Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

Անհետ կորսուած զինուորներու հարազատները՝ բողոքելով Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն Արմէն Ապազեանի պաշտօնանկութեան դէմ, փակեցին Բաղրամեան պողոտան, Ազգային Ժողովին նիստին ընթացքին։ Անոնք ապա թիրախ դարձան կարմիր եւ սեւ գդակաւոր ոստիկան ուժերուն, երբ ոստիկանները իրենց զինուոր զաւակներուն ճակատագիրը չգիտցող ծնողները քաշքշեցին եւ հեռացուցին։

Բողոքող քաղաքացիները մտահոգ են, որ Ապազեանի պաշտօնանկութեամբ, իրենց հարազատներուն թղթածրարը փակուղի կրնայ մտնել, որովհետեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատար Անդրանիկ Սիմոնեան հարցին մանրամասնութիւններէն տեղեակ չէ։

Արմէն Ապազեան պարբերաբար հանդիպումներ ունեցած էր անհետ կորսուած զինուորներու հարազատներուն հետ, որոնց հաւաստիացուցած էր, որ հարցին հետապնդումը պիտի շարունակէ։

*

Փաստերու Ստուգման Հարթակը դիմեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին, որպէսզի տեղեկութիւններ ստանայ, թէ պետական պիւտճէէն որքան գումար յատկացուած է «Կրթուիլը Նորաձեւ Է» արշաւին համար։ Այս արշաւը նախաձեռնուած է “Իմ Քայլը” հիմնադրամին կողմէ, որ պետական մարմին չէ, բայց պետական պիւտճէէն գումարներ կը ստանայ, որպէսզի գործադրէ արշաւին հանդիպումները։

Կառավարութենէն պատասխանացին, որ  տեղեկութիւնը պետական գաղտնիք է՝ յղում կատարելով պետական գնումներու մասին օրէնքին 15-րդ յօդուածին։ Սակայն խնդիրը այն է, որ Աննա Յակոբեանի գլխաւորած Իմ Քայլը հիմնադրամը պետական մարմին չէ, բայց ինչպէս հաստատեց Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, հիմնադրամին նախաձեռնած շարժումը պետական պիւտճէէն կը ֆինանսաւորուի։

*

Հայաստանի լրագրողներու միութիւնը դատապարտեց լրագրող Մերի Մանուկեանի նկատմամբ ոստիկանի մը կողմէ բիրտ ուժի գործադրութիւնը եւ յայտարարեց, որ 2018-էն ի վեր սկիզբ առած եւ ամէն օր առաւել շեշտուող այս արշաւը՝ լրագրողներու եւ լրատու աղբիւրներու դէմ, խիստ դատապարտելի է։

Միութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստանը հեռացած է ժողովրդավարական արժէքներէն եւ իշխանութիւնները բոլոր միջոցները կը գործածեն՝ խօսքի ազատութիւնները սահմանափակելու եւ լրատու աղբիւրներու գործունէութիւնը խոչընդոտելու համար։ Միութիւնը լրագրողներուն կոչ ըրաւ՝ պահպանելու պաղարիւնութիւնը եւ աշխատելու լրագրական բարոյական արժէքներով առաջնորդուելով։

*

Փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, դրամական Միջազգային Ֆոնտի հայաստանեան առաքելութեան նորանշանակ ղեկավար Ալեքսանտր Թիմանի հետ քննարկեց Հայաստան- Ֆոնտ գործակցութեան հեռանկարները։ Ան կարեւորեց Ֆոնտին հետ համագործակցութիւնը՝ ընդգծելով երեք ամեայ պահեստային ծրագրին մէջ ընդգրկուած նախաձեռնութիւններուն կարեւորութիւնը՝ կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեկարգումներու ծիրին մէջ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան կանխիկ գումարներու նուազեցման, դրամագլուխի շուկային, ելեկտրոնային առեւտուրին եւ թուայնացման վերաբերող հարցեր։

*
Ընթացիկ տարուան Մայիս ամսուն ընթացքին Հայաստան այցելած են 181,436 զբօսաշրջիկներ։Այս թիւը գերազանցած է անցեալ տարուան Մայիսին Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւէն, որ 167,049 եղած է։Բայց խնդիրը այն է, որ Մայիս ամսուան թիւերը ներկայացնելով՝ իշխանութիւնները կը ջանան ծածկել ընթացիկ տարուան առաջին վեց ամիսներուն տուեալները, որոնց համաձայն, Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է։

Ընթացիկ տարուան առաջին վեց ամիսներուն դէպի Հայաստան զբօսաշրջութիւն կատարուած է Ռուսիայէն՝ 37  առ հարիւր, Վրաստանէն՝ 15  առ հարիւր  եւ Իրանէն՝ 8 առ հարիւր։

*

Հայաստանէն Վրաստան ուղղուող բեռնատար մը ստուգումներու ենթարկուեցաւ Կուկուտի մաքսային անցակէտին վրայ, ուր  վրացի մաքսաւորներ յաջողեցան յայտնաբերել մօտաւորապէս 300 քիլոկրամ հերոյին, որ բեռցուած էր բեռնատարին կցորդին մէջ։ Բեռնատարին մաքսային փաստաթուղթերուն համաձայն, անիկա աղիւս կը փոխադրէր։ Սակայն վրացի մաքսաւորները կասկածեցան  եւ մանրազննին քննութենէ ետք յայտնաբերեցին թմրեցուցիչը, որ աւելի քան 30 միլիոն տոլար կ՛արժէր։

Թմրեցուցիչը Հայաստանէն պիտի փոխադրուէր Պաթում, ուրկէ Եւրոպա մուտք պիտի գործէր։ Հաղորդուեցաւ, որ ձերբակալուած է վրացի մը։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button