ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան նոր քայլերու դիմեցին՝ քարիւղի եւ բնական կազի մարզերուն մէջ իրենց գործակցութեան յաւելեալ թափ տալու նպատակով։
Թրքական «Փեթրոլիում», ատրպէյճանական «Սոքար» եւ անգլիական Պրիթիշ Փեթրոլիում» ընկերութիւններուն միջեւ կնքուած «Շաֆաք- Ասիման» Արտադրութեան Բաժնեկցութեան Համաձայնագիրը, ըստ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքտարի, գործակցութեան նոր հիմքեր կը հաստատէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եւ կը վերահաստատէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի այն համոզումը, թէ աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումները կ՛ընդգծեն ուժանիւթի մարզին մէջ թուրքեւատրպէյճանական գործակցութեան կարեւորութիւնը։ Էրտողան այս գործակցութեան գործնական նորագոյն թարգմանութիւնը համարած է Իգտիր- Նախիջեւան կազատարին գործարկումը։
*
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր բացայայտեց, որ Անգարայի իշխանութիւնները քայլերու կը դիմէ՝ բարձրացնելու համար Սուրիոյ պաշտպանական կարողութիւնները, զինուորական համագործակցութեան միջոցով։ Ան յայտարարեց, որ թուրք զինուորականներ խորհրդատուական բնոյթի օժանդակութիւն կը հայթայթեն եւ զինուորական մարզումներ կը կազմակերպեն սուրիական կառավարական ուժերուն համար։
Անգարա Դամասկոսի մէջ հաստատած է զինուորական պատուիրակութիւն մը, որ մնայուն քննարկումներ կը կատարէ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ Ապու Քասրայի հետ՝ թրքական զինուորական օժանդակութիւններուն եւ ապահովական խնդիրներու շուրջ։
*
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ, քննարկելով Թուրքիա – Իրան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրավիճակներն ու զարգացումները։
Էրտողան նշած է, որ ապագային պիտի շարունակեն գործել՝ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդող քայլեր առնելով։
*
Թրքական ոստիկանութիւնը ընդդիմադիր հինգ քաղաքապետեր ձերբակալեց եւ բերման ենթարկեց ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան (CHP) 17 ներկայացուցիչներ, որոնց նկատմամբ փտածութեան մեղադրանքներ գոյութիւն ունին։
Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ընդդիմադիր բանտարկուած քաղաքապետերուն թիւը հասած է 9-ի։ Անոնց շարքին կը գտնուի Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու, որ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի գլխաւոր մրցակիցն է՝ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին։
*
Թուրքիոյ պաշտպանական համակարգը եւ ճարտարարուեստը ընթացիկ տարուան առաջին վեց ամիսներուն տուեալներուն համաձայն տարեկան 28.9 առ հարիւրի աճ մը արձանագրած է արտածումներու մարզին մէջ՝ հասնելով 2.98 միլիառ տոլարի։
Պաշտպանական Ճարտարարուեստի Նախագահութեան ղեկավար Հալուք Կէօրկիւն յայտնեց, որ թրքական արտադրութիւններուն որակը աստիճանական զարգացում կ՛ապրի՝ աւելցնելով, որ թրքական ընկերութիւնները ներկայիս կրնան իրենց արտադրութիւնները արտածել աշխարհի տարածքին։ Ան դիտել տուաւ,որ թրքական պաշտպանական համակարգին մէջ գործող ընկերութիւններուն արտածումները 2002ին տարեկան 248 միլիոն տոլար էին, իսկ անցեալ տարի անոնք հասած են 7.2 միլիառ տոլարի։
Թուրքիա պաշտպանական ճարտարարուեստի մարզին մէջ աշխարհի տասմէկերորդ արտածող երկիրն է։ Թրքական արտածումներուն 75 առ հարիւրը կը գործածուի ՆԱԹՕի երկիրներուն կողմէ։
*
Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Մեհմէտ Շիմշէք հաղորդեց, որ Անգարա եւ Լիւքսէմպուրկ համաձայնած են՝ ստեղծելու Ելեւմտական Ռազմավարական Աշխատանքի խումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ համագործակցութեան ուղիներ եւ մարզեր բացայայտել՝ երրորդ երկիրներու մէջ։
Շիմշէք նշեց, որ Լիւքսէմպուրկ Թուրքիոյ ելեւմտական գործակիցն է, որուն հետ տնտեսական համագործակցութեան կապերը եւ յարաբերութիւնները պիտի զարգանան՝ թուային նորարարութիւններու, Ելեւմուտքի, արտադրութիւններու եւ այլ բնագաւառներու մէջ։
*
Թուրքեր, որոնք կը մերժուին Շենկենեան անցագրերու դիմումներու պարագային, այժմ կը դիմագրաւեն համացանցային ինքնագործ կայքէջերու խնդիրը, երբ կը պատրաստուին տարբեր հիւպատոսարաններ դիմելու՝ վիզա ձեռք ձգելու համար։
Ինքնագործ այս կայքէջերը կը խոստանան վիզայի հարցազրոյցներու ժամադրութիւն ապահովել։ Սակայն խնդիրը այն է, որ այնքան կը խճողեն համացանցային երթեւեկութիւնը, որ շատ յաճախ անկարելի կ՛ըլլայ իսկական ժամադրութիւն ապահովել՝ վիզաներու դիմումները անկարելի դարձնելով։
Այս կացութեան մէջ որոշ բարելաւում արձանագրելու նպատակով՝ “Վի. Էֆ. Էս. Կլոպըլ” հարթակը դիմած է որոշ քայլերու, որպէսզի դիւրացնէ թրքահպատակներու վիզա ձեռք ձգելու հոլովոյթը։ Այս հարթակին միջոցով է, որ տարբեր պետութիւններու Թուրքիոյ մէջ գործող հիւպատոսարաններ վիզայի տրամադրման աշխատանքները կը համակարգեն։
Գոյութիւն ունի նաեւ վիզա «ապահովող» միջնորդներու խնդիրը, որ խարդախութիւններու զոհերու կը վերածէ թուրքերը։ Ոմանք մինչեւ 5 հազար եւրօ կը պահանջեն, սակայն ի վերջոյ ի յայտ կու գայ, որ ենթական գործ ունի զեղծարարներու հետ։