Կանխարգելիչ Քա՞յլ, Թէ՞ Վտանգաւոր Սրացում

ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
«Ազատ օր»
Ամերիկէան ուժերու կողմէ իրագործուած վերջին յարձակումը Իրանի միջուկային կեդրոններուն վրայ բացած է միջին Արեւելքի մէջ լարուածութէան նոր էջ մը եւ կը նշանաւորէ տագնապալի զարգացում մը տարածաշրջանի արդէն պայթունավտանգ իրավիճակին մէջ: Տարիներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունեցած լարուածութիւնը այժմ կը թեւակոխէ նոր փուլ մը:
Անգամ մը եւս ականատես կը դառնանք ամերիկացի նախագահի վտանգաւոր եւ այլանդակ քաղաքական ընտրանքներուն: Անձ մը, որ իր քաղաքական ասպարէզը հիմնեց պատերազմական գործողութիւններու կասեցման վրայ, նախ ձախողեցաւ զէնքերը լռեցնել Կազայի եւ Ուքրայինայի մէջ եւ այս անգամ որոշեց աջակցիլ Իսրայէլի ռազմական յարձակման Իրանի դէմ: Ապաւինելով այն մտայնութեան վրայ, թէ արդէն թուլացած վարչակարգի մը պարագային Իրանի միջուկային հարցը կրնայ լուծուիլ ուժի կիրարկումով, ան որդեգրեց վտանգաւոր ուղի մը:
Քաղաքական փորձագէտներուն համաձայն, ստեղծուած նոր իրադրութիւնը կը յիշեցնէ 2003-ի Իրաքի դէմ արշաւանքը: Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, թէ այդ օրերու շղթայազերծուած պատերազմը յանգեցաւ ողբերգական մարդասիրական հսկայ տագնապի, որուն հետեւանքով ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը ռազմավարական լրջագոյն հարուած ստացաւ:
Այս զարգացումները կը սրեն ոչ միայն Միացեալ Նահանգներ-Իրան հակամարտութիւնը, այլ նաեւ վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծեն տարածաշրջանային ու միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ:
Ակնյայտ է, որ վերջին եղելութիւնները պիտի ունենան երկարաժամկէտ հետեւանքներ: Երբ գերտէրութիւն մը միակողմանի որոշումներով կը յարձակի այլ երկրի մը միջուկային կեդրոններուն վրայ` առանց Մ.Ա.Կ.-ի անվտանգութեան խորհուրդի լիազօրութէան, հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ դեր ունի միջազգային օրէնքը եւ որքանո՞վ կը գործեն բազմակողմանի դիւանագիտական հարթակները:
Առայժմ, անպատասխան կը մնան շարք մը հրատապ հարցեր, թէ ի՞նչ տեսակի վնաս կրեց իրանեան միջուկային ծրագիրը (Թրամփ շտապեց յայտարարել «լրիւ կործանում»), Իրան ի՞նչ տեսակ հակապատասխան գործողութիւններու պիտի դիմէ (այս յօդուածը գրուած է նախքան Քաթարի մէջ գտնուող ամերիկեան Ալ Ուտայտ խարիսխին վրայ կատարուած իրեանեան ռմբակոծումը- Խմբ․) եւ ինչպէս պիտի արձագանգեն Միացեալ Նահանգներ ասկէ ետք: Ըստ վերլուծողներու հաստատումներուն, ներկայիս շուրջ 40 հազար ամերիկացի զինուորներ տեղակայուած են այն տարածքներուն մէջ, որոնք կը գտնուին իրանէան հրթիռներու հասանելիութէան ծիրէն ներս, մինչ Թեհրան արդէն որոշեց փակել Հորմուզի նեղուցը, որ աշխարհի նաւթի մատակարարման 20 տոկոսը կը փոխադրէ:
Ռազմավարական առումով, հաւանաբար Իրան պատրաստ պիտի ըլլայ աւելի բուռն դիրքորոշում ցուցաբերել, միջուկային ծրագիրի աւելի արագ զարգացումով, ինչպէս նաեւ դաշնակիցներու որոնումով այլ տէրութիւններու հետ, ինչպիսին են Ռուսիա կամ Չինաստան: տարածաշրջանէն ներս հաւանաբար սպասել տարբեր տեսակի բախումներ (դամասկոսի քրիստոնէայ եկեղեցւոյ վրայ եարձակումը մտահոգիչ դէպքերու նախաբանը կրնայ ըլլալ), որոնք պիտի ազդեն նաեւ այլ երկիրներու վրայ: Իրանի արձագանգը, առաջնորդուած իր գոյատեւման բնազդով, պիտի ճշդէ եթէ արկածախնդիր այս ռմբակոծումները պիտի դառնան խաղաղութեան սկիզբ, կամ նոր պատերազմի նախերգանք` Միացեալ Նահանգները խորապէս ներգրաւելով միջին Արեւելքի պայթունակալից իրավիճակին մէջ:
Այժմ, դիւանագիտութիւնը կը թուի ձախողած ըլլալ: Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուած յարձակումը ոչ միայն կը վտանգէ միջին Արեւելքի փխրուն կայունութիւնը, այլ նաեւ լուրջ հարուած կը հասցնէ միջազգային իրաւական եւ դիւանագիտական համակարգի հաւաստիութեան: Իսկ ամերիկացի ընտրողներու զանգուածը, յատկապէս Թրամփի կողմնակիցները թերեւս նոր հարցադրումներ պիտի ուղղեն վարչակարգին, թէ ո՞րն է արդէօք իրենց տուած քուէի նպատակակէտը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի ձեռքը կեդրոնացած իշխանութիւնը եւ արտաքին քաղաքականութէան որոշումներու անզուսպ վերահսկողութիւնը այսօր երկիրը կը դարձնեն աշխարհաքաղաքական անկայունութեան գլխաւոր աղբիւր: Այս անկայունութիւնը այլեւս չէ սահմանափակուած միայն ճառերու մէջ` այլ ռումբերու տարափին հետեւանքով կը ցաւցնէ ամբողջ աշխարհը:
Աւելի քան երբէք հարկաւոր են միջազգային դիւանագիտութէան զգօն, պատասխանատու ու հաւասարակշռուած գործողութիւնները` դէպի նոր պատերազմի շեմը չառաջնորդուելու համար: Այժմ, դիւանագիտութիւնը պէտք է ինքզինք գերազանցէ: Մեծ պետութիւններու վրայ լրջագոյն մարտահրաւէրներ կը դրուին, ղեկավարներու սթափումը աշխարհակարգի կայունութէան հիմնական առաջադրանքը կը հանդիսանայ:

