Յօդուածներ

Բեմադրութիւն Եւ «Կանխում» Խաղարկութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ֆրանսացի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի զօրակցութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններու կատարած գործողութիւններուն` ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու պատրուակով, ցոյց կու տայ անգամ մը եւս, որ խաղաղութեան խաչմերուկ յորջորջուած քաղաքականութեան ակունքներուն կանգնած է Արեւմուտքը: Ռուսիան զսպելու, զայն տկարացնելու նպատակով վարուած ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ, բազմաթիւ այլ երկիրներու կարգին ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանը: Բնականաբար, փոքր ու տկար Հայաստանը դարձնելով թատերաբեմ Ռուսիոյ դէմ մղուող պայքարին, Ֆրանսա եւ իր եւրոպական գործակիցները բացարձակապէս նկատի չունին Հայաստանի շահը: Ռուսիան եւս անմեղ գառնուկ մը չէ, ան եւս սեփական շահեր ապահովելու համար յօժարեցաւ Արցախի հայաթափումին ու Հայաստանէն տարածքներու գրաւման: Հայաստանի իշխանութիւնները, բարեացակամութեամբ անխոհեմութիւն վերագրելով իրենց, Հայաստանը վերածեցին ուրիշներու պայքարին թատերաբեմի:

Ինչպէ՞ս կարելի է հանդուրժել, որ մարդասիրական նպատակներու ու ժողովրդավարական սկզբունքներու օրրան Ֆրանսան զօրակցութիւն յայտնէ նոյն այդ սկզբունքները ոտնահարող քաղաքական գործողութիւններու: Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն հաւատացնել, որ կանխած են իշխանափոխութիւն յառաջացնելու համար ծրագրուած խժդժութիւններ, բիրտ արարքներ ու մինչեւ իսկ… սպանութիւններ: Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանին վերագրուած ձայնային կառուցումը այնպիսի մանրամասնութիւններով կը ներկայացնէ ենթադրեալ գործողութիւնները, որ լսողը կը զարմանայ ու հարց կու տայ, որ նման գործողութիւններու ծրագրումը տրամաբանակա՞ն է հետք ձգող միջոցով կատարել:

Սարքովի տագնապներու ու անոնց ընկերակցող հալածանքներու շարանը ընդգրկեց նաեւ Հայ եկեղեցին: Եթէ եկեղեցականներ, գլխաւորութեամբ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, իշխանութիւններուն համար անհաճոյ տեսակէտ մը արտայայտած ըլլան, կ՛ամբաստանուին իբրեւ քաղաքականութեան միջամտողներ: Հայաստանի սահմանադրութիւնը կ՛ըսէ, որ եկեղեցին անջատ է պետութենէն: Եկեղեցականները Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ են. իբրեւ այդպիսին իրաւունք չունի՞ն տեսակէտ ու դիրքորոշում ունենալու:

Պետութենէն անջատ եկեղեցին, իբրեւ կազմակերպ հաստատութիւն, չի միջամտեր պետութեան ընթացիկ գործերուն. նշանակումներ, օրէնքներ, ընթացիկ գործունէութիւն: Սակայն Հայաստանի ու հայութեան գոյութեան իսկ սպառնացող երեւոյթներու դիմաց ինչպէ՞ս կրնայ անտարբեր մնալ: Պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդի միասնութիւնը պահպանած եւ անկախ պետութեան գաղափարը փայփայած Հայ եկեղեցին ոչ միայն իրաւունք, այլեւ պարտաւորութիւն ունի թումբ կանգնելու կործանարար երեւոյթներու դիմաց: Ժողովրդավարական կոչուած Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութիւնը արգիլուա՞ծ է: Յարաբերաբար խիստ քննադատութեան մը պարագային եթէ խօսուածը կամ գրուածը բռնաճնշումի հրաւէր պիտի նկատենք, կ՛իյնանք բռնատիրութեան ճիրաններուն մէջ: Եկեղեցին, կուսակցութիւնները եւ ազգային բոլոր հաստատութիւնները կարծիք ունենալու, զայն հանրայնացնելու ու այդ կարծիքին միանալու համար կոչով հանդէս գալու սահմանադրական իրաւունք ունին: Այդ կարծիքին յաջողութեան համար ամէն տեսակի խաղաղ գործողութիւններ կատարելու իրաւունք ունին: Չունին բռնութեան դիմելու իրաւունք, այսինքն` բռնի արարք կատարելու իրաւունք:

Հայաստանի իշխանութիւնները, շատ հաւանաբար Հայաստանի շահերը ոտնահարող նոր զիջումի մը նախօրեակին, հնարեցին բռնի արարքներու նախապատրաստութեան հեքիաթ մը, արդարացնելու համար ամէն ընդդիմութիւն լռեցնելու կոչուած հալածանքներու ծրագիր մը, ու ներկայացան ժողովուրդին իբրեւ վտանգաւոր յանցագործներ մեկուսացնելու կարող իշխանութիւն: Ընդդիմութիւնը վարկաբեկող ու նուազագոյնի հասած ժողովրդականութիւնը բարելաւող հրաշագործ միջոց է: Երկու արքեպիսկոպոս, միլիառատէր մը ու տասնեակ մը աչքառու ընդդիմադիրներ պէտք է դիմագրաւեն երկարաշունչ դատավարութիւն մը, մինչեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնցմէ ետք փուչիկը կը պայթի, եւ ձերբակալուածները անպարտ կ՛արձակուին:

Քաղաքական կեանքը բիրտ երեւոյթներու թատերաբեմ է: Խաբէութիւնը եւ ձեռնածութիւնը ընթացիկ միջոցներ են: Բարոյագիտական սկզբունքներ զուր է փնտռել մեծ ու փոքր պետութիւններու իշխանութիւններուն ծրագրած արարքներուն մէջ: Սակայն, փշուր մը բարոյականութիւն իրաւունք ունինք ակնկալելու: Հայաստանի իշխանութիւնները այդ փշուրն ալ կը զլանան: Իրաւունք ունի՞ն յարատեւելու, մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժուին, մինչեւ ո՞ւր:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button