Լրահոս
Հայաստանի Հետ Սահմանի Անցակէտը Թալէաթ Փաշա Կոչելու Առաջարկ
Թուրքիոյ ազգայնական «Լաւ» կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Մուսաւաթ Տերվիշօղլու խորհրդարանին մօտ օրէնքի նախագիծ ներկայացուցած է, առաջարկելով Հայաստանի հետ սահմանին տեղակայուած Ալիջան անցակէտը անուանափոխել Թալէաթ փաշայի անունով:
«Այս անուանափոխութիւնը միայն ցուցանակի փոփոխութիւն չէ, անիկա թուրք ժողովուրդի կամքի դրսեւորումն է` տէր կանգնելու սեփական պատմութեան, հերոսներուն եւ յիշողութեան, որովհետեւ ազգային հերոսները մոռցող ժողովուրդները ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը մատնուին: Ալիջան սահմանային անցակէտի անուանափոխումը Թալէաթ փաշայի անունով միեւնոյն ժամանակ կը նշանակէ, որ թշնամիին դիմաց ամուր կանգնած ժողովուրդը սեփական սահմաններուն վրայ կը դրոշմէ իր պատմական ինքնութիւնը», կը նշուի օրինագիծին մէջ:
Նախագիծը ցարդ ստորագրած է 28 երեսփոխան: