Հայաստանի Մէջ Ձերբակալութիւններու Եւ Խուզարկութիւններու Նոր Ալիք
ԵՐԵՒԱՆ․- Ընդիմութիւնը կը յայտարարէ, թէ զանգուածային ձերբակալութիւններ եւ խուզարկութիւններ կը կատարուին զանազան շրջաններու մէջ։
Այս գործողութիւնները կատարուեցան այն ժամերուն, երբ Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիա ժամանած էր։
Ձերբակալուածներուն թիւը կը գերազանցէ երեսունը։
Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը տեղեկացուց, թէ ձերբակալուածներու շարքին կան դաշնակցականներ։ «Անկախ զարգացումէն եւ ճնշումներու ծաւալէն՝ կը հաստատենք. ոչ մէկ բռնաճնշում կրնայ մեր ձայնը լռեցնել. այսպիսի գործելաոճ մը ի վերջոյ պիտի ծնի համարժէք հակազդեցութիւն», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
«Այս պահին յայտնի է, որ Հայաստանի տարբեր մարզերում` Տաւուշ, Կոտայք, նոր էլ պարզուեց Լոռի, մեր մարզային պատասխանատուներին բերման են ենթարկում, ձերբակալութեան տանում, կանչում են քննչական` ինչ-որ քննութեան, այդ թւում ` «Սրբազան Պայքար»-ի մասնակիցներին: Սա խօսում է իշխանութեան վախի մասին, բնականաբար, Թուրքիոյ պահանջները կատարելու նպատակով այս ամէնը պէտք է դիտել, բայց այս պահին կարող եմ ասել, որ եթէ որեւէ մէկի մտքով անցնում է այս ճանապարհով կարող է մեզ հետ պահել` հայրենիքի համար մեր պայքարից կամ յոյս ունի, որ սրանով կարող է որեւէ կերպ ազդել մեր գործողութիւնների վրայ, չարաչար սխալւում են: Այս հալածանքը մեր նկատմամբ նոր չէ, ո՛չ առաջինն է, ո՛չ էլ վերջինը, մենք ցանկացած սենարիոյի պատրաստ ենք»,- ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Արդէն քանի ժամէ ի վեր տարբեր մարզերէ ահազանգներ կը ստանամ, որ զանազան պատրուակներով քաղաքացիներ կամ ոստիկանութիւն կը հրաւիրեն կամ բերման կը ենթարկեն, որոշ վայրերու մէջ տեղեկութիւններ կան, որ բնակարաններու մէջ խուզարկութիւններ կ’ընեն», նշեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։