ՔԸՆԷԹԻՔԸԹ․- Հ․Օ․Մ․-ի Նորաստեղծ «Վան» մասնաճիւղ
ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆ (Քընէթիքըթ) ․- Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ շրջանէն ներս, հիմնուած է 36-րդ մասնաճիւղը, Քընէթիքըթ նահանգին մէջ։
Արդարեւ, Շաբաթ, Մայիս 18-ին, Նիւ Պրիթընի Սուրբ Ստեփանոս հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, ծուխի հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ նոր հոգեւոր հովիւ՝ Արքեպիսկոպոս Խորէն Տօղրամաճեանին պաշտօնական ողջոյն արարողութեան ընթացքին, յայտարարուեցաւ, թէ Հ․Օ․Մ․-ի Նորաստեղծ «Վան» մասնաճիւղը պիտի գործէ շրջանէն ներս։
Ձեռնարկը կայացաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ Մարկըրէթ (Մարգրիտ) Պապիկեանի ներկայութեամբ։ Կատարուեցաւ երդման արարողութիւն եւ ապա խօսք առնելով, Պապիկեան ըսաւ․- «Այսպէս նոր մասնաճիւղով մը օժտուեկով, մենք կը զօրացնենք Հ․Օ․Մ․-ի առաքելութիւնը, որուն նպատակն է ծառայել մեր ժողովուրդին։ Այս նորաստեղծ մասնաճիւղը անվարան պիտի հարստացնէ մեր գործունէութիւնը Քընէթիքըթի մէջ եւ խոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ գաղութէն ներս», ըսաւ Պապիկեան։
Այսպէս, «Վան» մասնաճիւղը կը դառնայ Քընէթիքըթի երրորդ մասնաճիւղը նահանգին մէջ՝ միանալով Ֆէրֆիլտի «Սուզան Թերզեան եւ Հարթֆըրտի «Հաւատք» մասնաճիւղերուն։
Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շնորհաւորէ «Վան» մասնաճիւղի հիմնադիր անդամները եւ կը յայտնէ իր երախտագիտութիւնը Նիւ Պրիթընի տեղւոյն համայնքին՝ անսասան նուիրումին եւ աջակցութեան համար։
Պատմական է «Վան» անունը։ Վան, որ կը գտնուի պատմական Արեւմտեան Հայաստան, ժամանակին կենսունակ մշակութային, քաղաքական եւ հոգեւոր կեդրոն մըն էր հայերուն համար։ Ուրարտուի հին թագաւորութեան կեդրոն՝ Վանը՝ յետագային դարձաւ աշխոյժ հայաբնակ քաղաք մը, որ 1915 թուականին հերոսամարտով դարձաւ հայ կամաւորութեան եւ տոկունութեան խորհրդանիշ։