Գլխաւոր

Եւրոմիութեան Ներկայացուցիչ Քայա Քալաս Ժամանեց Երեւան

«Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները երբեք այսքան սերտ չեն եղած», յայտնեցին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Քայա Քալասը եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

«Ես այստեղ եմ՝ յստակ պատգամով. Եւրոպական Միութիւնն ու Հայաստանը երբեք այսքան մերձ չեն եղած, որքան այսօր», – հաստատեց Եւրոմիութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը։

Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ սկսած են խորհրդակցութիւններ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ, ստորագրուած է համաձայնագիր մը՝ սահմանելու Հայաստանի մասնակցութեան շրջանակը Եւրոմիութեան ճգնաժամային կառավարման գործողութիւններուն, եւ որ Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնըաւարտած են  Գործընկերութեան Օրակարգի շուրջ բանակցութիւնները։

«Ուրախ եմ յայտնելու Նոր Գործընկերութեան Օրակարգի շուրջ քաղաքական համաձայնութեան մասին, որ կը սահմանէ մեր առաջնահերթութիւնները՝ տնտեսական զարգացման, անվտանգութեան եւ դիմակայունութեան ոլորտներուն մէջ։ Եւրոպական Միութիւնը այս նպատակով կը տրամադրէ 270 միլիոն եիւրօ՝ 2024-2027 թուականներուն համար», – եզրակացուց Քալաս։

Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեան եւ Քալաս բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն: Ըստ Քալասի՝ Պրիւքսէլ ոգեւորուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացով եւ կը փափաքի կարելի եղածին չափ շուտ տեսնել գործընթացին վերջնականացումը: Ըստ անոր՝ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը նաեւ իրենց շահերէն կը բխին, օրինակ` Եւրոպական Միութիւնը եւ Կեդրոնական Ասիան կապելու գծով:

Քալաս կարեւոր նկատեց 5 Ապրիլ 2024-ին, Պրիւքսէլի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Եւրոմիութիւն-Միացեալ Նահանգներ եռակողմ յայտարարութիւնը` իբրեւ Հայաստանի եւ եւրոպական ու արեւմտեան գործընկերներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան ամրապնդման կարեւոր փուլ, որ հանդիսացաւ նոր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան հենք:

Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան նաեւ վիզաներու ազատականացման գործընթացին շուրջ: Շեշտուեցաւ, որ վերջին շրջանին, այդ ուղղութեամբ արձանագրուած է զգալի յառաջընթաց մը:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button