ԳլխաւորՅօդուածներ

Ռուսիոյ մասին Դ. Մաս – Իսրայէլի Յարձակումը Իրանի Դէմ, Հաւաքական Արեւմուտքին Պատերազմն է Ռուսիոյ, Եւրասիոյ Եւ ՊՐԻՔՍ-ին Դէմ 

Այս Ծրագիրին Գործադրութիւնը Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմով Սկսաւ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
22 Յունիս 2025
Շարունակելի
Ատրպէյճանը, ցարդ իբր թէ կը «խաբէր» Իրանը, իր Իսրայէլի հետ սերտ գործակցութեան՝ ռազմական, քաղաքական, հետախուզական եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ: Այժմու Իսրայէլ-Իրան պատերազմին առիթով, գրաւը դրած էր Իրանի «արագ պարտութեան եւ իշխանափոխութեան» սխալ հաշիւին վրայ եւ արտօնած էր Իսրայէլի, որ Ատրպէյճանէն Իրանի վրայ յարձակի, թէ՛ անօդաչու ռմբակոծիչներով եւ թէ՛ ալ ելեկտրոնային դրութիւններու խափանարարութիւնով:
Հայաստանը Արցախով Իրանի հետ 42+80 քմ սահման ունէր
Դէպի Չինաստան ուղղուող իրանեան քարիւղ
Յետադարձ ակնարկով, իրանցի փորձագէտներ ալ կը վկայեն, որ Իրան մեծ սխալ գործեց 44-օրեայ պատերազմին, երբ անտեսելով Իսրայէլի ուղղակի մասնակցութիւնը եւ չնախատեսելով, որ Արցախի պարտութեամբ, անոր հետ իր շուրջ 80 քմ բացարձակ ապահով սահմանը, Իսրայէլի եւ ահաբեկիչներու տրամադրութեան տակ պիտի ըլլար… եւ այդպէս ալ եղաւ: Փոխանակ Ատրպէյճանի հետ շուրջ 600 քմ սահմանը հսկելու, այժմ 680 քմ սահմանին պիտի հսկէ, որուն նոր աւելցած 80 քմ-ը այժմ բարեկամ հայերու փոխարէն, թշնամի իսրայէլեան զինուորական եւ լրտեսական խափանարարներով բնակուած է:
Նախորդ մասէն (1) կը շարունակենք. «Ուրեմն ի՞նչն է, որ այս նոր երկաթուղային միջանցքը խաղի կանոնները կը փոխէ:
«Երկաթուղիի վրայ պերճանք
«Պատմականօրէն, Չինաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտուրը մեծապէս հիմնուած է ծովային նաւարկութեան վրայ, բեռները կ՚անցնին ծովային երկար եւ բարդ շղթայով: Ապրանքները Չինաստանէն կը տեղափոխուին Մալաքքայի նեղուցէն, Հնդկաց ովկիանոս, Արաբական ծով եւ վերջապէս Պարսից ծոց`շուրջ  11,000 քմ: Այսինքն 30-40 օր նաւարկում:
«Ի տարբերութիւն, նոր ցամաքային երկաթուղային երթուղին գրեթէ կիսով կը կրճատէ այդ ժամանակը՝ 14 օրի: Ժամանակային զգայուն բեռներու եւ աւելի արագ մթերագրումի համար, այս մեծ առաւելութիւն է:
«….Տարիներ շարունակ Չինաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտուրի մեծ մասը նաւով էր՝ անցնելով Մալաքքայի եւ Հորմուզի նեղուցներու նման խեղդիչ կէտերով, որոնց ուշադիր կը հետեւէին ՄՆ-ու հինգերորդ նաւատորմը եւ անոր դաշնակիցները: Կարեւոր է այս, քանի որ ՄՆ-ու պատժամիջոցներուն տակ ոեւէ մէկը, որ Իրանի հետ առեւտուր կ՛ընէ, նոյնիսկ ոչ նաւթային ապրանքներ, Ուաշինկթընի կողմէ երկրորդական պատժամիջոցներու կ՚ենթարկուի:
«Բայց այս նոր երկաթուղային միջանցքը այլ բան է: Ան ամբողջութեամբ կը մնայ ՄՆ-ու ազդեցութենէն դուրս գտնուող երկիրներու մէջ՝ Չինաստան, Ղազախստան, Թուրքմենիստան եւ Իրան, որ զայն կը դարձնէ քիչ խոցելի ճամբայ: Երկու կողմերուն համար այդ աւելին է, քան երկաթուղագիծ: Սա պատժամիջոցները շրջանցող դիմացկուն մատակարարման շղթայ է, որ կառուցուած է առեւտուրի հոսքը պահպանելու համար՝ անկախ աշխարհաքաղաքական ճնշումներէն:
«Քանի որ առեւտուրն ու ուժանիւթը կը փոխադրուին այս նոր ցամաքային ուղիներով, ՄՆ-ը դուրս կը մնայ տարածաշրջանի կարեւորագոյն տնտեսական եւ ռազմավարական զարգացումներէն:
«Նոր երկաթուղային միջանցքը նոյնպէս յստակօրէն կը շրջանցէ աճող ծախսերը եւ ծովային վտանգները:
«Բաղդատական մը կատարելով, ցամաքային միջանցքը ապահով է ծովահէններէ, խցանուած նեղուցներէ, ապահովագրական բարձր սակերէ եւ նուազ ծախսալից է:
«Որպէսզի այս միջանցքը իսկապէս աշխատի, Չինաստանը, Իրանը, Ղազախստանը եւ Թուրքմենիստանը համաձայնած են մրցակցային սակագիներու եւ ընդհանուր գործնական չափանիշերու շուրջ՝ սահմաններէն դուրս երկաթուղային ծառայութիւններու դիւրացման համար:
«Բացի այդ, Իրանը եւ Չինաստանը կը ձգտին այս երթուղիին յետագայ շահագործումը՝ տարիներու ընթացքին անոնց օգտագործումը, յարատեւ մեծցնելու ծրագիրներով:
«Ըստ Ափրին կայարանի գործադիր տնօրէնին, միջանցքը «կը կրճատէ փոխադրութեան ծախսերը եւ կը նուազեցնէ ափամերձ բեռնափոխադրութեան հանգոյցներէն կախեալ ըլլալը»: Ըստ Պաշտօնեաներուն, մինչեւ 2030 Չինաստան-Իրան առեւտուրի 15-20 տոկոսը կարելի է փոխադրել այս երկաթուղիով:
«Առաւելութիւնները շատ աւելին են, քան կարճ ժամկէտով առեւտրային շահերը: Այս միջանցքը կրնայ վերասահմանել ազգային ինքնութիւնները եւ առաջ մղել թէ՛ Իրանի, թէ՛ ալ Չինաստանի երկարաժամկէտ աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւնները: Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս.
«Փոխակերպութիւն
«Նոր երկաթուղային միջանցքը կրնայ Իրանը դարձնել Արեւելեան Ասիան Միջին Արեւելքին եւ Եւրոպային հետ կապող տարանցիկ օղակ: Մէկ խօսքով, ան կրնայ կամուրջ հանդիսանալ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ։ Իսկ ապրանքները սահմանէ սահման փոխադրելու կարելիութիւնը՝ առանց Ամերիկայի կողմէ հսկուող ծովային ուղիներու, կրնայ Թեհրանին նոր լծակներ շնորհել իր արտաքին քաղաքականութիւնը ձեւաւորելու:
«Իրօք, Իրանը կրնայ վերածուիլ տարանցման վրայ հիմնուած տնտեսութեան, որ չի հիմնուիր մի՛այն նաւթային աննախատեսելի եկամուտներու վրայ: Տարիներ շարունակ պատժամիջոցներէն ետք, այս Իրանին հազուագիւտ հնարաւորութիւն կը շնորհէ օգտագործելու իր դիրքը՝ ռազմավարական ազդեցութիւն բանեցնելու եւ առեւտրային ուղիներէն կայուն եկամուտ ապահովելու համար:
«Չինաստանի համար այս երկաթուղային միջանցքը կը ծառայէ իբրեւ անվտանգութեան ցանց, միջոց՝ նուազեցնելու վտանգաւոր ծովային ուղիներէ կախեալ ըլլալէ, ինչպիսին է Մալաքքայի նեղուցը, ուրկէ կ՚անցնի նաւթին մեծ մասը: Իրանով անցնող ցամաքային ուղին Չինաստանին կու տայ պահեստային միջոց մը, որ նուազ հաւանական է, որ արգելափակուի կամ պատժամիջոցներու ենթարկուի, յատկապէս հակամարտութիւններու ժամանակ:
«Կ՚օգնէ նաեւ վերակենդանացնել «Գօտի եւ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը, որ թափը կորսնցուց Ափրիկէի եւ Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ: Ի վերջոյ, եթէ երկաթուղին Թուրքիոյ միջոցով միանայ Եւրոպային, Չինաստանը կրնայ աւելի արագ եւ ապահով ճամբայ ձեռք բերել դէպի արեւմտեան շուկաներ:
«Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ, պարզապէս գումակային փոփոխութիւն չէ, այլ՝ տոլարի գերակայութեան եւ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ ՄՆ-ու ազդեցութեան դանդաղ մաշեցում:
«Տոլարին շրջանցումը
«Չինաստանը ոչ միայն երկաթուղային գիծեր կը կառուցէ, այլ նաեւ կը ստեղծէ տնտեսական ուղիներ, որոնք կը շրջանցեն ՄՆ-ու ղեկավարած համակարգը:
«Լռութեամբ, սակայն դիտումնաւոր կերպով, Չինաստանը սկսած է առեւտրային մեծ համաձայնութիւնները, ինչպէս Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ, Եուանի վրայ հիմնուած տնտեսութիւն բանեցնել՝ անով իսկ խուսափելով համաշխարհային տոլարային համակարգէն:
«2012-էն Չինաստանը իրանեան նաւթը գրեթէ Եուանով կը գնէ։ Մի՛այն 2024 -ին Չինաստանը Իրանի հում նաւթին գրեթէ 77 տոկոսը գնած է՝ շուրջ 29 միլիառ տոլար արժողութեամբ, գլխաւորաբար Եուանով: Այդ նոյն տարին Չինաստան-Ռուսիա առեւտուրը 230 միլիառ տոլարէն աւելի, որուն վճարումներուն մեծ մասը այլեւս տոլարով չէր:
«Միջանցքը նաեւ կը շրջանցէ դրամատնային Սուիֆթ SWIFT տոլարի փոխանցումի համակարգը, որոնք, երկուքն ալ Արեւմուտքի պատժամիջոցներու զինանոցի գործիքներ եղած են: Իրանը շատոնց կտրուած է Սուիֆթէն՝ նոյնիսկ հիմնական առեւտրային վճարումները ցաւալիօրէն դանդաղ կամ անկարելի դարձնելով:
«Ահա հոս է, որ կը յայտնուի Չինաստանի Միջսահմանային դրամատնային վճարումի համակարգը Cross-Border Interbank Payment System (CIPS): 2024 -ին CIPS-ի գործառնութիւնը 175,49 թրիլիոն Եուանի միջսահմանային վճարումներ կը հաշուէր, որ 42,6 տոկոսով կը գերազանցէր նախորդ տարուանը՝ ըստ Չինաստանի 2024-ի վճարումի համակարգի հաշուետուութեան:
«Համակարգը այժմ սերտօրէն մաս դարձած է «Գօտի եւ ճանապարհ» առեւտրական հոսքերուն՝ երկիրներուն տրամադրելով Սուիֆթի ապահով այլընտրանք: Քանի որ աւելի՛ շատ երկիրներ գործարքներ կը կատարեն Եուանով կամ տեղական դրամանիշով, ՄՆ-ու տոլարի գերակայութիւնը սկսած է տկարանալ՝ լուռ, սակայն զգալի տեղաշարժով, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս աշխարհի երկրորդ մեծ տնտեսութիւնը, աստիճանաբար կ՚ամրապնդէ իր սեփական դրամանիշը եւ վճարման համակարգը:
«Վերջապէս, Չինաստան-Իրան երկաթուղային ցանցը ուղղակի մրցակից է Հնդկաստան-Միջին Արեւելք-Եւրոպա տնտեսական միջանցքին (IMEC), որուն կ՚աջակցի Միացեալ Նահանգները:
«IMEC-ը նպատակ ունի Հնդկաստանը միացնել Եւրոպային ծովային եւ երկաթուղային կապերու խառն միջոցով՝ Հնդկաստանի նաւահանգիստներէն ԱՄԷ, այնուհետեւ ցամաքով Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի եւ Իսրայէլի վրայով, Միջերկրական ծովու նաւահանգիստներէն հասնիլ եւրոպական շուկաներ:
«IMEC-ը Արեւմուտքի պատասխանն է Չինաստանի «Գօտի եւ ճանապարհ» նախաձեռնութեան, որ Ուաշինկթընի աւելի լայն ռազմավարութեան մէկ մասն է՝ Համաշխարհային ենթակառոյցներու եւ ներդրումներու Գործընկերութիւն PGII:
«Սակայն, ի տարբերութիւն Չինաստան-Իրան միջանցքին, որ արդէն կը գործէ, IMEC-ը տակաւին ծրագրումի փուլի մէջ է:
«Իրան-Չինաստան բեռնափոխադրումներու միջանցքին մարտահրաւէրները
«Հակառակ Չինաստան-Իրան երկաթուղային միջանցքին խոստմնալից ըլլալուն, ան կը բախի երկու հիմնական խոչընդոտներու, որոնք կը սահմանափակեն անոր կարողութիւնը՝ ծաւալ եւ ծախս:
«Սկսինք տնտեսականէն: Երկաթուղին արագութեան առաւելութիւն կը շնորհէ՝ նուազեցնելով տարանցումի ժամանակը աւելի քան 30 օրէն 14 օրի, բայց այդ արագութիւնը աւելի բարձր գին ունի: Արդիւնաբերութեան գնահատականներով մէկ 20 ոտք բեռնարկղի երկաթուղիով առաքման գինը 1,200-էն 1,800 տոլարի միջեւ է: Զգալիօրէն աւելի բարձր է, քան 600-1000 տոլարը, որ սովորաբար կ՚արժէ նոյն բեռնարկղը ծովով տեղափոխելը:
Այնուհետեւ կայ կարողութեան հարցը: Բեռնատար գնացքները իւրաքանչիւր ուղեւորութեան սահմանափակ թիւով բեռնարկղներ կրնան տեղափոխել եւ օրական սահմանափակ թիւով երթուղիներու միջոցով: Ի տարբերութիւն, մէկ հսկայական բեռնարկղային նաւ մը կրնայ տեղափոխել 8000-էն մինչեւ 24000 քսան ոտք բեռնարկղ մէկ նաւարկութեան ընթացքին: Նման քանակ կարելի չէ երկաթուղիով իրականացնել:
«Եզրակացութիւն
«Այս պահուս Չինաստան-Իրան երկաթուղային գիծը լայնածաւալ առեւտուրի ցանցի բազմաթիւ ուղիներէն մէկն է միայն: Նաւերն են տակաւին հիմնական՝ ծանր բեռնափոխադրողները: Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի, կամ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ ապրանքներուն մեծ մասը կը շարունակէ առաքուիլ ծովով, գոնէ առայժմ: Երկաթուղային գիծը, թէեւ խոստումնալից է, ամբողջութեամբ չի փոխարիներ նաւագնացութեան ուղիները:
«Չինաստանի համար պահեստային Բ. միջոցն է՝ առեւտուրը շարունակելու համար, նոյնիսկ երբ ծովային ուղիները կը դառնան վտանգաւոր կամ վիճելի: Իրանի համար այդ լուռ քայլ է դէպի աւելի մեծ դիրք՝ իբրեւ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ միջին օղակ: Նոյնիսկ եթէ այսօր ծաւալները փոքր են, խորհրդանիշն ու կարելիութիւնը՝ ոչ:
«Սակայն, այս զարգացումը, աշխարհը, յատկապէս Միացեալ Նահանգները, պէտք է նկատի ունենայ, քանի որ նման ենթակառուցուածք պարզապէս քարիւղ կամ բեռնարկղներ չի տեղափոխեր:
«Ըստ Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլի՝ Իրանը վերջերս Չինաստանէն ապսպրած է հարիւրաւոր պալիսթիք հրթիռներու բաղադրիչներ: Ապագային նման բեռներ կրնան հասնիլ ցամաքային միջանցքներով, որոնք Արեւմուտքի հսկողութենէն դուրս են: Ահա թէ ինչո՛ւ այս երկաթուղային կապը պարզապէս առեւտրային ճանապարհ չէ, այլ ռազմավարական անտեսանելի կէտ է: Բան մը, որ ՄՆ-ը եւ անոր դաշնակիցները չեն կրնար անտեսել: Ո՛չ թէ այսօր ի՞նչ կը կրէ երկաթուղին, այլ ապագային ի՞նչ կրնայ կրել»: Վերջ:
Արեւմուտքը միշտ պիտի փորձէ այս միջանցքը խափանել, օրինակ՝ Խրխզիստանի մէջ 2005-ին «կակաչ յեղափոխութիւնը» հրահրեց, 2010-ին՝ «Ապրիլեան յեղափոխութիւնը» եւ 2020-ին «Խրխըզ յեղափոխութիւնը», սակայն ան Արեւմուտքին չենթարկուեցաւ: Վերջինին՝ ՀԱՊԿ-ի, ներառեալ հայկական ուժերը օգնութեան հասան:
Երկրորդ եւ հին ծրագիրն է բանթուրանական գօտին, որ Հունգարիայէն Չինաստան կ՚երկարի, որուն պատմականօրէն եւ ցարդ, խոչընդոտ հանդիսացած է Հայաստանը: Արեւմուտքը Արցախը զոհեց, որ բանթուրանական գօտիին հողային խոչընդոտը փոքրանայ եւ կարելի ըլլայ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը» իրականացնել գրաւելով Սիւնիքը եւ կտրելով հիւսիսի հետ Իրանի կապը:
Ահա այս է հաւաքական Արեւմուտքին ծրագիրը, Իրան-Ռուսիա եւ Իրան Չինաստան ցամաքային կապը խզել, երկու անգամ՝ Թուրքիոյ ապա Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկելէ ետք հայութիւնը, ոտքի կոխան ընելով Հայաստանն ու Արցախը եւ մեր ութ հազարամեայ պատմութիւնն ու մշակոյթը: Եւ տակաւին «երջանիկ ապրելու» մասին կը խօսի գերագոյն դաւաճան այս իշխանութիւնը, որ Արցախն ու Հայաստանը թշնամիներուն յանձնեց:
Այժմ մեր միա՛կ պաշտպան Իրանը, նորօրեայ ցեղասպան զոյգին, կամ երկուորեակին՝ Ամերիկայի եւ Իսրայէլի կողմէ անարդարանալի ու ապօրինի յարձակումի կ՚ենթարկուի: Մեծ յոյսով ենք, որ արդարութիւնը՝ Իրանի հզօր դիմադրութիւնն է որ պիտի յաղթանակէ:
1. https://hairenikweekly.com/?p=64496
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button