ԱզգայինԳլխաւորԼրահոս

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԳԱՌՆԻԿ ԲԱՆԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ (1925-1929) ԱՄՓՈՓՈՂ ՀԱՏՈՐԸ

Գառնիկ Բանեանի մահէն քառորդ դար ետք, 2015 թուականին, անոր դուստրը՝ Հուրի Բանեան Պոյամեան (Ուինչեսթըր, Մասաչուսէց), Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց իր հօր անտիպ ձեռագիրներէն հաւաքածոյ մը։ Երախտաշատ այս քայլը առիթ ընծայեց, որ հանրութեան սեփականութիւնը դառնայ Գառնիկ Բանեանի յետ որբանոցեան կեանքը:

Նկատի ունենալով, որ 2015-ը կը զուգադիպէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, յիշեալ անտիպ յուշերը հրատարակուեցան Կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթի յաջորդական թիւերու մէջ: Եւ, ահաւասիկ, 2025-ին, յուշերը լոյս կը տեսնեն առանձին հատորով՝ «Գառնիկ Բանեանի Յուշերը Ճիպէյլի Որբանոցէն Ետք եւ Իր Ճեմարան Մտնելէն Առաջ (1925-1929)» խորագիրով, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն։ Հատորի խմբագիրն է Ահարոն Շխրտըմեան։ Սոյն հատորը շուրջ 250 էջերու եւ 6 գլուխներու մէջ կը պատմէ իրենց ճակատագիրին ձգուած որբերու նաւարկութիւնը Այնթուրայէն Պէյրութ, Պէյրութէն Երուսաղէմ եւ Երուսաղէմէն Պէյրութ:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button