Յօդուածներ

Աշխարհը Փոխելու Համար՝ Չինաստանը Ուժերու Եռանկիւն Կը Կառուցէ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

29 Յունիս 2025

haroutchekijian.wordpress.com

Փեքինի, ԱՍԷԱՆ-ի (Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներու ընկերակցութիւն)  եւ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի միջեւ վերջերս կայացած վեհաժողովը ցոյց կու տայ Ասիոյ հաւանական ապագան:

«Ռաշա Թուտէյ»-ի 3 Յունիս 2025-ի, Վալտայ Ակումբի մասնագէտ եւ Պուտափեշտի Չինաստան-Կեդրոնական եւ Արեւելեան եւրոպայի երկիրներու հիմնարկի, China-CEE Institute, ոչ մնայուն գիտաշխատող՝ Լատիսլաւ Զեմանէքի յօդուածին խորագիրն ու ենթախորագիրն է վերոնշեալը (1), որ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ:

Քուալա Լամփուրի վեհաժողովին մասնակիցներէն
ԱՍԷԱՆ-ի 10 անդամ երկիրները
Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ 6 երկիրները

«Մայիսի վերջին շաբաթը նշանակալի քաղաքական զարգացում մը տեղի ունեցաւ, որ կրնայ վերաձեւաւորել Ասիոյ աշխարհաքաղաքական խորապատկերը։ Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լումբուրը հիւրընկալեց Չինաստանի, Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներու ընկերակցութեան (ԱՍԷԱՆ) եւ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի (ՊԾՀԽ) մասնակցութեամբ առաջին վեհաժողովը։ Մինչ նախորդ տարիներուն այս երեք կողմերուն միջեւ խորացող գործակցութեան նշաններ կային, եռակողմանի համագործակցութեան պաշտօնական միջոցներու ստեղծումը նո՛ր զարգացում է։

«Այս հանդիպումը աշխարհաքաղաքական պարապութեան մէջ տեղի չունեցաւ։ Տարածաշրջանը աւելի՛ ու աւելի՛ կ՚ենթարկուի Չինաստանի, ՄՆ-ու եւ այլ համաշխարհային ուժերու միջեւ սաստկացող մրցակցութեան։ Ապրիլին Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին Հարաւարեւելեան Ասիա շրջագայեցաւ՝ այցելելով Գամպոտիա, Մալեզիա եւ Վիեթնամ՝ Փեքինի ազդեցութիւնը ամրապնդելու համար: Գրեթէ միաժամանակ, ՄՆ-ու նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողմէ դեսպան մը շրջագայեցաւ Քամպոտիա եւ Վիեթնամ ու հանդիպեցաւ ԱՍԷԱՆ-ի բոլոր անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ Թրամփի բարձրացուցած մաքսատուրքերուն պատճառով վնասուած յարաբերութիւնները վերականգնելու եւ «ազատ եւ բաց Հնդկա-խաղաղական ովկիանոսեան տարածաշրջանի» նկատմամբ յանձնառութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

«Միեւնոյն ժամանակ, ՄՆ-ու նախագահը այցելեց Պարսից ծոցի երեք պետութիւն՝ կնքելով նոր համաձայնագրեր եւ հրապարակաւ դատապարտելով տարածաշրջանային գործերը ուղղելու եւ միջամտելու ամերիկեան երկարատեւ քաղաքականութիւնը*։ Մայիսի վերջին ասպարէզ մտաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը՝ այցելելով Ինտոնեզիա, Սինկափուր եւ Վիեթնամ՝ Հարաւարեւելեան Ասիոյ գործընկերներուն յիշեցնելու, որ ԵՄ-ը տակաւին գոյութիւն ունի եւ կը մնայ Փեքինի եւ Ուաշինկթընի կարելի այլընտրանք։ *Այս մեծ սուտը Թրամփը ի՛նք փաստեց, ամիս մը ետք Իրանը ռմբակոծելով:

«Պատահական չէ, որ Չինաստան-ԱՍԷԱՆ-ՊԾՀԽ վեհաժողովը գումարուած է Մալէզիոյ մէջ: Իբրեւ ԱՍԷԱՆ-ի այժմու նախագահող երկիր՝ Մալէզիան կարեւոր դեր կը խաղայ, իսկ անոր վարչապետը՝ Անուար Իպրահիմ, տարածաշրջանային լրացնումի եւ նորարարական գործընկերութեան աշխոյժ կողմնակից է: Եռակողմ վեհաժողովէն առաջ, ԱՍԷԱՆ-ի անդամները հաւաքուեցան Քուալա Լամփուրի մէջ՝ իրենց ապագայ ուղղութիւնը ծրագրելու համար: Այս առիթով, տասը անդամ պետութիւնները որոշեցին ԱՍԷԱՆ-ի գալիք 20-ամեայ տեսլականը՝ ԱՍԷԱՆ 2045-ը, որ պիտի ձեւաւորէ Հարաւարեւելեան Ասիան, իբրեւ համաշխարհային աճի շարժիչ ուժ դառնալու ձգտում՝ համագործակցելով այլ դերակատարներու հետ:

«Անոնց մէջ, Չինաստանը եւ ՊԾՀԽ-ի անդամներ՝ Պահրէյնը, Քուէյթը, Օմանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ ԱՄԷ-ն ուշագրաւ են: Միասնաբար անոնք կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան քառորդը, եւ գրեթէ համաշխարհային ՀՆԱ-ի՝ համախառն ներքին արդիւնքին ալ քառորդը: Անոնց տնտեսական կապերը արդէն իսկ լաւ հաստատուած են: Չինաստանը թէ՛ ԱՍԷԱՆ-ի, եւ թէ՛ ալ ՊԾՀԽ-ի առաջատար առեւտրային գործընկերն է: ԱՍԷԱՆ-ը կը գերազանցէ ԵՄ-ը իբրեւ Չինաստանի գլխաւոր տնտեսական գործընկեր, իսկ Փեքինը իր նաւթի մէկ երրորդէն աւելին կը ներածէ ՊԾՀԿ պետութիւններէն:

«Քուալա Լամփուրի վեհաժողովը միաւորեց աշխարհի երկրորդ եւ հինգերորդ մեծագոյն տնտեսութիւնները՝ Չինաստանը եւ ԱՍԷԱՆ-ը՝ ուժանիւթի եւ հում նիւթի հիմնական մատակարարներու հետ։ Առաջնորդները չէին պահեր իրենց լաւատեսութիւնը։ Վարչապետ Անուար Իպրահիմ ներկայացուց քոնֆուշական եւ իսլամական քաղաքակրթութիւններու միջեւ մշակութային երկխօսութեան տեսլականը՝ համահունչ ըլլալով Չինաստանի «Համաշխարհային քաղաքակրթութեան նախաձեռնութեան»։ Չինաստանի վարչապետ Լի Ցիյան «մեծ եռանկիւնը» կը պատկերացնէ իբրեւ համաշխարհային անվտանգութեան եւ բարգաւաճման յենարան՝ յղում կատարելով պարզութեան, համագործակցութեան եւ լրացնումի «նոյն ասիական արժէքներուն»՝ ի տարբերութիւն արեւմտեանին։

«Յատկանշական է, որ Փեքինի պաշտօնական խօսոյթը շեշտը աւելի՛ կը դնէ այս «ասիական արժէքներուն» վրայ։ Այս տրամաբանութիւնը հիմք կը հանդիսանայ հարեւան պետութիւններու վրայ վերանորոգ ուշադրութեան կեդրոնացման համար։ Ապրիլին Սի Ծինփինը «մերձաւոր արտասահմանի» հետ յարաբերութիւններուն նուիրուած հազուագիւտ բարձր մակարդակի ժողով հրաւիրեց՝ զայն բնութագրելով իբրեւ Չինաստանի զարգացման, անվտանգութեան եւ դիւանագիտական առաջնահերթութիւններուն համար կարեւոր։ Տարածաշրջանային այլ դերակատարներու շարքին այս վերադասաւորումը կրնայ մտահոգութիւն պատճառել ժամանակակից չինական խաղաղութեան ‘Pax Sinica’ վերածնունդին վերաբերեալ: Սակայն Փեքինը կը հերքէ այս մեկնաբանութիւնները՝ փոխարէնը նշելով պատմական այլ օրինակներ, ինչպիսին է Մետաքսի ճամբան, որ շեշտը կը դնէր միացութեան, լրացնումի եւ հաւասարութեան վրայ:

Չինաստան-ԱՍԷԱՆ-ՊԾՀԽ վեհաժողովը բացառութիւն չէր: Փեքինը առաջարկեց գործող Չինաստան-ԱՍԷԱՆ ազատ առեւտուրի գօտին ընդլայնել՝ ներառնելով նաեւ ՊԾՀԽ-ն, առաջարկ, որ ողջունեցին Հարաւարեւելեան Ասիոյ առաջնորդները։ Այս կրնայ արագացնել Չինաստանի առեւտուրի ազատականացումը եւ մեծցնել Տարածաշրջանային համապարփակ տնտեսական գործընկերութեան՝ աշխարհի ամենամեծ ազատ առեւտուրի գօտիի առաւելութիւնները, որ կը ներառէ ԱՍԷԱՆ-ի բոլոր երկիրները։

