Յօդուածներ

ԳՈՐԾԱՐԱՆԱՏԷՐ ՔԻՄԸ

Գէորգ Պետիկեան 

Մեր փողոցին վրայ քով-քովի շարուած բոլոր տուներէն ներս, Քիմի հիւանդութեան լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ: Քիմը՝ բոլորին միայն դէմքով ծանօթ քորիացի Քիմը, որ ամէն առաւօտ կանուխ, մեր փողոցին վերէն-վար, ամբողջ երկայքին ու լայնքին իբրեւ օրուան մարզանք, քանի մը անգամ կը չափչփէր, նոյնիսկ երբեմն քալած պահուն շուէտական մարզանքի ձեւեր ալ ընելով, այս օրերուն ծանր հիւանդ էր: Կարծես, ինչպէս որ կ’ըսեն, «օրերը համրուած են»:

Հետաքրքրական է: Տարիներէ ի վեր, նոյն փողոցին, եւ նոյն շարքին վրայ ապրող բոլոր թոշակառու դրացիներուն նախանձելի օրինակը դարձող Քիմը, հիմա իր ճակատագրի բերումով, ֆիզիքապէս շատ ծանր վիճակի մէջ էր:

Ու առաջին անգամ ըլլալով, որոշեցի իր տունը երթալ: Հանդիպիլ: Խօսիլ: Այսպէս, շուրջ ժամ մը նստեցայ: «Հիւանդտեսի» եկած էի: Ո՛չ սուրճ, եւ ո՛չ ալ՝ «մուրճ», միայն՝ քորէական «թի» մը: Չմերժեցի: Գաւաթ մը թէյ: Այսչափ: Է՜հ, վերջապէս, հո՛ս դրացի Սէրկէյիս տունը չէր: Ո՛չ խմիչք, եւ ո՛չ ալ՝ խորոված:Ես եկած էի հիւանդտեսի եւ իբրեւ զօրակցութիւն՝ բարի ապաքինում մաղթելու: Վերջապէս… մէկ փողոցի վրայ ապրող «դրացիներ» էինք: Մեղա՜յ:

Ու իր խեղճ ու շատ նիհար կինը «այբ»-էն մինչեւ «օֆէ»-ն, յուզուած պատմեց ու պատմեց եւ մանրամասն ներկայացուց իր կողակիցին, անցնող հինգ ամիսներու վրայ երկարող կեանքին տառապալի ուղին: Իսկ միւս կողմէ, մեր խօսակցութեան ամբողջ տեւողութեան, հիւանդ Քիմը, իր պառկած տեղէն, սառած աչքերը մեզի յառած, մտիկ ըրաւ, անխօս եւ լուռ:

Էականը այն էր, թէ ան երբեք հոգեպէս չէր ընկճուած: Միշտ մեծ յոյսով եւ «բուռն», պայքարած էր իր կեանքի մեծագոյն թշնամի՝ ա՛յս գլխու ցաւին դէմ: Բայց անօգուտ:

Չար օր մըն էր, երբ գլխու ցաւով գործէն կանուխ տուն դարձած էր: Տնեցիք, նախ, սովորական քանի մը դեղերով փորձած էին ցաւը մեղմացնել, միշտ՝ «ոչինչ, շուտով կ’անցնի» մը համոզելով: Բայց, ո՛չ մէկ բուժում: Ստիպուած, շաբաթ մը ետք բժիշկներու եւ ապա՝ մասնագէտ բժիշկներու դիմած էին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրն ալ, առաջին իսկ հերթին, իբրեւ մեծ գիւտ, «յայտարարած» էր, թէ այս ցաւին մեծագոյն յանցաւորները՝ Քիմի ակռաները ըլլալու էին: Ուստի, մէկիկ-մէկիկ քաշել տուած էին: Մարդուն տոկուն ակռաները, ատամնաշարով փոխարինած էին: Բայց, գլխու ցաւը չէր թեթեւցած: Իսկ ուրիշ մասնագէտներ ալ, հիւանդին քիթէն, ականջներէն եւ աչքերէն կասկածելով, գլուխը քանի մը անգամ, եւ տեսակաւոր՝ նկարել տուած էին: Սակայն, այդ անիծեալ ցաւը, իր տեղը անշարժ մնացած էր, յամառ ջորիի նման…:

«Էքս րէյ», «Էմարայ», «սիտի ըսքէն»…եւ տակաւին տեսակաւոր այլ նկարահանումներ՝ ոչ մէկ օգուտ: Բազմատեսակ սրսկումներ՝ թեւերն ու ոտքերը «ծակ-ծակ» ըրած էին: Ու հակառակ այս բոլորին, անիծեալ հիւանդութեան դարմանը չէր գտնուած: Տակաւին, իբրեւ նոր «գիւտ», ներքին գործարաններէն կասկածելով, կարգ մը մասնագէտներ ստամոքսը քննելով՝ «պզտիկ է», «ծոյլ է» յայտարարած էին եւ գլխու այս ցաւի գլխաւոր «յանցանքը» ստամոքսին վրայ նետած էին: Իսկ ուրիշներ ալ, աղիքներուն՝ պատճառաբանելով, թէ շատ «կազով» լեցուն էին: Եւ այսպէս ամէն շաբաթ, մէկ հիւանդանոցէն միւսին փոխադրած էին, ու հին ու նոր դեղերով լեցուցած անոր ստամոքսը ու կարգով, կտոր-կտոր վիրահատած: Այս իսկ պատճառով Քիմը իր ժամանակէն առաջ ծերացած էր: Տեսանելի էր: Ապա, է՛ն  վերջը, խեղճին կինը, մեղմ եւ հազիւ լսելի ձայնով ինծի ըսած էր, թէ մասնագէտներէն մէկը նոյնիսկ «երեւակայական» հիւանդութիւն որակած էր ամուսինին այս վիճակը: Նոյնիսկ իսկ ուրիշ մըն ալ՝ «հոգեկան» որակած էր: Մարդը խենթի տեղ դրած էին: Ուստի, այս անգամ ալ հոգեբուժի ղրկուած էր:

Անկեղծօրէն, տնեցիք չէին գիտեր ա՜լ որո՞ւ դիմէին, որո՞ւ հաւատային, ո՞ր դեղորայքը գործածէին: Շուարած էին ու այսպէս խեղճը իր տան սենեակի չորս պատերէն ներս մնալով, հրաշքի մը սպասող ուխտաւորի նմանած էր: Ամէն օր դիմած էր Ամենակալին: Մեծ յոյսերով տան մէջ մոմեր վառած եւ վառել տուած: Ընտանիքի բոլոր անդամներով՝ ամէն օր աղօթած էին ու բոլորով եւ անհամբեր սպասած էին այն «անծանօթին» որուն անունը նաեւ յոյս ալ էր, եւ որուն գալուստը կ’ուշանար:

Իմ կարգիս շուարած, եւ նոյնքան ալ հոգեպէս ընկճուած, բաժնուեցայ Քիմէն: Տուն չվերադարձայ, այլ՝ սկսայ մէկ փողոցէն միւսը, մտածկոտ ու քիչ մըն ալ յուսահատ քալել, միշտ գլուխս կախ եւ անտրամադիր:

Ի՜նչ բարդ է եղեր մարդակային մեր մարմինը,մտովի կ’ըսէի քալած միջոցիս: Մեծ «գործարան» մը, որուն տէրը միայն մենք էինք: Այլ խօսքով՝ «գործարանատէր» էինք: Ու Աստուած չընէ, եթէ այդ գործարանի մեքենաներէն մէկը – ստամոքս, սիրտ, ուղեղ, երիկամունք, թոք… շարքը շատ երկար է-օր մը խանգարուէր կամ աշխատանքէ դադրէր, արդէն «հապը կ’ըլլած կ’ըլլայինք»: Որովհետեւ, չար սատանայ…այս ձեւով պատճառ պիտի դառնար, որ մենք  հիւանդանայինք եւ կամ նոյնիսկ կորսնցնէինք մեր առողջութիւնը: Ահա մեր Քիմը՝ իբրեւ լաւագոյն օրինակ:

Եւ իրականութիւն է, որ մարդ արարածը, նման մեծ «գործարանատէր» ըլլալով հանդերձ, ինք չի կրնար մուտք գործել իր այդ հսկայ եւ հարուստ հաստատութենէն ներս: Բժիշկներէն զատ, ոչ ո՛ք այդ «ֆաքթըրիին» կրնայ մտնել կամ ստուգել: Իրաւունք չունի: Արգիլուած է: Բժիշկ կոչուած «մեքանիստ»ին տրուած է այդ պաշտօնը: Ան է որ մարդուս ներքին գործիքները նախ կը նկարէ, ապա կը քննէ, կամ կը վիրահատէ, կը կտրէ, եւ կամ կը մաքրէ, կը նորոգէ եւ նոյնիսկ կը թափէ եւ երբեմն ալ դեղահատերով կը փորձէ ներդաշնակ պահել անոնց փոխ յարաբերութիւնները: Այս բոլորը նորութիւններ չեն: Անկասկած:

Անձնապէս կը հաւատամ, որ ամէն մարդ կրնայ ունենալ իրեն յատուկ, զուտ «անձնական» գլխու ցաւը: Նոյնիսկ՝ ամէն երկիր: Թէեւ քաղաքականութեամբ զբաղուող մը չեմ եւ չեմ եղած՝ երբեք, բայց գիտեմ…կը տեսնեմ: Ահա ուրիշ պարզ օրինակ մը.- յատկապէս  այս օրերուն, գլխու մեծ ցաւ է, այս երկրին մէջ «պզտիկ մեծցնելը», նաեւ «հայը հայ պահելը»: Յոգնեցանք նման մատնանշումներ կատարելէ…: Ինչ որ է…: Իսկ ինծի համար ալ, գլխու մեծ ցաւ եղաւ մեր տան տանիքի նորոգումը: Ամիսներով մնացինք ծակ առաստաղի տակ, միշտ աղօթելով որ անձրեւը ուշանայ:

Մէյ մը չորս կողմ նայեցէ՛ք. բոլոր գաղութներուն նման, մեր գաղութն ալ կը տառապի գլխու «ցաւերէ», որոնց դարմանը տակաւին չէ գտնուած, եւ կարծես «գտնող ալ չկայ:  Միւս կողմէ, մեր հայրենիքն ալ տարիներէ ի վեր «գլխու» ցաւերէն կը տառապի: Այդ ալ ուրիշ մեծ ցաւ:

Հապա մեր ժողովո՞ւրդը: Հաւատացէ՛ք…, հայու գլխացաւերը ո՛չ միայն շատ են ու բազմատեսակ, այլ նոյնիսկ՝ անօրինակ: Արդեօ՞ք մենք ալ, ծուլութեան մեր բազմոցներուն վրայ նստած, հրաշքի նման «բանի՞» մը կամ «բաներո՞ւ»  կը սպասենք:

Հապա՞, եթէ օր մըն մըն ալ ազգային մեր գլխու ցաւին վրայ ուրիշ ցաւեր ալ աւելնան, ի՞նչ պիտի ընենք… այս մասին մտածող կա՞յ… ճարը կամ դարմանը գիտցողը կա՞յ…:

 

bedig43@aol.com

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button