ԳրականՅօդուածներ

ԳՈՅՈՒԹԵՆԷՍ – ԷՈՒԹԵՆԷՍ  Ի՞ՆՉ  ՄՆԱՑ

 

Ակռաներս թափթփեցան, ես մնացի

Առողջութիւնս գանգատեցաւ, ես տոկացի

Երիտասարդութիւնս պարեց անցաւ, չափսոսացի

Մանկութիւնս չանհետացաւ՝ պահպանեցի

Հաւատքս զօրացաւ, զայն միշտ զօրքեցի

 

Ձայնը յոգնեցաւ գնաց, Գիրը առոյգ մնաց

Երբ փուշը չորցաւ, վարդը գլխահակ դարձաւ

Բոյրը աներեր գնաց, գոյնը երերուն մնաց

Գոյնն ալ գնաց, արմատը մնաց

Արմատը ծեր դարձաւ, հողը մնաց

Հողը դողաց

Դողը հազաց

Մոմը մնաց

 

Շոգեկառքը գացած է, կայարանը կայ

Գրգիռ շոգին յարնած է, խելօք ջուրը կայ

Համբոյրը բերաւ համբերութիւն

Համբերութիւնը տխրութիւն

Տխրութիւնը հրաժարում

 

Ուշ  կամ կանուխ

Ամէն կսկիծ

Ամէն հրճուանք

Տկար թուաց

 

Իմաստութեան հարբեցնո՛ղ բաժակը մնաց։

 

Վեհանոյշ  Թեքեան

Ապրիլ, 2025

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button