Շաբաթ Մայիս 31-ին, 72-րդ անգամ ըլլալով նշուեցաւ «Պոսթըն Փոփս»-ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հոլ» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին (Friends of Armenian Culture Society):
Թաւջութակահար Անի Ազնաւուրեանըն էր օրուան հրաւիրուած երիտասարդ աստղը, որ բեմ բարձրացաւ եւ նուագեց շարժապատկերի երաժշտութեան մէջ մասնագիտացած Ճոն Ուիլիըմսէն գործեր։ Սովորականին նման, անգամ մը եւս նուագախումբը հնչեցուց «Հայր Մեր» տէրունական աղօթքը։

Ներկաները տպաւորուեցան Ազնաւուրեանի ելոյթէն, սակայն, շատ աւելի հմայիչ եւ յիշատակելի էր, երբ հանդիսութեան աւարտին, «Պոսթըն Փոփս»ի ղեկավար՝ Քիթ Լոքըրթի ծառայութեան 30-ամեակին առթիւ նուիրուած մէկ յատուկ հաւաքին, ան իր քրոջ՝ դաշնակահար Մարթա Ազնաւուրեանի նուագեց Կոմիտասի «Կռունկ»-ը։
Մաէսթրօ Քիթ Լոքըրթը, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին եւ անոր նախագահ Արա Առաքելեանին, որ տարեկան հերթականութեամբ կը կազմակերպէ այսպիսի յիշատակելի ձեռնարկներ, գործակցաբար «Պոսթըն Փոփս»-ին հետ։ Այս առթիւ, Արա Առաքելեան՝ Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին անունով հաճելի անկանկալ մը պատրաստած էր Լոքըրթին։ Ծառայութեան 30-ամեակին առթիւ պատրաստուած յատուկ կարկանդակին կողքին, հիմնարկը հայկական յարգի գորգ մը նուիրեց այս ժրաջան մաէսթրոյին, որ միշտ ալ, ամենայն հարազատութեամբ կը փորձէ ներկաներուն մեսրոպաշունչ լեզուով «Բարի երեկոյ» մը յայտնել։
Խորապէս ազդուած, Լոքըրթ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ շեշտեց, թէ ան պիտի շարունակէ մեծ նուիրումով, գործակցիլ հիմնարկին հետ, կազմակերպելով «Պոսթըն Փոփս»-ի հայկական յատուկ երեկոներ։