Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Հռչակագիրը Կը Դատապարտէ Հայաստանը
Պոլսոյ մէջ կատարուած իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախարարական վերջին համաժողովի ծիրին մէջ ընդունուած ամփոփիչ «Պոլսոյ հռչակագիր»-ին մէջ ձեւակերպուած են Հայաստանէն ատրպէյճանական շարք մը պահանջներ:
Արդարեւ, իսլամական երկիրները կոչ կ՛ուղղեն Երեւանին՝ յաղթահարելու Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը խանգարող մնացած իրաւական եւ քաղաքական խոչընդոտները ու այդպիսով դադրեցնելու «Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վտանգումը»:
Անոնք նաեւ, «դատապարտեցին Հայաստանը՝ «Արեւմտեան ատրպէյճանական համայնքին հետ» երկխօսութիւն կատարելէ հրաժարելուն մէջ, վերահաստատեցին անոնց վերադարձի իրաւունքը` իրենց ծագման վայրերը` ներկայիս Հայաստանի տարածքին մէջ»:
Պոլսոյ ժողովին ընդունուեցան Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ Հայաստանը դատապարտող երկու այլ բանաձեւեր եւս։
Երեւան յայտարարութեան մը միջոցով դատապարտեց Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան հռչակագիրը՝ շեշտելով. «Երեւանը խորապէս հիասթափուած է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախարարական վերջին համաժողովի շրջանակներում ընդունուած «Ստամբուլի հռչակագրում» եւ Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած բանաձեւերում տեղ գտած խեղաթիւրուած եւ ծայրայեղ միակողմանի ձեւակերպումների առնչութեամբ: Տուեալ փաստաթղթերում արտայայտուած շեշտադրումները հակասում են տարածաշրջանում տեւական խաղաղութեան հաստատման շահերին եւ տրամաբանութեանը»։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած յայտարարութեան միջոցով Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն ուշադրութեան կը յանձնէ այն փաստը, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի խօսոյթը մարդու իրաւունքներու քօղին տակ Ատրպէյճանի կողմէ յստակ տարածքային պահանջ է Հայաստանի գերիշխան տարածքին նկատմամբ, ինչ որ կը փաստէ նոյնիսկ այդ նպատակով արհեստականօրէն ձեւաւորուած «կազմակերպութեան» հիմնադիր փաստաթուղթերուն մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, թէ «Օգտակար ենք համարում յիշեցնել, որ արեւմտեան Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններն են` Ղազախը, Թովուզը, Աղստաֆան, Գեդաբէյը, Դաշքեսանը, Քելբաջարը, Լաչինը, Կուբաթլուն, Զանգելանն ու Նախիջեւանը: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում չկայ եւ չի կարող լինել այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»: Ինչ վերաբերում է Խորհրդային Հայաստանում բնակուող ատրպէյճանցիներին, ապա նրանք Խորհրդային Միութեան գոյութեան վերջին տարիներին Հայաստանից հեռացել են կամաւոր, կարողացել են վաճառել կամ փոխանակել իրենց գոյքը կամ ստացել են փոխհատուցում Հայաստանի կառավարութիւնից: Ցաւօք, նոյնը չի եղել հայերի ճակատագիրն Ատրպէյճանում` Պաքւում, Սումկայիթում եւ այլ վայրերում, որտեղ տեղի են ունեցել հայերի կոտորածներ եւ բռնի տեղահանում, իսկ նոյնօրինակ վերջին դրսեւորմանը մեր տարածաշրջանում աշխարհն ականատես եղաւ 2023-ի աշնանը, երբ աւելի քան 115 հազար հայեր ստիպուած եղան լքել Լեռնային Ղարաբաղը` ենթարկուելով էթնիկ (ցեղային) զտման», կ՛ընդգծէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` շարունակելով. «Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմից նմանօրինակ վարքագծի անուղղակի խրախուսումը տրամաբանական խզում է առաջացնում վերջին երկու տարիների ընթացքում Մերձաւոր Արեւելքում առկայ ճգնաժամի նկատմամբ ԻՀազմակերպութեան դիրքորոշման հետ:
«Ափսոսանք է առաջացնում այն, որ ընդունուած հռչակագիրը, շեղուելով կազմակեպութեան անդամների կողմից Մարտին եւ յաջորդիւ արուած` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման եւ խաղաղութեան մասին համաձայնագրի կնքման վերաբերեալ յայտարարութիւններից, պարունակում է համաձայնագրի ստորագրման ճանապարհին առկայ նախապայմանների վերաբերեալ միակողմանի արձանագրումներ», կը յայտարարէ պաշտօնական Երեւան՝ ԻՀԿի անդամներուն ուշադրութեան յանձնելով այն հանգամանքը, որ Հայաստան յայտարարած է համաձայնագիրը առանց որեւէ յետաձգման ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին եւ «առաջարկել է կառուցողական լուծումներ գտնել Ադրբեջանի կողմից բարձրացուող մի շարք հարցերի կապակցութեամբ:
«Տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատմամբ հետաքրքրուած գործընկերների կողմից առաւել տրամաբանական կը լինէր յորդորել Ադրբեջանին առանց անհարկի յետաձգման ստորագրել համաձայնագիրը` զերծ մնալով այդ ճանապարհին արհեստական խնդիրներ յարուցելուց», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
«Խոր ափսոսանք է առաջացնում նաեւ մշակութային արժէքների պաշտպանութեան վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւը. անտեսելով Ադրբեջանի հսկողութեան ներքոյ հայկական մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացումն ու դրա նկատմամբ համակարգուած վանդալիզմը` բանաձեւը հարցին փորձում է հաղորդել կրօնական երանգաւորում` սնելով թիւր եւ վտանգաւոր թէզեր: Հայաստանի յարգանքը եւ հոգատար վերաբերմունքը իսլամական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ յայտնի է եւ հեշտութեամբ ապացուցելի», կ՛ընդգծէ նախարարութիւնը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կոչ կ՛ուղղէ վերոնշեալ փաստաթուղթերուն միացած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն` «վերանայել եւ վճռականօրէն հրաժարուել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը թիրախաւորող եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման գործընթացը վտանգող կողմնակալ նախաձեռնութիւններից:
«Հարաւային Կովկասում առկայ է խաղաղութեան հաստատման իրական հնարաւորութիւն, որեւէ միջազգային կազմակերպութեան նման գործելաոճը չի նպաստում այդ հնարաւորութեան արդիւնաւէտ իրացմանը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգի իրացման ռազմավարութեանը եւ միջազգային գործընկերներից, այդ թւում Իսլամական Համագործակցութեան կազմակերպութիւնից ակնկալում է աջակցութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերին»:
Նշենք, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ ըսաւ, որ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդունած՝ «Հայաստանի տարածքէն բռնի կերպով եւ հետեւողական ու ծրագրուած կերպով արտաքսուած ատրպէյճանցիներու վերադարձին մասին» բանաձեւը կ՛արտացոլացնէ պատմական փաստերը եւ հիմնուած է միջազգային իրաւունքի եւ արդարութեան սկզբունքներուն վրայ։ Հակառակ Հայաստանի պնդումներուն` հայաստանաբնակ ատրպէյճանցիներուն արտաքսումը կամաւոր չէր, այլ կը կիրարկուէր բռնութիւններով, ահաբեկումով եւ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներով։ ․․․Նենգափոխութեան փորձերը եւ պատմական իրադարձութիւններու կեղծումը խաղաղութեան գործընթացը վտանգելու Երեւանի ձգտումի այլ օրինակներ են»: