Գլխաւոր

Ռուսիոյ շուրջ Բ. մաս.- Ապահովե՞լ Սահմանները. Ռուսիոյ Ռազմավարութիւնը Ուքրայինական Ճակատէն Անդին

Մոսկուայի արտաքին քաղաքականութիւնը կը մտնէ յետարեւմտեան դարաշրջան

 

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

12 Յունիս 2025

haroutchekijian.wordpress.com

          Աշխարհի ամենամեծ երկիրը՝ 17,1 միլիոն քառ. քմ. Ռուսիան, նաեւ, աշխարհի ամենէն երկար՝ 57 հազար 792 քիլոմեթր 14 երկիրներու հետ ցամաքային, եւ ծովային սահման ունի: Երկրորդ մեծ երկիրը Քանատան է՝ 9 միլիոն 985 հազար քառ. քմ., իսկ երրորդը՝ Չինաստանը՝ 9 միլիոն 707 հազար քառ. քմ.: Յօդուածը Ֆիզիքական եւ քաղաքական ապահով սահմաններու մասին է:

Ռուսիոյ դրացիները: ԿՈՒԱՄ-ի երկիրները, կապոյտ՝ Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան եւ Մոլտովա, Ուզպէքիստանը՝ նախկին անդամ: GUAM-ը 1997-ին հիմնուած, անգլերէն սկզբնատառերն է Ռուսիոյ սահմանին գտնուող Վրաստանի, Ուքրայինայի, Ատրպէյճանի եւ Մոլտովայի, որ «ժողովրդավարութեան» եւ տնտեսական զարգացման խմբաւորում է: Բացի Ատրպէյճանէն, ԿՈՒԱՄ-ը ուղղակի հակառուսիա եւ հակառուս ճակատ դարձաւ:

 

          Վալտայ քննարկումի կիսապաշտօնական ակումբի տնօրէն Թիմօֆէյ Պորտաչեւի Timofey Bordachev, Program Director of the Valdai Club, 5 Յունիս 2025-ի վերոնշեալ խորագիրով եւ ենթախորագիրով յօդուածը (1) Ռաշա Թուտէյի Russia Today կողմէ ռուսերէնէ անգլերէն թարգմանութիւնը, կը ներկայացնեմ ստորեւ:

«Աշխարհը, ներառեալ Մեծն Եւրասիան, աւելի յարմար միջավայր դարձած է, Ռուսիոյ կողմէ արտաքին քաղաքական նպատակներ հետապնդելու համար: Այսօր Մոսկուայի արտաքին ռազմավարութեան մէջ ներդրումներու եւ եկամուտներու հաւասարակշռութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի բարենպաստ է: Կը մնայ ուժեղացնել այս քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը, Ռուսիոյ անմիջական շրջապատին՝ աւելի յստակօրէն համապատասխանեցնելով զայն ազգային զարգացման նպատակներուն։

«Ռուսիան փաստած է Արեւմուտքին հետ ուղղակի ճակատումին դիմադրելու իր կարողութիւնը՝ հիմնականին մէջ զօրաշարժի ենթարկելով ներքին միջոցները եւ յարմարելով ծագող մարտահրաւէրներուն: Միեւնոյն ատեն, ուժերու հաւասարակշռութեան համաշխարհային փոփոխութիւնը, յատկապէս Արեւմտեան Եւրոպայի ռազմավարութեան անտեղի ըլլալը, խաղի վերածուած է Ռուսիոյ ձեռքին մէջ: Մոսկուան վերահաստատած է իր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական նպատակը՝ պաշտպանել իր անկախ իրաւունքը՝ որոշելու իր ազգային անվտանգութեան վերաբերող բոլոր հարցերը:

«Այսուհանդերձ, նոյնիսկ եթէ Ռուսիան կը պահէ իր սահմանագիծերը, ան կը բախի յամառ անորոշութեան՝ աւելի լայն տարածաշրջանային միջավայրին մէջ: Ճիշդ այստեղ է, որ կը պատշաճի 2010-ականներու կէսերուն յղացուած Մեծն Եւրասիոյ գաղափարը։ Այս ռազմավարութիւնը նպատակ ունի Ռուսիոյ շուրջ ապահով միջավայր ստեղծել՝ առանց դիմելու բռնատիրութեան կամ գերիշխելու։ Արմատացած Մոսկուայի հիմնական շահերուն վրայ, կ՚առաջարկէ կայունութեան իրատեսական ուղի մը, աշխարհի մը մէջ, ուր հարեւան պետութիւններու վրայ ուղղակի հսկողութիւնը այլեւս ցանկալի չէ, ոչ ալ յարատեւ գործադրելի:

«Երեք պատճառ կայ, թէ ինչո՛ւ Ռուսիան յարատեւ տարածքային ընդլայնումով շահագրգռուած չէ: Նախ՝ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ռուսական բնակեցման բնական սահմաններէն դուրս գալը բազմիցս վտանգած է իր իսկ պետականութիւնը։ Երկրորդ, հարեւան պետութիւններու, նո՛յնիսկ փոքրերու վրայ վերահսկողութիւն իրականացնելու գինը արագօրէն Ռուսիոյ քաղաքացիներուն մօտ դժգոհութիւն կ՚առաջացնեն: Երրորդ՝ Մեծ Եւրասիական տարածքը այլեւս այն աշխարհաքաղաքական պարապութիւնը չէ, որ եղած էր 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն։ Այդ ժամանակ Ռուսիան կրնար կայունութիւն ապահովել միայն ուժի միջոցով։ Այսօր անոր կը շրջապատեն կառուցուած պետութիւններ, ինչպիսիք են Չինաստանը եւ Հնդկաստանը, աւելի փոքր պետութիւններու կողքին, իրենց սեփական ուղին ճշդելու վճռականութեամբ:

«Այս խորապատկերին, Ռուսիան իր ազգային շահերը պաշտպանելու համար բացառապէս ռազմական կամ դիւանագիտական միջոցներու վրայ յոյս դնելու ո՛չ անհրաժեշտութիւն, ո՛չ ալ հիմնաւորում ունի։ Մեծն Եւրասիոյ մէջ աշխարհաքաղաքական միջավայրը աւելի բարենպաստ դարձած է Ռուսիոյ մասնակցութեան համար, մասնաւորապէս՝ ծախսերու եւ օգուտներու համեմատութեան առումով:

«Տակաւին, այդ մէկը վտանգը չհեռացներ։ Տարածաշրջանային ուժերը իրար միջեւ լարուածութիւն ունին: Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ սահմանային բախումները, օրինակ, կ՚ընդգծեն, թէ որքա՛ն խոցելի է եւրասիական կայունութիւնը, նոյնիսկ այն երկիրներուն միջեւ, որոնք պաշտօնապէս Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան գործընկերներն են: Այս երկիրներէն շատերը ինչպէս Մոսկուան՝ անդամ են նոյն բազմակողմանի հաստատութիւններուն, ինչպէս՝ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան, կամ՝ ՊՐԻՔՍ-ին: Սակայն, համագործակցութիւնը, հակամարտութիւններու հաւանականութիւնը չարգիլեր:

«Աւելին, արեւմտեան պետութիւնները, թէեւ տկարացած, բայց խաղէն չեն անհետացած։ Անոնք կը շարունակեն միջամտել եւրասիական գործերուն՝ կա՛մ ուղղակիօրէն, կա՛մ խրախուսելով Ռուսիոյ դրացիները՝ ընտրելու քաղաքական զանազանութիւն: Որոշ պարագաներու, Արեւմուտքը կրնայ փորձել ուղղակի ապակայունացնել Կեդրոնական Ասիոյ բարեկամ վարչակարգերը: Այլ երկիրներու մէջ ռազմավարութիւնը աւելի խորամանկ է, պետութիւններուն մղելով դէպի աւելի լայն արտաքին քաղաքական ցանցեր, որոնք կը ներառեն Եւրոպան կամ Միացեալ Նահանգները: Թէեւ ներքնապէս թշնամական չեն, սակայն նման ռազմավարութիւններ կրնան անվստահութիւն սերմանել Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ անոնց փոքր գործընկերներուն միջեւ:

«Իրականութիւնը այն է, որ Արեւմուտքը Եւրասիան կը համարէ ո՛չ թէ ռազմավարական հետաքրքրութեան գօտի, այլ իբրեւ դիւանագիտական խաղերու դաշտ: Այս անգուշակելի վիճակը միայն կ՚աւելցնէ տարածաշրջանին դիւրաբեկութիւնը: Միեւնոյն ատեն, շատ մը եւրասիական փոքր երկիրներ, խոցելի են ներքին խռովութիւնով, յատկապէս՝ կախեալ ըլլալով համաշխարհային տնտեսութենէն, ուր կը տիրապետեն տնտեսական մակաբոյծ կեդրոնները (Միջազգային Դրամատուն, Ասիական զարգացման ֆոնտ եւ այլն*): Ինչպէս ցոյց տուին վերջին տարիները, արեւմտեան պետութիւնները կը պայքարին այդ տնտեսական համակարգը վերստեղծելու համար, մակերեսային հակումներէ դուրս, ինչպէս, օրինակ, այսպէս կոչուած «կանանչ անցումը» (բնապահպանութիւն*):

«Համաշխարհային լծակներէ կամ ներքին ճկունութենէ զուրկ երկիրներու համար, ներառեալ Եւրոպայի մեծ մասը, լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ: Մինչ այդ, Ռուսիան պէտք է մտածէ, թէ ինչպէ՞ս այդ շարժումը կ՚ազդէ սեփական կայունութեան վրայ։ Հակառակ Ուքրայինայի հարցին մէջ Արեւմուտքին դիմադրելու յաջողութիւններուն, մեծ մասամբ, Համաշխարհային Հարաւի աջակցութեան շնորհիւ, Մոսկուան աւելի կը մխրճուի տարածաշրջանային ճգնաժամերու մէջ: Այս աճող միջամտութիւնը, թէեւ յաճախ անհրաժեշտ՝ յաւելեալ ճնշում է ազգային աղբիւրներուն եւ միջոցներուն վրայ:

«Մեծն Եւրասիոյ մէջ է, որ զարգացման եւ ապահովութեան մարտահրաւէրներու կառավարման գործին մէջ, Ռուսիոյ մասնակցութիւնը ամենակարեւորը կ՚ըլլայ: Այստեղ Մոսկուան առիթը ունի շրջանային կայունութեան եւ զարգացման համար մնայուն միջոցներ ստեղծելու: Պէտք է կատարէ այնպէս, որ իր ռազմավարական տեսլականը ամբողջացնէ դրացի միջին եւ փոքր պետութիւններու ձգտումները՝ միաժամանակ հաշուի առնելով Չինաստանի եւ Հնդկաստանի երկարաժամկէտ նպատակները:

«Ճամբորդութիւնը դէպի աւելի անվտանգ, աւելի կանխատեսելի Մեծն Եւրասիա տակաւին նոր կը սկսի: Սակայն Ռուսիան լաւ դիրքի վրայ է զայն առաջնորդելու ո՛չ թէ ուժի, այլ սկզբունքային համագործակցութեան եւ զարգացման յստակ կեդրոնացումի միջոցով: Յաջողելու համար, ան պէտք է շարունակէ արտաքին քաղաքականութիւնը համապատասխանեցնել ներքին առաջնահերթութիւններուն, եւ դիմադրել հին կայսերական սովորութիւններուն վերադառնալու գայթակղութեան: Մեծն Եւրասիան հնարաւորութիւն կու տայ կառուցել տարածաշրջանային ազդեցութեան նոր օրինակ մը՝ բազմաբեւեռ, գործնական եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած»: Վերջ:

Ինչպէս յստակ է, ոչ մէկ թշնամական ծրագիր, խօսք կամ դիրքորոշում կայ արեւմուտքին դէմ, որ իր կարգին, Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք ալ, բացայայտ կերպով շարունակած է Ռուսիոյ դէմ խօսքով ու գործով, նո՛յն, այլեւ աւելի՛ սաստիկ անարդարանալի թշնամութիւնը: Տարիներէ ի վեր, առանց դիւանագիտական լեզուի, հաւաքական Արեւմուտքը եւ անդամ երկիրներու գրեթէ բոլոր առաջնորդները սպառնացած են ու կը սպառնան Ռուսիոյ, մինչ Ռուսիան՝ երբե՛ք:

Ըստ Շուէտի Ուփսալա համալսարանին (2) Բ. աշխարհամարտէն 1946-էն ետք, 285 զանազան տեսակի պատերազմներ տեղի ունեցած են, եւ ըստ Էքսփրես Թրիպիւնին, անոնց 81 տոկոսը՝ 231-ը դրդուած է (նախայարձակ*) Միացեալ Նահանգներուն կողմէ (3):

Նոյն ժամանակամիջոցին, Ռուսիա միայն երեք պատերազմ ունեցաւ, առաջինը 8 Օգոստոս 2008-ին՝ Հարաւային Օսէթիոյ մէջ, երբ Վրաստանի բանակը համաձայնութիւնը խախտելով ռուս խաղաղապահ ուժերուն վրայ յարձակեցաւ: Երկրորդը՝ 24 փետրուար 2022-ին, Ուքրայինիայի մէջ, երբ ուքրանական ուժեր, 2014-ի «Գունաւոր յեղափոխութենէն» սկսեալ, արեւելեան Ուքրայինայի ռուս բնակչութիւնը, որ երկրին 17,3 տոկոսն է (4) ցեղային մաքրագործման կ՚ենթարկէին «Նոր նացի» Ազովի ջոկատներուն կողմէ: Երկու պարագաներուն ալ, իր անմիջական սահմանին եւ ռուս բանակը կամ ժողովուրդը պաշտպանելու համար էր, եւ ոչ թէ արեւմուտքին նման, իրեն վնաս չհասցնող հազարաւոր քիլոմեթր հեռու վայրեր: Իսկ Սուրիոյ պարագային, 30 սեպտեմբեր 2015-ին, Սուրիոյ կառավարութի՛ւնը օգնութեան կանչած էր ռուսական ուժերը:

            Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 9 Յունիս 2025-ի մամլոյ հանդիպումին, ուղղակի Անգլիան ամբաստանեց Ռուսիոյ դէմ 1 Յունիս 2025-ի ահաբեկչական գործողութեան ետին կանգնելու յանցանքով «Sergey Lavrov claimed Britain is 100% behind the operations» (5), առանց զանց առնելու որոշ ամերիկեան մասնակցութիւն: Անգլիան միշտ հակառուս եղած է, իր այժմու նուազ քան 180 հազար զինեալ ուժերով, ներառեալ պահեստի զինուորները, որոնց, կէսը՝ Ուէմպլի ֆութպոլի դաշտի նստարանները կը լեցնէ, միւս կէսն ալ դաշտը, մինչ Ռուսիան՝ 3 միլիոն 570 հազար զօրք ունի (6), նաեւ, իր բնական պաշարներով՝ ինքնաբաւ է:

            «Քիեւի կողմնակիցները կ՚ուզեն աւելի մեծ հակամարտութիւն հրահրել Մոսկուայի հետ, կ՚ըսէ Միլորատ Տոտիք, Պոսնիոյ սերպ ղեկավարը President of Republika Srpska, Milorad Dodik (7) 11 յունիս 2025-ին:

            «Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի ինքնավար մարզի նախագահը վերջերս երեւցած է «թշնամիներու ցուցակին»՝ Ուքրայինայի պետական «Միրոտվորեց» (Խաղաղարար) կայքէջին մէջ: Այս ցուցակը կոչուած է «սպաննութիւններու ցանկ», երբ այնտեղ ներկայացուած քանի մը հասարակական գործիչներ սպաննուած կամ մահացած են կասկածելի պայմաններով: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգները, Անգլիան, Գերմանիան եւ արեւմտեան այլ երկիրներ կը ձգտին «պատերազմ հրահրել Ռուսիոյ դէմ՝ զոհաբերելով Ուքրանիան:

            «Ուքրայինան «շատ սխալներ» գործեց, ներառեալ ռուսախօս փոքրամասնութեան հալածանքը, որ ի վերջոյ պատճառեց զինեալ հակամարտութեան: Ան նշեց օրէնքներ, որոնք ուղղուած են հասարակութեան կողմէ ռուսերէնի գործածութեան սահմանափակումին եւ Ռուսիոյ կապուած՝ ուքրանական ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ յարձակումներուն:

            «Անոնց քաղաքական վերնախաւը նախընտրեց գրգռել Ռուսիան՝ փորձելով արգիլել ռուսերուն, Ուքրայինայի մէջ իրենց լեզուին եւ հաւատքին իրաւունքը: Ահա թէ ինչո՛ւ ռուսական [ռազմական] գործողութիւնը լիովին արդարացուած է», – ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Մոսկուան «իր ժողովուրդը պաշտպանելու իրաւունք ունէր»:

            «Ուքրայինայի ժողովուրդին համար ամենակարեւորը, կարելի արագութեամբ խաղաղութեան հասնիլն է», հերքելով զինք Ուքրանիոյ դէմ սպառնալիք ըլլալու մասին խօսքերը՝ իբրեւ «զրպարտութիւն»:

            «Իբրեւ հակամարտութեան հիմնական պատճառներէն մէկը, Ռուսիան նշած է Ուքրայինայի՝ ռուսախօս հանրապետութիւններուն՝ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնավարութիւն տալու մերժումը, ինչպէս որոշուած էր 2014-2015-ի Մինսքի համաձայնագրերուն մէջ: Նախագահ Վլատիմիր Փութին պահանջած է, որ Ուքրայինական հրաժարի ՆԱԹՕ-ի անդամակցելու յաւակնութիւններէն եւ ճանչնայ Ռուսիոյ նոր սահմանները, ներառեալ Խրիմը եւ Տոնպասի շրջանները, որոնք քուէարկած են անջատուիլ Ուքրայինայէն եւ միանալ Ռուսիոյ:

            «Մարտին, Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական (արտաքին գործոց նախարար*) Մարքօ Ռուպիոն, ուքրանական ճգնաժամը իբրեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ «փոխանորդի միջոցով (proxy) պատերազմ» բնութագրեց: Մոսկուան նաեւ կը շեշտէ, որ Քիեւին արեւմտեան ռազմական օգնութիւնը՝ ՆԱԹՕ-ի անդամները հակամարտութեան «ուղղակի մասնակիցներու» կը վերածէ»:

            Խրիմի, Տոնեցքի եւ Լուկանսքի կարգավիճակը յար եւ նման է Արցախին՝ Լեռնային Ղարաբաղին, որ ցեղային հալածանքի պատճառով, ինքնավարութենէն անկախութիւն հռչակեց եւ երկու հանրաքուէով որոշած էր միանալ Հայաստանին, սակայն նոյնիսկ Հայաստանը չճանչցաւ զայն, իսկ այժմու թշնամիին եւ օտարին ծառայող ՔՊ-ական իշխանութիւնը գերագոյն դաւաճանութեամբ թշնամիին յանձնեց 11458 քառ. Քմ. հայկական Արցախի հանրապետութիւնը թէ՛ խօսքով ու թէ՛ ալ գործով… Յաջորդիւ Կոնստանդին Զաթուլինի յայտարարութիւնները:

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները յօդուածագրին կողմէ:     

  1. https://www.rt.com/russia/618709-secure-perimeter-russias-strategy/
  2. https://www.infoplease.com/history/us/major-military-operations-since-world-war-ii
  3. https://tribune.com.pk/story/2345663/us-initiated-81-global-armed-conflicts-from-1945-to-2001
  4. https://en.wikipedia.org/wiki/Russians_in_Ukraine
  5. https://www.youtube.com/watch?v=AdfTGAPIyeA
  6. https://www.statista.com/statistics/1334413/military-personnel-in-russia-by-type/
  7. https://www.rt.com/news/618988-west-ukraine-war-serb-leader/

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button