«Վեհաժողովին օրակարգը մեծապէս կեդրոնացած էր տնտեսական հարցերու վրայ՝ ցոլացնելով ԱՍԷԱՆ-ի ռազմավարական կողմնորոշումը եւ Պարսից ծոցի պետութիւններուն շահերը: Վերջին տասնամեակին ընթացքին Չինաստանը բազմաթիւ ծրագիրներ սկսած է ԱՍԷԱՆ-ի անդամներուն հետ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ: Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին հետ գործակցութիւնը նաեւ կ՚ընդլայնուի աւանդականէն, ինչպիսիք են հում նիւթը, դէպի առաջատար մարզեր, ներառեալ արհեստական բանականութիւն, թուային տնտեսութիւն եւ 5G արհեստագիտութիւն*: Այս տնտեսական շեշտադրումը ռազմավարական է, որ առիթ կու տայ շահագրգիռ կողմերուն շրջանցել վիճելի քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերը:

«Վիճելի հարցերը բազմաթիւ են։ Մինչ Չինաստանը կը պահպանէ ամուր կապեր ԱՍԷԱՆ-ի եւ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամներուն հետ, երկկողմանի վէճերը կը շարունակուին։ ԱՍԷԱՆ-ի պարագային, տարածքային վէճերը եւ ինքնիշխանութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները, մասնաւորապէս Հարաւային Չինական ծովուն մէջ, կը բարդացնեն վստահութեան կառուցումը:     «Չինաստանի վէճերը Պրունէյի, Մալեզիոյ, Ֆիլիփիններու եւ Վիեթնամի հետ երկարատեւ են եւ տարածաշրջանային յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն կը ստեղծեն: Չինական հաստատակամութեան ընկալումները նաեւ մտահոգութիւններ կը պատճառեն տնտեսապէս կախեալ ըլլալու, հնարաւոր «պարտքի թակարդներու» եւ Փեքինի քաղաքական լծակներուն վերաբերեալ: Այս գործօնները վերջին տարիներուն Ֆիլիփիններու նախագահ Ֆերտինանտ Մարքոս կրտսերի նման առաջնորդներուն մղած են մօտենալ ՄՆ-ուն:

«Չինաստան-ՄՆ մրցակցութիւնը կը շարունակէ մնալ որոշիչ շարժիչը։ Թէ՛ ԱՍԷԱՆ-ի, Թէ՛ ալ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի երկիրները պատմականօրէն ամուր կապեր ունին ՄՆ-ու հետ։ ՄՆ-ը կը մնայ ԱՍԷԱՆ-ի ամենամեծ արտածումի շուկան եւ մեծագոյն օտար ներդրողը։ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի երկիրները, որոնք հինէն դաշնակից են Ուաշինկթընի հետ, այժմ կը բախին ամերիկեան եւ չինական շահերու միջեւ զգոյշ հաւասարակշռութիւն պահպանելու մարտահրաւէրին հետ, մասնաւորապէս՝ զգայուն արհեստագիտութեան անվտանգութեան գործակցութեան հարցին մէջ*։

«Ուաշինկթընը դէմ է Սէուտական Արաբիոյ կողմէ չինական 5G եւ արհեստական բանականութեան արհեստագիտութեան որդեգրումին*, եւ նմանատիպ մտահոգութիւնները պատճառած են ՄՆ-ու եւ ԱՄԷ-ի միջեւ ռազմական համաձայնագրերու կասեցման: Բացի այդ, Եուանով նաւթի առեւտուրի վերաբերեալ քննարկումները մարտահրաւէր են նաւթատոլարային համակարգին եւ Արեւմուտքին ուշադրութիւնը կը գրաւեն: * Դէմ է, քանի որ տնտեսականէն անդին՝ իր լրտեսական հսկողութենէն դուրս կը մնան ոչ ամերիկեան համացանցային ու հեռաձայնային սարքերն ու դրութիւնները:

«Այս աշխարհաքաղաքական բարդութիւնները կրնան խաթարել եռակողմ համագործակցութիւնը՝ բացայայտելով ճեղքեր եւ կառուցուածքային խոցելի կէտեր: Մինչ, առեւտուրը, ուժանիւթը, ենթակառոյցները եւ առաջադէմ արհեստագիտութիւնը, բնական մերձեցումի տարածքներ կ՚ընծայեն: Աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը եւ մշակութային տարանջատումը լուրջ խոչընդոտներ կը ներկայացնեն: Աւելին, գործող կողմերուն միջեւ շեշտուած անհամաչափութիւն կայ: ԱՍէԱՆ-ի փոքր տնտեսութիւնները կրնան համակարգային եւ տնտեսական կարողութիւններ չունենալ այս եռակողմ խմբակին լիարժէք մասնակցելու համար։

