ԳլխաւորԼրահոս

Իշխան Սաղաթէլեանի Հանդիպումները Պրիւքսէլի Մէջ

ՊՐԻՒՔՍԵԼ․- Աշխատանքային այցով, Պելճիքայի մայրաքաղաքը ժամանած Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, Յուլիս 1-2-ին հանդիպեցաւ Եւրոխորհրդարանի ընկերվար-դեմոկրատական քաղաքական խումբի փոխնախագահ Եանիս Մանիատիսի, եւ նոյն քաղաքական խումբի անդամներ եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու գծով ուղղակիօրէն զբաղուող պատգամաւորներ Վիթենիս Անտրիոքայթիսի եւ Ինիասիօ Սանչէս Ամորի հետ:

Քննարկուեցան տարածաշրջանային խնդիրներ, հայաստանեան ներքաղաքական վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար անվտանգային նշանակութեան այնպիսի հարցեր, որոնք կը վերաբերին ազերի յարձակումներուն, հայ ռազմագերիներու ապօրինի դատավարութեան, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին եւ այլն:

30 Յունիսին Սաղաթէլեան եւ Հ․Յ․Դ․ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան, Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցան Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եանեք Փոլէյի հետ:

Քննարկուած հարցերու շրջանակը ընդգրկեց Հայաստանի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ սանձազերծուած հակաժողովրդավարական գործողութիւններու նոր ալիքին, շրջանային քաղաքական գործընթացներուն եւ անոնց հիմնական միտումներուն վերաբերող հարցեր: Սաղաթէլեան Փոլէյի ուշադրութեան հրաւիրեց Ատրպէյճանի կողմէ թշնամական քաղաքականութեան դրսեւորումները, հայ գերիներու հարցը, Հայաստանի տարածքներու  բռնագրաւումը:

Նկատի ունենալով համաեւրոպական այս մեծ կուսակցութեան հետ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան սերտ գործընկերութեան շարունակական բնոյթը` քննուեցան յառաջիկայ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button