ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց աւելի քան 120 անձեր, որոնք կը գտնուին փտածութեան մեղադրանքներու տակ։ Ձերբակալեալները առնչութիւններ ունին Իզմիր քաղաքապետարանին հետ, որուն կատարած գործառնութիւններուն շուրջ հետաքննութիւններ բացուած են։ Իզմիրի քաղաքապետարանը կը գտնուի ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան կառավարման տակ։
Ձերբակալեալներուն շարքին են Իզմիրի նախկին քաղաքապետ Թունչ Սոյեր եւ ընդդիմադիր կուսակցութեան նահանգային կապի ղեկավար Շենոլ Ասլանօղլու։ Իզմիր Թուրքիոյ երրորդ մեծագոյն քաղաքն է՝ Պոլիսէն եւ Անգարայէն ետք։ Քաղաքը կը համարուի ընդդիմադիր կուսակցութեան գլխաւոր յենարանը։
*
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարաք ընդգծեց Թուրքիոյ դերակատարութիւնը՝ Միջին Արեւելքի մէջ ապահովութեան նոր ուղիի մը կառուցման ճիգերուն մէջ՝ Թուրքիան համարելով կարեւոր ներուժ ունեցող շրջանային պետութիւն մը։
Անդրադառնալով Իսրայէլ – Իրան լարուածութեան, ամերիկացի դեսպանը նշեց, որ ժամանակն է կառուցելու ապահովութեան նոր ուղի մը, ուր Թուրքիա ունի իր կենսական դերակատարութիւնը։
Պարաք, որ նաեւ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչն է, անդրադարձաւ թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ ըսաւ, որ նախագահներ՝ Թրամփ եւ Էրտողան, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Ռուպիօ եւ Ֆիտան, ունին լաւ յարաբերութիւններ եւ կը վստահին իրարու։
խօսելով ՆԱԹՕ-ի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան, Պարաք յայտարարեց, որ Թուրքիա արեւմտեան զինակցութեան մէջ կարեւոր դաշնակից մըն է։
*
Անգարայի մէջ կայացաւ Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա առեւտրական կապերու երկխօսութեան նիստը, որուն ընթացքին Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Օմէր Պոլաթ անդրադարձաւ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ մաքսատնային դրութեան այժմէականացման կարեւորութեան։ Ան նշեց, որ կարելի չէ կառավարել առեւտուրի մարզը 30 տարի առաջ հաստատուած օրէնքներու միջոցով։
Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ վիզայի ազատականացման խնդիրը կը դառնայ առաջնահերթ հարց մը՝ Եւրոպական Միութեան համար։
Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան առեւտուրի հարցերով յանձնակատար Մարոս Սեֆքովիչ նշեց, որ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան առեւտրական եւ ներդրումային մեծագոյն գործընկերն է։Ան ըսաւ, որ կ՛ակնկալուի, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ առեւտուրը այս տարի հասնի 210 միլիառ եւրոյի։
*
Թուրքիա գալ տարի Անգարայի մէջ պիտի հիւրընկալէ ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովը, որ պիտի կայանայ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող զինուորական հսկայական համալիրին մէջ։
Խորքին մէջ կառուցուող համալիրը պիտի ըլլայ թրքական բանակին ցամաքային, ծովուժի, օդուժի, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ սպայակոյտին հրամանատարութիւններուն կեդրոնատեղին։
Այըլտըզ կոչուող այս համալիրը շատ աւելի ընդարձակ է քան ամերիկեան Փենթակոնը եւ ունի 12.6 միլիոն քառակուսի մեթր տարածութիւն։ Անիկա կ՛ընգրկէ վերգետնեայ եւ ստորերկեայ բաժիններ։ Գետնին տակ կառուցուող բաժինները ունին միջցամաքամասային, քիմիական եւ կենսաբանական հրթիռներու դիմակալելու կարողութիւն՝ ամբողջական համակարգերով։ Այս համալիրին կառուցման աշխատանքները ընթացք առին 2021-ին։
*
Թուրքիոյ զինամթերքի եւ սարքերու ճարտարարուեստի մարզին արտածումները անցեալ ամիս 10,4 առ հարիւրի աճ արձանագրած են՝ բաղդատած անցեալ տարուան նոյն ամսուան տուեալներուն հետ։
Թուրքիոյ զինական ճարտարարուեստի արտածումները անցեալ տարի հասած են 7,15 միլիառ տոլարի, մինչ անոնք 2002ին միայն 248 միլիոն տոլար էին։ Ինչ կը վերաբերի պաշտպանական բնոյթի ծրագրերուն, ապա ներկայիս Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 1100 ծրագրեր կ՛իրագործուին։