Յօդուածներ

Հոգեգալուստ՝ Եկեղեցւոյ Տարեդարձ

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

 

Հոգեգալուստը,  որ նաեւ կը կոչուի Պենտեկոստէ, Քրիստոնէական կրօնի գլխաւոր տօներէն մին է: Այս տօնը եկեղեցւոյ տարեդարձն է: Ըստ Ատուածաշունչ Մատեանի Գործ Առաքելոց գրքին՝ Քրիստոսի եկեղեցին ծնունդ առաւ Երուսաղէմի մէջ Յամի Տեառն 30-ական թուականներուն սկիզբը՝ Եբրայական Պենտէկոստէի տօնին: Յիսուսի աշակերտները եւ հետեւորդներէն ոմանք, թիւով 120 հոգիներ, երբ միասին կ’աղօթէին՝ Սուրբ Հոգին անոնց վրայ իջաւ եւ անոնք սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ եւ արտակարգ եռանդով զԱստուած պաշտել:

Հոն գտնուող ականատեսներ նմանօրինակ բան չէին տեսած եւ ապշած կը դիտէին Քրիստոսի հետեւորդներու այս խումբը: Ոմանք այն եզրակացութեան հանգեցան, որ այս մարդիկ գինովցած են, բայց Յիսուսի աշակերտներէն Պետրոս, զանոնք վստահեցուց, թէ անոնք գինով չէին, այլ Աստուծոյ Ս. Հոգիով լեցուած մարդիկ էին: Առաքեալը յայտնեց, թէ այն ինչ որ կը պատահէր այդ պահուն՝ Հին Ուխտի Յովէլ Մարգարէի կողմէ մարգարէացած իրերու կատարումն էր:

Յովէլ մարգարէ Ս. Հոգիին ներշնչումով հաղորդած էր, որ Ս. Հոգին պիտի թափէր մարդոց վրայ եւ հրաշալի բաներ պիտի պատահէին (Յովէլ 2.28):

Այս պատահարը նաեւ Յիսուսի խոստումին կատարումն էր, որ ըրած էր այդ դէպքէն 10 օրեր առաջ, իր երկինք համբարձման օրը, երբ ան կը հաղորդէր, «Սուրբ Հոգւոյն ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք եւ ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրի ծայրերը» (Գործք. 11.8):

Գործք Առաքելոց գիրքը կը յայտնէ ինչ ազդակներ սատարեցին Հոգեգալուստի դէպքին: Գործք Առաքելոցի հեղինակը, Ղուկաս Առաքեալ կը հաղորդէ, թէ Քրիստոսի հետեւորդները միաբանութեան հոգիով տոգորուած էին:  «Հաւատացեալները ամէն օր միաբանութեամբ տաճար կ’երթային» (Գործք.  2:46): Ապա, հեղինակը կ’աւելցնէ, «Անոնք իրարու հանդէպ եղբայրական սէր ունենալուն համար, իրենց ստացուածքը ծախելով անոր եկամուտը կը բաժնեկցէին» (Գործք. 2.45):

Հուսկ, Քրիստոսի հետեւորդները աղօթքի եւ պաշտամունքի հոգիով լեցուած էին: «Անոնք խոր նուիրումով եւ միասնաբար կ’աղօթէին եւ զԱստուած կը փառաբանէին սրտի ուրախութեամբ եւ անկեղծութեամբ» (Գործք. 2.46):

Իբրեւ հետեւանք եւ որպէս արդիւնք Հոգեգալուստի չնաշխարհիկ դէպքին՝ ծնունդ առաւ Քրիստոսի կենսունակ եկեղեցին: Աւետարանիչ Ղուկաս կը յիշէ իր Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ, թէ Պետրոս Առաքեալ հոգեշունչ պատգամ մը տուաւ, որ իր հզօր ներգործումը ունեցաւ երեք հազար մարդոց կեանքին մէջ՝ հիմը դնելով Քրիստոսի եկեղեցիին (Գործք. 2.42):

Հոգեգալուստէն ետք Յիսուսի աշակերտները եւ նորածին եկեղեցւոյ անդամները Ս. Հոգիին հզօր ազդեցութեան ներքեւ Քրիստոսի անվախ վկաները դարձան: Անոնք դուրս գալով իրենց թաքստոցներէն խիզախաբար քարոզեցին խաչեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսը:

Եկեղեցին ուռճացաւ եւ զօրացաւ, «Տէրը օրէ օր փրկուածները կ’աւելցներ եկեղեցիին» (Գործք. 2.47): Հետզհետէ եկեղեցին օրէ օր առոյգ եւ ուռճացող հաւաքականութիւն մը դարձաւ եւ Երուսաղէմ քաղաքի սահմաններէն անդին անցնելով հասաւ Եւրոպա եւ անդին:

Հոգեգալստեան տօնի մշտանորոգ պատգամը այն է, որ երբ Ս. Հոգին Քրիստոսի հետեւորդներուն, եկեղեցիին կեանքին մէջ ներգործէ աներեւկայելի հրաշքներ կը պատահին, կեանքեր եւ հաւաքականութիւններ կը յեղաշրջուին, Քրիստոսի Եկեղեցին աւելի եւս կը զօրանայ եւ օրհնութեան փառաւոր աղբիւր մը կը դառնայ մարդկութեան:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button