«Սակայն, Չինաստան-ԱՍէԱՆ-ՊԾՀԽ հարթակը կը ներկայացնէ նորարարական կերպար մը, ի յայտ եկող բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ։ Ան կ՚արտացոլէ Հարաւ-Հարաւ համագործակցութեան արագացող թափը, որ կը միացնէ բազմաբեւեռութիւնը բազմակողմանիութեան եւ տնտեսական համաշխարհայնացման հետ։

«Թրամփին սակագիներու փոթորիկը արթնութեան կոչ ծառայեց ԱՍԷԱՆ-ի եւ Պարսից ծոցի բազմաթիւ Ամերիկայի գործընկերներուն համար՝ ընդգծելով անոնց բազմազանութիւնը եւ գործնական այլընտրանքներ ընդունելու հրամայականը։ Փեքինի հետ աւելի սերտ կապերը պարտադիր չէ, որ վկայեն մէկ գերիշխանութենէն միւսին անցնիլ։ Փոխարէնը, ԱՍԷԱՆ-ը եւ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը կը ձգտին հնարաւորինս գործակցիլ թէ՛ Չինաստանի, թէ՛ ալ ՄՆ-ուն հետ։ Սակայն, վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ օգուտներու դիմաց Ուաշինկթընի կողմէ պետութիւններու վրայ ճնշում բանեցնելու ռազմավարութիւնը՝ Չինաստանի հետ կապերը կրճատելու համար՝ իր կշիռը կորսնցուցած է։

«Այժմ հիմնական հարցերն են՝ արդեօք ԱՍէԱՆ-ը կրնա՞յ արդիւնաւէտօրէն հաւասարակշռել մեծ պետութիւններու մրցակցութիւնը՝ դառնալով ինքնավար բեւեռ բազմաբեւեռ աշխարհին մէջ: Արդեօք տարածաշրջանային դերակատարները կրնա՞ն պահպանել այս փխրուն հաւասարակշռութիւնը եւ խուսափիլ ռազմական դաշինքներու ձեւաւորումէն՝ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս տարածաշրջանին մէջ ու անկէ դուրս, եւ արդեօք եռակողմ շրջանակը ինքնին կրնա՞յ դիմանալ աշխարհաքաղաքական լարուածութեան աճի պայմաններուն մէջ։ նշեալները կը մնան բաց հարցեր, եւ պատասխանները կը յայտնուին մի՛այն ժամանակի ընթացքին»։ Վերջ:

Պէտք է նշել, որ այս յօդուածէն ետք, 13 յունիսին սկսաւ Իսրայէլ-Իրան վերջին պատերազմը, որ շատ բան փոխեց եւ պիտի փոխէ տակաւին:

Չինաստանը ուժերու եռանկիւնը կառուցած է արդէն, ստեղծելով նաեւ ՄՆ-ու հովանիէն եւ հասանելիութենէն դուրս այլընտրանքներ, ինչպիսին է՝ 1. Պէյտուն BeiDou, արբանեակային տեղորոշիչը, փոխարինելով Ճի Փի Էս-ը: 2. Չինական համացանցը, որ զերծ կը մնայ օտար ազդեցութենէ, քարոզչութենէ եւ միջամտութենէ: 3. Եուանով գործառնութիւնը, որ կը փոխարինէ ՄՆ-ու տոլարը: 4. Միջսահմանային դրամատնային վճարումի համակարգը, որ կը փոխարինէ Սուիֆթը եւ այլն. աւելին, տես յօդուածս՝ «Իսրայէլի յարձակումը Իրանի դէմ, հաւաքական Արեւմուտքին պատերազմն է Ռուսիոյ, Եւրասիոյ եւ ՊՐԻՔՍ-ին դէմ» (2):

Չինաստանը յարատեւ ու արդար, տքնաջան աշխատանքով, դարձաւ տնտեսական հզօր պետութիւն մը, որ առանց պատերազմներու եւ ռազմական ու իշխանափոխութեան սպառնալիքի իր շուրջ կը հաւաքէ Արեւմուտքէն յուսախաբ ու զզուած երկիրներ, դառնալով բազմաբեւեռ նոր աշխարհակարգի բեւեռներէն մէկը:

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին կողմէ:

  1. https://www.rt.com/news/618501-china-asean-gcc-summit/
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/652394

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button