ԳլխաւորԽմբագրականՅօդուածներ

ԱՄԵՐԻԿԱ, «ԲԱՐԻ ԳԻՇԵՐ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ»

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Ազգեր կորսնցուցած են իրենց ազատութիւնը, երբ (իբրեւ թէ) կը պատրասուէին զայն պաշտպանելու:  Ու եթէ մենք այս երկրին մէջ այլակարծութիւնը շփոթենք դաւաճանութեան հետ, ուրեմն կը զլանանք սխալելու իրաւունքը»։
Էտուըրտ Մըրօ (Edward Murrow 1908-1965, ամերիկացի հանրածանօթ լրագրող եւ քննադատ)
Այսպիսի արտառոց եւ անճոռնի իրավիճակ կարելի չէ երեւակայել յառաջդիմութեան եւ քաղաքակրթութեան դրօշակակիրը հռչակուած Միացեալ Նահանգներու մէջ: Անհասկնալի, անբացատրելի եւ անշուշտ անմարսելի դէպքեր կը պատահին:
Մօտաւորապէս հինգ ամիսէ ի վեր, խառնաշփոթ վիճակը օրական հերթականութեամբ կը շարունակուի եւ նոր նուաճումներ կ’արձանագրէ: Սպիտակ Տան գերզբաղ բանբերները անընդհատ նոր եւ տարօրինակ որոշումներ կը հրատարակեն, ստորագրուած՝ նախագահին կողմէ: Քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ այլ բազմաթիւ ոլորտներէ ներս նորութիւններ կը հրամցուին, երբեմն այնքան մը հապճեպ եւ թափթփած, որ իսկապէս անվայել է ճանչցուած ու պատմութիւն կերտած՝ իբրեւ կատարելագործ ծանօթ կառոյցին համար: Կառոյց մը՝ որ սկսած է սրարշաւ փուլ գալ եւ որուն վնասը ուղղակի է:
Տնտեսական բնագաւառէն ներս, տուրքերու եւ տուգանքներու սահմանուած փոփոխութիւններն ու բազմիցս կատարուած վերատեսութիւնները կը մնան օդէն կախուած, եւ ստեղծած են այլանդակ, սպասողական վիճակ մը: Վիճակ մը, որ շատ աւելի այլանդակուեցաւ, երբ Թրամփի սերտ խորհրդատու Իլըն Մասքը խզեց իր կապերը եւ հեռացաւ Սպիտակ Տունէն, յետոյ, անցաւ նախագահին եւ վարչակազմին դէմ յարձակումի եւ բացայայտումներու: Վարչակազմէն այլ հեռացողներ եղան, ուրիշներ կարգի կը սպասեն…
Քաղաքական ոլորտէն ներս, քանի մը օր առաջ հրապարակուեցաւ նոր ցանկ մը տասնեակ մը երկիրներու, որոնց քաղաքացիներուն ներկայութիւնը թրամփեան Ամերիկայէն ներս անբաղձալի նկատուցաւ: Ահաւոր կաֆ մըն ալ հոն գործուած էր, երբ Քոնկօ Պրազաւիլի փոխարէն՝ ամերիկեան ներդրումներով եւ նախանիւթերու հանքերով ծանօթ Քոնկօ Քինշասան ցանկին առնուած էր, իբրեւ… անբաղձալի երկիր: Հոս ալ բաւական վլվլուկ յառաջացաւ, մինչեւ որ պատշաճ սրբագրութիւնը կատարուեցաւ:
Ապահովական գետնի վրայ, ապօրինի կերպով երկիր մուտք գործած բազմաթիւ օտարներ հալածուեցան, արգելափակուեցան եւ յատուկ օդանաւերով օր-աւուր կը փոխադրուին երկրէն դուրս: Դժբախտաբար մեծ է թիւը «սխալմամբ ձերբակալուած» անմեղներուն, որոնց ոդիսականը կը մնայ անլուծելի:
 Միացեալ Նահանգները բացառութիւն չեն, որովհետեւ աշխարհը քիչ մը ամէն տեղ վերածուած է անսահման եւ վիթխարի խենթանոցի մը: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն. Հոլիվուտը կը պատրաստուի նշելու յիսնամեակը իր երբեմնի՝ «ոսկի տարիներուն» արտադրուած պատմական ժապաւէնի մը՝ One Flew Over the Cuckoo’s Nest, ծագումով չեխ բեմադրիչ Միլոշ Ֆորմանի գլուխ գործոցին. հոն այլաբանականօրէն կը պատմուի վիճակը տարօրինակ խելագարներ պատսպարող հիւանդանոցի մը: Հիմա, թռչողն ու խելքը թռցուցածը մէկ հոգի կամ քանի մը խելագար չեն, այլ մասսա մը, որուն մէկ յիշատակելի մասը բազմած է… կառավարական բարձրադիր աթոռներու վրայ:
Նոյնինքն Հոլիվուտի մօտակայքն է այս օրերու կիզակէտը: Արդարեւ, մաքսային եւ սահմանային պաշտպանութեան յատուկ խումբեր, ապօրինի ներգաղթողներ հետապնդելու պատճառաբանութեամբ, անցեալ շաբաթավերջի օրերէն սկսեալ, կազմակերպուած կերպով ներխուժումներու արշաւի մը ձեռնարկեցին Լոս Անճելըսի կեդրոնական շրջաններուն մէջ, կատարեցին մեծ թիւով ձերբակալութիւններ, երբեմն առանց թացը չորէն զանազանելու: Սպասելի էր հակադարձութիւնը, յատկապէս տեղւոյն «լաթինօ» բնակիչներուն կողմէ, որոնք բուռն ընդդիմադրութիւն ցոյց տուին, քաղաքի կեդրոնական շրջաններուն մէջ ցոյցի ելան, փողոցներ փակեցին, ինքնաշարժներ այրեցին, խռովութիւններ տարածեցին:
Նախագահ Թրամփ ժամանակ չունէր կորսնցնելիք: Նոյնիսկ տեղւոյն ոստիկանութեան եւ նահանգապետ Կէյվին Նիուսըմի իրաւասութիւններուն վրայէն ցատկելով՝ շտապօրէն գործի լծուեցաւ եւ ազգային պահակագունդէն մեծ գումարտակ մը ղրկեց դէպքին վայրը, շարունակ նշելով, թէ մաքսային եւ սահմանային պաշտպանութեան յատուկ խումբերու ծառայող դիմակաւոր զինուորները խոշտանգուած էին: Եւ ահա, մէկ կողմէ՝ դաշնակցային ու նահանգային իշխանութիւններուն, ու միւս կողմէ՝ դեմոկրատներու եւ հանրապետականներու միջեւ սուր հակամարտութիւնը նոր դրսեւորում գտաւ, կը սպառնայ նոր հատորներ արձանագրել… խելագարութեանց տարեգրութեան մէջ:
Այս սանձարձակ կացութեան եւ անհաւասարակշիռի յատուկ քայլերուն դիմաց, արդեօք ի՞նչ պիտի ըսէր վերը նշուած Էտուըրտ Մըրոն, որ անցեալ դարու յիսունականներուն կրցած էր պատկերասփիւռի իր յայտագիրին ճամբով պայքարիլ ծայրայեղ աջակողմեան ծերակուտական Ճոզէֆ ՄըքՔարթիի դէմ:
Յիշատակելի է եւ մեծ հռչակ սփռած է այն նախադասութիւնը, որ ան խրոխտ ձայնով կը կրկնէր յայտագրի աւարտին. Good night and good luck, այսինքն՝ Բարի գիշեր եւ յաջողութիւն:
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button