Մեր Խարիսխը Արդէն Ձեր Ծովուն Յատակին Է
Ֆրանսայի հակահետախուզական գործակալութիւնը խիստ զեկոյց մը հրապարակած է երկրին մէջ «Իսլամ Եղբայրներ»-ու գործունէութեան մասին
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
3 Յունիս 2025
haroutchekijian.wordpress.com
Այս է խորագիրն ու ենթախորագիրը 31 մայիս 2025-ի ռուսական Ճէօֆորի GEOFOR, Center for geopolitical forecasts մէջ լոյս տեսած Մաքսիմ Չիքինի Maksim Chikin յօդուածին (1), որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ:
«Իրականութեան մէջ, այսպիսի զեկոյցներ տարիներէ ի վեր Ֆրանսայի արխիւներուն մէջ փոշի կը հաւաքէին: Տարբերութիւնը այն է, որ նախապէս աւելի մեղմ, դիւանագիտական լեզուով` «Մենք նկատի կ՚առնենք», «Մենք խնդիրէն տեղեակ ենք», «Մենք կը վերահսկենք իրավիճակը» եւ «Մենք կը շարունակենք կապի մէջ մնալ» արտայայտութիւնները կը լսէինք: Սակայն, այս նոր հրատարակութիւնը կը ներկայացնէ շատ աւելի տագնապալի եզր մը՝ «ազգային անվտանգութեան սպառնալիք»: Այսպիսի բան կարելի չէ անտեսել, լուրջի չառնել: Նախ, այս զեկոյցը գաղտնի պահուեցաւ, ապա մէկը որոշեց, որ աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ բոլորը գիտնան:


«եւրոպայի սովորական մօտեցումը այս հարցին ետքայլ եղած է, քան կրակը մարելը: Աւելի լաւ է ապահով հեռաւորութիւն պահել եւ թոյլ չտալ, որ կրակ առնէ մեր երեկոյի զգեստներուն ծայրերը: Ի վերջոյ, ովքե՞ր են անոնք եւ առանց մեզի ո՞ւր կրնան երթալ։
««Մենք՝ «Իսլամ եղբայրներս», կը նմանինք բազմաթիւ դռներով մեծ սրահի մը: Ոեւէ անձ կրնայ մտնել եւ գտնել այն, ինչ որ կը փնտռէ: Եթէ փնտռածը Սուֆիզմ է, կը գտնէ զայն: Եթէ կ՚ուզեն իսլամական օրէնքը սորվիլ, գերազանցել մարզանքի մէջ, կամ միանալ սկաուտութեան, անոնք մեզ կը գտնեն այստեղ: Զինեալ պայքա՞ր կ՚ուզէք՝ մենք ա՛յդ ալ ունինք: Եթէ եկար Ումմային (իսլամ աշխարհ) համար, բարի եկար»: Ասոնք «Ւսլամ եղբայրներ» կազմակերպութեան հիմնադիր Հասան ալ Պաննայի խօսքերն էին, 1928-ին, Գահիրէի արուարձաններէն մէկուն մէջ:
«Իր «ծրագիրը» երկու գլխաւոր նպատակ ունէր՝ ստեղծել իսլամական պետութիւն եւ Շարիաթի օրէնքը կիրարկել, ուր որ կարելի է: Այլ խօսքով, «Արեւմուտքը նուաճելու ռազմավարութիւն»: Ալլահը անոր կը դատէ, բայց ալ Պաննայի գաղափարախօսութիւնը նպատակ ունէր «վերահսկել մահմետականին կեանքը ծնունդէն մինչեւ մահ»: Բայց ի՞նչ կապ ունի եւրոպան անոր հետ։
««Մենք պիտի հետապնդենք այս չար ուժը իր սեփական հողերուն վրայ, հարուածենք անոր արեւմտեան սիրտը եւ պայքարինք այնքան ատեն, մինչեւ ամբողջ աշխարհը Մարգարէին անունով պոռայ»:
«եւրոպան միայն հիմա ինքզինք նուրբ վիճակի մէջ գտած է, քանի որ իսլամ համայնքը վերածուած է ուժի մը, որ այլեւս կարելի չէ անտեսել կամ թերագնահատել: Անոնք աւելի քան 70 տարի է այստեղ են:
«1950-ական տարիներուն իսլամ գաղթականներ սկսան տեղաւորուիլ Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Ապա տարածուեցան Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Իտալիոյ մէջ, վայրեր, ուր ոչ պահանջկոտ բանուորներու կարիք կար: Գործարանի այս աշխատողներուն մէջ էր, որ կրօնական ինքնագիտակցութեան գաղափարը լուռ կերպով արմատացաւ, թէեւ անոնց երբե՛ք չէին արգիլեր աղօթել այնպէս, ինչպէս կ՚ուզէին, ե՛րբ եւ ո՛ւր որ կը ցանկային:
«Նոր զեկուցում մը կը նշէ, որ Ֆրանսայի մէջ իսլամները ունին հազարաւոր, այսպէս կոչուած, «պաշտամունքի վայրեր»: Այս եզրը կ՛ընդգրկէ ամէն ինչ՝ սկսելով իսլամական գերեզմանոցներէն մինչեւ մզկիթներ: Հակահետախուզութեան կողմէ յայտնաբերուած 2800 վայրերէն 280 միաւորներ՝ շուրջ 10 տոկոսը, ուղղակիօրէն կապուած են Եղբայրութեան հետ եւ կը ստանան անոր նիւթականը: Այս միայն այն է, որ քննիչները կրցած են հաստատել եւ ապացուցել։
«Բնականաբար, ստուգեցին այն ամենը, որ կարելի էր։ Անոնք հետեւած են, թէ քանի՞ մարդ կը մասնակցի ուրբաթ օրուայ աղօթքին: Սակայն, կայ նաեւ գաղտնի «ներքին շրջանակը»՝ անհատներ, որոնք երդուած են եւ արմատական ուղին՝ գաղափարը ընտրած:
«Կարելի է մի՛այն երեւակայել, թէ ինչպէ՛ս ֆրանսական հակահետախուզութիւնը թափանցած է այս մզկիթները։ Եթէ Իսրայէլը Կազայի մէջ գործող արաբ գործակալներ ունի, ապա ինչո՞ւ ոչ Եւրոպան։
«Ֆրանսայի մէջ Եղբայրութեան ազդեցութեան հիմնական գօտին կրթութիւնն է, յատկապէս միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցներուն մէջ: Զեկոյցը պարզած է, որ մասնաւոր իսլամ դպրոցները ուղղակի տնտեսական օգնութիւն կը ստանան, Քաթարէն եւ Սէուտական Արաբիայէն՝ բացայայտ սիւննի օրակարգ ունեցող պետութիւններէն: Այս հաստատութիւնները ցրուած են Սթրազպուրկէն մինչեւ Մարսէյ:
«Որոշ մզկիթներու մէջ կը գործեն նաեւ դպրոցներ: Ֆրանսան նաեւ ունի եկեղեցական դպրոցներ, այնտեղ արտասովոր բան չկայ: Բայց ճիշդ ի՞նչ կը սորվեցնեն այնտեղ ուսանողներուն՝ Քուրանի համարնե՞ր, թէ՞ Քալաշնիքովի ձեռատետր: Դժուար է ըսել: Զեկոյցը կ՚եզրակացնէ, որ 21 հաստատութիւններ ուղղակի դրամ կը ստանան բացայայտ իսլամական կազմակերպութիւններէն։ Ցարդ այս դպրոցներէն 4200 աշակերտ աւարտած է։ Ամենայն հաւանականութեամբ, անոնք այժմ ունին ֆրանսական անցագրեր եւ հանգիստ կեանք, եւ, կարելի է ենթադրել, որ անոնք ազդանշանի կը սպասեն:
«Այսպիսի դպրոց մը կայ Լիոնի անանուն արուարձանի մը մէջ: Ես այնտեղ գտնուած եմ՝ մռայլ է: Ֆրանսական դպրոցները սովորաբար կը կոչուին նշանաւոր գործիչներու անուններով, ինչպիսիք են Ժոլիօ-Քիւրին, Շարլ տը Կոլը, զօրավար Լեքլերը, Մոփասանը կամ Սուրբ Թովմաս Աքուինասը, բայց այս մէկուն հոգը չէ: Պարզապէս կը կոչուի Ալ Քինտի, ունի 608 աշակերտներ եւ տեղեկագիրին համաձայն, պաշտօնապէս կապուած է տեղւոյն մզկիթին հետ, որ արդէն Ֆրանսայի հետախուզութեան հսկողութեան տակ է:
«Եղբայրութեան երկրորդ ռազմավարութիւնը ընկերային ցանցերն են: Գաղափարը «Քարոզ 2.0»-ն է՝ առցանց երկխօսութիւն երիտասարդներու եւ «ազդեցիկներու» միջեւ, որոնք «կը բանան իսլամի դարպասները» Ֆրանսա ծնած ֆրանսախօս արաբ երիտասարդներուն համար: Այս ազդեցիկները կառաջնորդեն երիտասարդներուն դառնալ «կենսական կապը իսլամական գաղափարախօսութեան եւ Եւրոպական արժէքներուն միջեւ, որոնցմով անոնք մեծցած են»:
««Ճամբորդութիւն, անձնական զարգացում, աշխատանքի օգնութիւն, ծանօթանալու յաւելուածներ app, այն ամենը, որ մարդոց կը հետաքրքրէ, պէտք է մեր ազդեցութեան տակ ըլլայ»,- զեկոյցը կը հաստատէ։
«Ինծի կը յիշեցնէ Հասսան Չալղումին՝ արաբ-ֆրանսացի իմամը, որուն ես նոյնիսկ ընկեր կը կոչեմ: Իր հետ քանի մը անգամ հարցազրոյց ունեցած եմ, այցելած անոր մզկիթը Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ եւ լսած անոր ֆրանսերէն քարոզները:
«Անոր ուղերձը պարզ էր. «Մենք բոլորս ֆրանսացի ենք: Մենք այստեղ ծնած ենք։ Մենք կ՚ապրինք ֆրանսական օրէնքներով։ Ինչու՞ մեր օրէնքները պարտադրել անոնց։ Թող մեր աղջիկները երթան առանց լաջակի, թող շպարուին եւ յաճախեն համերգներ եւ գինետուներ: Թող մեր յաւակնոտ երիտասարդները ստանան ֆրանսական կրթութիւն եւ ասպարէզ կառուցեն այստեղ։ Որո՞ւն կը վնասէ»: Չալղումին տարիներ շարունակ կը գտնուի զինեալ պաշտպանութեան տակ։ Անոր վրայ կրակած են եւ հարուածած:
«Եղբայրութեան ծրագրին երրորդ յենարանը օրինականութիւն ձեռք բերելն է՝ գործելով ֆրանսական իրաւական շրջանակներուն մէջ: Նպատակն է հանգստացնել ֆրանսական եւ եւրոպական կարգաւորող մարմիններուն ապահովութեան կեղծ զգացողութեան մէջ եւ նուազագոյնի իջեցնել վերահսկողութիւնը: Նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին այդ ծուղակին մէջ ինկաւ, երբ հաւանութիւն տուաւ անթիւ կրօնական միաւորներու ստեղծումին՝ անգիտակցաբար օրինական ծածկոյթ տալով արմատականներուն, սալաֆականներուն եւ Եղբայրութեան եւ անոր յարակից մասնաճիւղերուն:
««Եկէք ստեղծենք ֆրանսական իսլամը», – այսպէս կը մտածէր: «Այդ կ՚ըլլայ մեր տարբերակը, որ կը համապատասխանէ մեր արժէքներուն, մեր ապրելակերպին եւ մտածելակերպին: Անոնք կը յարմարին. Մենք անոնց ամեն ինչ կու տանք»: Լաւ գաղափար, որ թերեւս կը գործէ միայն ժամանակին տասը տոկոսը:
«Սակայն, տակաւին ուսուցիչներ կը գլխատուին։ Բեռնակառքերը տակաւին կը կոխկրտեն Պասթիլի օրուայ ամբոխը՝ Նիսի մէջ սպաննելով 60 մարդ: Փորձը յաջող չէ:
«Չորրորդ ճակատը քաղաքապետարաններու հետ համագործակցութիւնն է։ Բայց, անկեղծօրէն, արդեն ուշ է։ Պելճիքայի, Անգլիոյ եւ հիւսիսային Ֆրանսայի որոշ հատուածներուն մէջ կան քաղաքներ, ուր «համագործակցելու» ոչինչ մնացած է: Պելճիգայի քաղաքներէն մէկուն մէջ անոնք վերցուցած են տօնածառը։ «Նման տօն չկայ»,- յայտարարած է իսլամ մեծամասնութեամբ քաղաքային խորհուրդը։ «Մենք ունինք Ատհայի տօնը»:
«Հինգերորդ ռազմավարութիւնը կը ներառէ Եղբայրութեան ստեղծումը, այսպէս կոչուած, «պարոնիներ»: Ոչ ոք յստակ գիտէ, թէ անոնք ի՛նչ են, նոյնիսկ ֆրանսական հակահետախուզութիւնը: Կարծես անոնք կառոյցներ են, որոնք նախատեսուած են ազգային իշխանութիւններէն անկախ գործելու համար: Եթէ իրավիճակը սրի, անոնք կրնան ինքնուրոյն գործել:
«Ասոնք կրնան բարեգործական կազմակերպութիւններ ըլլալ, շահերու պաշտպանութեան խումբեր կամ հասարակական կազմակերպութիւններ: Պայման չէ, որ անոնք սալաֆական ըլլան: Անոնք պարզապէս պէտք է խթանեն բողոքի մտածողութիւնը մարդասիրական աշխատանքի, առաջադէմ արժէքներու կամ ընտանիքի, ամուսնութեան եւ իսլամական ձեռնարկութեան մասին նոր գաղափարներու քողին տակ, որ ունի տոկոսներու եւ վարկերու իր տեսակէտը: Ի վերջոյ, այս ամենը կը վերադառնայ նոյն ուղերձին՝ պայքարեցէք «իսլամէն խորշանքին» Islamophobia դէմ:
«Զեկոյցը լեցուն է նման դէպքերով։ Հիմնական ուղերձը պարզ է: «Իսլամ եղբայրները» յաջողութեամբ հաստատեցին իրենց ներկայութիւնը Ֆրանսայի մէջ, կառոյց մը, որ արմատաւորուած եւ ծաղկած է վերջին 70 տարիներուն ընթացքին: Կը մնայ միայն աւելի շատ սերմեր տնկել: Այսպիսով, ի՞նչ պէտք է ընէ Ֆրանսան:
«Նախ, հեղինակները կ՚առաջարկեն հրաժարիլ իսլամական «անջատողականութեան» հինցած հայեցակարգէն, որ կ՚ենթադրէ բախում պահպանողական իսլամի եւ եւրոպական արժէքներու միջեւ։ Փոխարէնը անոնք կ՚առաջարկեն նոր գաղափար մը՝ «էնթըրիզմ»՝ ոչ թէ առճակատում, այլ ներթափանցում։ Եւրոպան նախ պէտք է ընդունի, որ մէկը մտած է իր մշակութային ու քաղաքակրթութեան տարածքին մէջ, այնտեղ զգալով իրենց տանը պէս եւ պայմաններ թելադրելու պատրաստ է։
