Գլխաւոր
28 Պատգամաւորներու Ստորագրութիւնները՝ Նիկոլ Փաշինեանին Անվստահութիւն Յայտնելու
ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Ազգային ժողովի մեծագոյն ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան տեղեկացուց, թէ ապահոված է պակսող պատգամաւորներու ստորագրութիւնները` Ազգային ժողովին մէջ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց նախաձեռնելու համար:
Նշենք, թէ Նիկոլ Փաշինեանին անվստահութիւն յայտնելու աւելի քան միամսեայ աշխուժ քննարկումներէ ետք 6 Յունիսին նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութիւնը իր չորս անդամներէն եւ երկու անկուսակցականներէ բաղկացած «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան առաջարկած էր թեկնածու առաջադրել, որ Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեանն է: