Յունիս 2-ին, Գորիսի մէջ բացումը կատարուեցաւ Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսական գրասենեակին: Պատուոյ հիւպատոսը ազգութեամբ հայ Կարմէն Ափունցն է, որ Գորիսի Ֆրանսախօսութեան կեդրոնի տնօրէնն է: Այս առթիւ Գորիս ժամանած էր, նաեւ դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին, որ բազմիցս այցելած է Սիւնիքի մարզ եւ յայտարարած, թէ․- «Սիւնիքը Հայաստանի տարածքի անբաժան մասն է: Անոր բնակիչները իրաւունք ունին խաղաղ, առանց անհանգստութեան եւ սպառնալիքներու ապրելու»:
Անցեալ շաբաթ Երեւան ժամանած Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պառօ յայտնած էր, որ Ֆրանսա, Գորիսի մէջ պիտի բանայ հիւպատոսական գործակալութիւն մը: