Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամները Տեսակցեցան Գանատայի Դեսպանին Հետ

ԵՐԵՒԱՆ․- Յունիս 10-ին, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Արսէն Համբարձումեան, «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին, Հայաստանի մօտ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անտրիւ Թըրնըրին։

Օրակարգի վևայ էին տարածաշրջանի քաղաքական զարգացումները։ Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին ընդհանրապէս զանազան հարցերու վերաբերեալ։
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամները գոհունակութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդի համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող շարք մը հարցերու վերաբերեալ պաշտօնական Օթաուայի սկզբունքային դիրքորոշումներուն, որոնց կարգին՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրացման, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ Պաքուի մէջ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ։

Երկուստեք կարեւորուեցաւ Գանատայի հայ համայնքի դերը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացէն ներս։

Նշենք, թէ Մայիս 29-ին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը, Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանն ու Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը այցելած Էին Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատուն:

Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանիի հետ հանդիպման ընթացքին Հ․Յ․Դ․-ի ներկայացուցիչները արծարծած էին շրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումները, Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ներքաղաքական հարցերուն մասին կուսակցութեան մօտեցումներն ու դիրքորոշումները: Օրակարգի վրայ էր երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ներկայ ընթացքին առնչուող հարցեր: Դեսպան Մեհտի Սոպհանի ընդգծած էր երկու երկիրներուն միջեւ փոխադրական հաղորդակցութեան նշանակալի աճը, նաեւ կարեւոր նկատած էր տարբեր ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներու ներուժի աւելի ծաւալուն օգտագործման հեռանկարը:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button