Գլխաւոր
Սամուէլ Կարապետեանի Ձերբակալութենէն Ետք՝ Պիտի Պետականացուի «Հայաստանի Ելեկտրականութեան Ցանցեր» Ընկերութիւնը
ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսահայ մեծահարուստ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութենէն շաբաթ մը ետք, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի Ելեկտրականութեան Ցանցերու պետականացման ծրագիրը պատրաստ է:
Փաշինեան ելեկտրականութեան ցանցերը պետականացնելու յայտարարութիւնը կատարեց, երբ նախապէս «Տաշիր» ընկերութեան սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան խօսեցաւ եկեղեցւոյ դէմ յարձակումները կանխելու մէջ իր հաւանական մասնակցութեան մասին:
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անդամները կը պնդեն, որ ելեկտրականութեան ցանցին յառաջացուցած հարցերը քանի մը ամիսներէ վեր իրենց ուշադրութեան կիզակէտին են, եւ թէ Սամուէլ Կարապետեանի յայտարարութեան հետ կապ չունի։