Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

 

Հայաստանի նոր սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան Հռչակագրի յղում կատարելու կամ զայն դուրս ձգելու որոշումը պիտի տայ սահմանադրական փոփոխութիւններու խորհուրդը՝ քուէարկութեամբ, յայտարարեց արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Կալեան։

Խնդիրը այն է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արդէն իսկ հրապարակած է իր տեսակէտը, թէ Անկախութեան Հռչակագիրը տագնապ կրնայ ստեղծել, հետեւաբար անիկա պէտք չէ մաս կազմէ Սահմանադրութեան։ Նման պահանջ ներկայացուցած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ Անկախութեան Հռչակագրին մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ հողային պահանջներ կը տեսնէ։ Այս իմաստով Փաշինեանի եւ Ալիեւի տեսակէտները համահունչ են, հակառակ անոր որ Փաշինեան առիթ չի փախցներ յայտարարելու, որ Սահմանադրութեան վերախմբագրումը Հայաստանի ներքին գործն է։

*

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա ոչ մէկ ճնշում կը բանեցնէ Հայաստանի կառավարող շրջանակներու վրայ, սակայն յստակութիւններ կ՛ուզէ բոլոր հարցերու պարագային։

Ռուսիոյ  դիւանագիտութեան պետին համաձայն, եթէ Հայաստան երես դարձնէ իր դաշնակիցներուն, մօտիկ գործընկերներուն եւ դրացիներուն, ապա ասիկա հազիւ թէ օգուտ կու տայ հայ ժողովուրդին։Լաւրով այս յայտարարութիւնը կատարեց Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագիր Կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին, որմէ բացակայեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Երեւանի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ սառեցուցած են իրենց մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի բոլոր գործունէութիւններուն եւ հրաժարած՝ Հայաստանի նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելէ։ Հայկական բանակն ալ բաւական ժամանակէ ի վեր չի մասնակցիր կառոյցին ռազմափորձերուն։ Երեւան սակայն պաշտօնապէս չէ դիմած  ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հոլովոյթ սկսելու համար։

*

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ անդրադառնալով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կապուած զարգացումներուն, յայտարարեց, որ տեղեկատուական սարսափելի արշաւ կը կատարուի եւ զարգացումները կը պառակտեն հայ հասարակութիւնը՝ այն արժէքներուն շուրջ, որոնք միշտ միաւորած են հայերը եւ օգնած են, որ հայ ժողովուրդը յաղթահարէ նոյնիսկ սարսափելի փորձութիւնները։ Իսկ հիմա այս հիմնարար սկզբունքները յանկարծ արհեստականօրէն վերածուած են կռուախնձորի։

Մարիա Զախարովա նշեց, որ այս իրադարձութիւնները ինչո՞ւ Ռուսիոյ հետ կը կապուին։ «Ռուսիա շահագրգռուած է բարգաւաճ եւ կայուն Հայաստանով մը, որ ձեռնտու է Ռուսիոյ համար», ըսաւ ան։

«Ռուսիա կողմնակից է Սահմանադրութեան վրայ հիմնուած օրէնքներու պահպանման, քաղաքացիներու  իրաւունքներու եւ ազատութիւններու  ապահովմամբ, մանաւանդ երբ իշխանութիւնները այս մասին այդքան հրապարակաւ խօսած են եւ զայն վերածած են իրենց նախընտրական քարոզչական արշաւին մէկ մասին», եզրակացուց Զախարովա։

*

Ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող «Առաւօտ» օրաթերթի թղթակիցին արգիլուեցաւ հարցում ուղղել Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխ նախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ընդարձակման հարցերով ներկայացուցիչ Քայա Քալասի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ անոր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։

Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցը «Առաւօտ»-ի թղթակիցէն պահանջեց հարցումին բովանդակութիւնը։ Ան ապա որոշեց,որ թղթակիցը իրաւունք չունի հարցում հարցնելու։ Աւելի ուշ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը պատճառաբանեց, որ Քալասի եւ Միրզոյեանի միայն երկուքական հարցում պէտք էր հարցուէր, «Առաւօտ»-ի թղթակիցը զրկուած էր հարցում հարցնելու իրաւունքէն, որովհետեւ արդէն իսկ հարցումները ամբողջացած էին։ Ան պիտի հարցնէր արցախահայութեան վերադարձի եւ Ատրպէյճանի դէմ Եւրոպական Միութեան վարած քաղաքականութեան մասին։

*

Շուրջ տասնեակ մը սփիւռքահայ գործարարներ բաց նամակ մը յղեցին Նիկոլ Փաշինեանին, պահանջելով հրապարակել այն բառերը եւ արտայայտութիւնները, որոնք կրնան ջղայնութիւն պատճառել վարչապետին, եւ այդ պատճառաւ խնդրոյ առարկայ անձը կալանաւորուի։

Սփիւռքահայ գործարարները մտահոգութիւն յայտնեցին իրենց ներդրումներուն ճակատագրին համար եւ դիտել տուին, որ աշխարհի ամենէն հարուստ եւ ազդեցիկ հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեան կալանաւորուեցաւ, որովհետեւ արտաբերեց «մենք հարցերը կը լուծենք մեր ձեւով» արտայայտութիւնը։ Գործարարները յայտնեցին, որ շփոթի մատնուած եւ անհանգստացած են։

 

 

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button