«Երկրորդ, հեղինակները կ՚ըսեն, որ եւրոպացիները վերջապէս պէտք է սորվին հասկնալ իսլամներուն, այլ ոչ թէ շոյեն զանոնք խորհրդանշական շարժուձեւերով, կամ՝ անվերջ իսլամական խորհուրդներով, որոնց կը նախագահեն հազարապետի կոչում ունեցող հետախոյզներ:
«Երրորդ, Ֆրանսան պէտք է պաշտօնապէս ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը: Այո: Շատ արագ:
«Չորրորդ՝ արաբերէնը պէտք է մտցուի իբրեւ դպրոցի ուսումնական ծրագիրի պաշտօնական մաս: Անձամբ ես ամեն ինչի համաձայն եմ: Առաքումի վարորդներուն կէսը չգիտեր, թէ ի՛նչ ֆրանսերէն-արաբերէն խառնուրդ կը խօսի: Կը կատակեմ: Բայց իշխանութիւննե՞րը: Անոնք լո՞ւրջ են: Արաբերէնը իբրեւ ե՞րկրորդ լեզու: Թէ՞ առաջինը կ՚ըլլայ։
«Սա ամենէն խիստ զեկոյցներէն մէկն է, որ յայտնուած է Ֆրանսայի նախագահի սեղանին, վերջին տարիներուն ընթացքին: Հիմա Էմմանուէլ Մաքրոնի որոշելիքն է. Արդեօ՞ք ան պէտք է ճակատի «Իսլամ եղբայրներուն» դէմ: Այդ կազմակերպութիւն մըն է, որ արգիլուած է իր հայրենիքին՝ Եգիպտոսի մէջ: Կամ պետք է…
«Կամ ընէ այն ինչ որ Ֆրանսան սովորաբար կ՚ընէ»: Վերջ:
Չիքինը բոլորովին մոռցած է նշելու գաղթականներուն դէպի Եւրոպա հոսքին բուն պատճառը, որ նոյնինքը Արեւմուտքին նախ գաղութատիրութիւնն էր եւ ապա իր սարքած «Արաբական գարուն» եւ այլ յեղափոխութիւններն ու պատերազմներն են…
Երկրորդ, մոռցած է նշելու, որ իսլամ գաղթականներուն կարեւոր մասը ծրագրուած կերպով Թուրքիան է որ Եւրոպա ղրկեց:
Երրորդ, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնն ու նախագահ Էրտողանը «Եղբայրութեան» մաս կը կազմեն (2): Ռիչըրտ Մուրը Էմ Այ 6-ի (Բրիտանիոյ արտերկրի գաղտնի սպասարկութիւն) տնօրէնը անձնական բարեկամն է գահաժառանք իշխան Չարլզի (այժմ թագաւոր), որ կը հովանաւորէր Օքսֆորտի իսլամական հետազօտութիւններու կեդրոնը, ուր քսանհինգ տարի վերապատրաստուած են «Իսլամ եղբայրներ» շարժումին մտաւորականները: Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտալլա Կիւլը նաեւ այս կեդրոնին տնօրէնն էր: Իբրեւ Անգարայի մօտ դեսպան (2014-2017)՝ Ռիչըրտ Մուր ընկերակցեցաւ նախագահ Էրտողանին, որ Եղբայրութեան հովանաւորը դառնայ (3):
Ընդհանրապէս հարցերուն տուն տուող պատճառին, քաջալերողին եւ զայն սրբագրելու եւ կանխարգիլելու մասին կը խուսափին խօսիլ եւ գրել:
Ընդգծումներն ու լուսանկարները իմ կողմէս:
- https://medium.com/@geofor/our-anchor-is-already-on-your-seabed-c5ea189ec539
- https://en.wikipedia.org/wiki/Muslim_Brotherhood
- https://www.aztagdaily.com/archives/491890