Յօդուածներ

ՍԼԱՔ․- ԱՐԺԱՆԻ ՉԷ՞ ԱՊՏԱԿԻ…

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

1 Յուլիս 2025

Յակոբ Պարոնեանի գրածներուն մէջ, յաճախ կը հանդիպինք «Առտնին տեսարաններ» խորագրեալ պատկերներու:

Փարիզէն լուրեր սպրդած են, որ նման առտնին տեսարան մը տեղի ունեցած է նախագահին տան մէջ: Տիկին Պրիժիթ Մաքրոն, իմանալով, որ ամուսինը՝ Հայաստանի բարեկա՜մ ճանչցուած Էմմանուէլը զօրակցութիւն յայտներ է Նիկոլ Փաշինեանի խաղաղասիրութեան ու մանաւանդ ժողովրդավարական կիրարկումներուն, շառաչուն ապտակ մը իջեցուցեր է անոր երեսին: Գիտէ՛ք, չէ՞, Պրիժիթը (Պարտոն չէ) Մաքրոնի ուսուցչուհին եղած է, երբեմն կ’ապտակէ (եղեր) չարաճճին: Վստահաբար շատեր կը յիշեն, որ 28 Մայիսին, երբ անոնք Վիեթնամ հասեր էին եւ կը պատրաստուէին օդանաւէն դուրս գալու, ազնուաշուք տիկինը լրագրողներու ոսպնեակներուն դիմաց ապտակած էր ամուսինը (տեսնել լուսանկարը):

Հիմա պիտի հարցնէք, թէ Մատամ Պրիժիթը ինչո՞ւ դարձեալ ապտակեր է Մաքրոնը:

Լսող եղած է անոնց միջեւ հետեւեալ վէճը:

ՊՐԻԺԻԹ.- Չե՞ս ամչնար եւ գնահատանքով կը խօսիս Փաշինեանի ժողովրդավար ըլլալուն մասին: Լուր չունի՞ս, որ ան Հայաստանը վերածած է ոստիկանական երկրի մը, ընդդիմադիրները հալածանքի եւ անտեղի կալանաւորմնա կ’ենթարկէ, վերջին օրերուն ալ կրօնաւորներ աւելցուցեր է ցանկին վրայ:

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ.- Լուր ունիմ. ամէն բանէ տեղեակ եմ:

ՊՐԻԺԻԹ.- Է՞, ինչպէ՞ս կրնաս զօրակցութիւն յայտնել… Ա՞յս է ժողովրդավարութիւնը… մենք՝ ֆրանսացիներս, որ կը հպարտանանք ժողովրդավարութեան դրօշակիրներէն ըլլալնուս համար… Քեզի այսպէ՞ս սորվեցուցինք ժողովրդավարութիւնը… (շրա՜խ, ապտակը իջեր է):

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ (Կարմրած այտը շփելով).- Ամա՛ն, կնի՛կ, դուն ո՞ր դարուն մէջ ես: Գիրքերուն մէջի եւ իրական կեանքի ժողովրդավարութիւնները իրարու նման չեն, յաճախ մէկը միւսին հակառակն է:

ՊՐԻԺԻԹ.- Չհասկցայ… Այս ի՞նչ նորութիւն է:

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ.- Նորութիւն չէ. նոր աշխարհին մէջ, երբ ժողովրդավարութիւն ըսենք, քու գիտցած բաներդ պէտք է մոռնաս: Երբ տեղ մը որեւէ շահ ունիս, քաղաքական, նիւթական կամ ուրիշ տեսակի՝ իրաւունք ունիս իրական ժողովրդավարութիւնը դարակի մը մէջ դնելու, կղպելու եւ բանալին գետը նետելու:

ՊՐԻԺԻԹ.- Չեմ համոզուիր: Մենք Ֆրանսական յեղափոխութիւնները (1789-ի յեղափոխութենէն ետք ուրիշներ ալ եղած են) կատարեցինք, որպէսզի ազատութիւն, արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ հաստատուին: Հիմա ի՞նչ ապուշութիւններ դուրս կու տաս… (փորձեր է երկրորդ ապտակ մը հասնցել, ճարպիկ Էմմանուէլը դէպի ետ արագ ոստումով մը կաշին փրկեր է):

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ.- Մոն ուազու (կը նշանակէ թռչնիկս, Պարոնեան պիտի ըսէր ղուշիկս), Բացատրեմ որ հասկնաս: Եթէ մեր շահը պահանջէ՝ մենք կրնանք ժողովրդավար նկատել Ալիեւն ու Էրտողանը, Փաշինեանն ու բոլոր անոնք՝ որոնցմէ շահ կ’ապահովենք…

ՊՐԻԺԻԹ.- Հասկնալի է, որ Ալիեւէն քարիւղի եւ այլ շահու ակնկալութիւններ ունինք, բայց սա Փաշինեան-կտորէն ի՞նչ շահ…

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ.- Լուր չունի՞ս… հիմա կ’աշխատինք անոր միջոցով Կովկասի մէջ ոտք ունենալ ընդդէմ ռուսերուն: Մեր ամերիկացի պոսերն ալ նոյնը կ’ընեն, ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներն ալ նոյնը կ’ընեն, մի՛ մոռնար, որ Թուրքիան ալ, Ազրպէյճանի պոսը, ՆԱԹՕ-ի անդամ է: Բոլորս ալ փաշինեանականները ժողովրդավար կը նկատենք, աչք կը փակենք անոր բոլոր բռնարարքներուն, ժողվուրդին վրայ կրակելուն: Ան հիմա կը նմանի լարուող խաղալիքի մը (թէեւ նոր խաղալիքները ելեկտրոնային սարքերով օժտուած են, բայց դեռ լարուող տեսակներն ալ կան), որուն ընել կու տանք՝ ինչ որ ուզենք: Մենք չէի՞նք կնքահայրերէն մէկը, երբ Փաշինեան Արցախը նուիրեց Ատրպէյճանին եւ հպարտացաւ, որ նման առաջին որոշում տուողն էր, մեր սիրելի բարեկամ՝ Շարլ Միշէլն ալ ծափահարեց անոր «քաջ քայլը»: Թող միամիտ հայերը շարունակեն հաւատալ, որ «նախկինները» տուած են Արցախը: Մենք ալ երբեմն բարի տրամադրութիւններ կ’արտայայտենք արցախցիներուն մասին, որովհետեւ Ատրպէյճանէ՛ն ալ ակնկալիքներ ունինք:

ՊՐԻԺԻԹ.- Ականջներուս չեմ հաւատար… Մեր երկիրը երբէ՞ն ի վեր ա՛յսքան շահամոլ դարձած է…

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ.- Եթէ քիչ մը պատմութիւն կարդաս, պիտի տեսնես, որ բոլորովին ալ նորութիւն չէ: Անցեալին, ասկէ աւելի՛ վատն ալ ըրեր ենք: Ա. Աշխարհամարտին, հայերը մեր կողքին կռուեցան օսմանցիներուն դէմ, իրենց խոստացանք, որ, օրինակի համար, Կիլիկիոյ մէջ հայկական տիրապետութիւն պիտի ունենան, յետոյ, մէկ գիշերուան մէջ ծախեցինք մեր դաշնակիցները եւ սկսանք գործակցիլ Մուսթաֆա Քեմալին հետ: Հասկցա՞ր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ շահ…

Վէճը այս ընթացքով քիչ մըն ալ շարունակուեր է: Պրիժիթ Մաքրոն այս բոլորը մտիկ ըրեր է թերահաւատութեամբ ու սկսեր է մտածել, որ ինք իսկապէս մանկամիտ մըն է աշխարհը ղեկավարել յաւակնողներու «վարպետութիւններուն» դիմաց:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button