Ալիք Արաքէլեան, Լիանա եւ Միա Սալիպեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ՝ Հինգշաբթի, Յուլիս 10, 2025-ին, Սուրբ Յակոբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ (465 Mt. Auburn Street, Watertown, MA) մէջ։ Թաղման կարգ՝ ժամը 10-ին, ապա արարողութիւն՝ ժամը 11-ին։ Հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի (Mount Feake Cemetery, Waլtham, MA):

Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել հետեւեալ հաստատութիւններուն.-

Armenian Women’s Welfare Association (AWWA), 435 Pond Street, Jamaica Plain, MA 02130

St. James Armenian Church, 465 Mt. Auburn St., Watertown, MA 02472

St. Stephen’s Armenian Apostolic Church, 38 Elton Ave, Watertown, MA 02472.

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button